Այսօր`
Բացման Հանդիսութիւնը
Արցախի մէջ տեղի ունենալիք չճանչցուած երկիրներու Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան (ՔՈՆԻՖԱ) կազմակերպիչ յանձնախումբը հրապարակեց մրցաշարքին յայտագիրը:
Ութ խումբերը բաժնուած են երկու խմբակի:
Այսօր` շաբաթ, 1 յունիսին, տեղի կ՛ունենայ բացման հանդիսութիւնը, իսկ վաղը` կիրակի, 2 յունիսին, առաջին հանգրուանի մրցումները:
Խմբային հանգրուանը կ՛աւարտի 4 յունիսին, իսկ երկու օր ետք նախատեսուած են կիսաւարտականի մրցումները: Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 9 յունիսին:
Արցախի հաւաքականին մրցակիցները Ա. խմբակին մէջ, պիտի ըլլան Աբխազիա, Չամերիա (հիւսիս-արեւմտեան Յունաստանի շրջան, ալպանացի չամեր), Սափմի (Լափլանտիա` Նորվեկիոյ, Շուէտի, Ֆինլանտայի հիւսիսային շրջան):
Բ. խմբակին մէջ, Արեւմտեան Հայաստանի հաւաքականը կը մրցի Փատանիայի (հիւսիսային Իտալիա), Շեքելիլենտի (Ռումանիոյ կեդրոնական բաժինին մէջ բնակող հունգարացիներ) եւ հարաւային Օսեթիոյ դէմ:
Նշուեցաւ, որ բոլոր մրցումներուն մուտքը անվճար է:
Արեւմտեան Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Յարութիւն Վարդանեանի կողմէ նկատի առնուած մարզիկները հետեւեալներն են.
ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Գէորգ Գասպարով, Խաչիկ Յովսէփեան:
ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Հրայր Մկոյեան, Ֆապրիս Կուզել, Րաֆֆի Քայա, Ռաֆայէլ Սաֆարեան, Արգիշտի Պետրոսեան, Վարդան Արզոյեան, Արտեոմ Միքայէլեան, Աղուան Դաւոյեան:
ՄԻՋՆԱՊԱՀՆԵՐ.- Դաւիթ Ազին, Հրանդ Եաքան, Ղուկաս Պօղոսեան, Դաւիթ Մինասեան, Արմէն Դերձեան, Արթուր Եդիգարեան, Արման Ասլանեան, Բենիկ Յովհաննիսեան, Դաւիթ Մանոյեան:
ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐ.- Վարդան Բակալեան, Զաւէն Բադոյեան, Դաւիթ Յովսէփեան, Գէորգ Նռանեան: