Հայկական լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ 1-9 յունիսին Արցախ կը հիւրընկալէ ՔՈՆԻՖԱ – Եւրոպայի 2019-ի բաժակի մրցաշարքը:
Առաջին դիրքին եւ տիտղոսին համար կը պայքարին 12 խումբեր, որոնք կը ներկայացնեն Արցախի, Աբխազիոյ, Սեքեյի Լանտի, Նիսի Կոմսութեան, Տոնեցքի, Սափմիի, Արեւմտեան Հայաստանի, Խամերիայի, Լուկանսքի, Սարտինիոյ, Հարաւային Օսեթիոյ, Պատանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնները:
ՔՈՆԻՖԱ-ն անկախ ֆութպոլի ֆետերասիոններու կազմակերպութիւնը, ՖԻՖԱ-ին մէջ նկատի չառնուած ֆութպոլի, ֆութսալի եւ պիչ-ֆութպոլի ֆետերասիոնները կառավարող մարմինն է, որ հիմնուած է 2013-ին:
Կազմակերպութիւնը իր մէջ կը համախմբէ 54 ֆետերասիոններ եւ համապատասխանաբար 54 հաւաքական խումբեր:
2014-էն ի վեր «ՔՈՆԻՖԱ»-ի հովանիին ներքեւ սկսած են կազմակերպուիլ աշխարհի եւ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւններ: