Սան Փաուլոյի մէջ (Պրազիլ) տեղի ունեցած Ինթել – Թաուպիթ ֆութսալի մրցումի ընթացքին արձանագրուեցաւ դժբախտ պատահար մը:
Օրուան պրազիլցի իրաւարարը` Իսիլտօ Ֆապիանօ Պիանքի, սրտի կաթուած մը ունենալով, մահացաւ:
Կազմակերպիչները որոշեցին մրցումը չշարունակել:
44 տարեկան իրաւարարը իր ուշքը կորսնցուց եւ գետին ինկաւ մրցումին սկսելէն երկու վայրկեան ետք միայն:
Ան մահացաւ հիւանդանոց փոխադրուելու ճամբուն վրայ:
Ֆապիանօ կը նկատուի Պրազիլի լաւագոյն իրաւարարներէն մէկը: Ան ունի 8 զաւակ: