Արթուր Պետրոսեան պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ կը ներկայացնէ իր հրաժարականը` Վանաձորի Լոռիի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն: Հրաժարականի դիմումը արդէն իսկ ընդունուեցաւ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ:
Գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատար նշանակուեցաւ Վահէ Գէորգեան, որ Պետրոսեանի օգնականներէն մէկն էր:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչը Լոռին կը գլխաւորէր 25 դեկտեմբեր 2018-էն ի վեր: