Ինչպէս ծանօթ է, երկու խումբեր` Պէյրութ եւ Սքուատրա, ապահովեցին Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը, կիսաւարտականին յաջորդաբար յաղթելէ ետք ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի:
Անոնց միջեւ աւարտականի առաջին մրցումը տեղի կ՛ունենայ այսօր` ուրբաթ, 10 մայիսին, երեկոյեան ժամը 21:30-ին, Սաժես Այն Սաատէի դաշտին վրայ:
Երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 12 մայիսին, երեկոյեան ժամը 21:30-ին, Հուփսի դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբան):
Իսկ երրորդ մրցումը (եթէ կարիքը զգացուի) տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 14 մայիսին, միեւնոյն ժամուն, Սաժես Այն Սաատէի դաշտին վրայ:
Երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Բ. դասակարգի ախոյեան: