Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Կ՛ուղղուի Իշխանութեան Պետերուն, Նախարարներուն Եւ Երեսփոխաններուն Ամսական Աշխատավարձի Յաւելավճարները 50 Առ Հարիւրով Նուազեցնելու

Մայիս 8, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց 2019-ի պետական ամավարկը վաւերացնելու իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, թէ ամավարկի քննարկումը գրեթէ աւարտած է` աւելցնելով, որ քննարկումի առարկայ պիտի դառնան ամավարկի օրինական բաժիններն ու թիւերը:

Ժարրահ շեշտեց, որ հարցերուն քննարկումը ճիշդ ձեւով եւ կատարեալ լրջութեամբ կ՛ընթանայ:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը կ՛ուղղուի իշխանութեան պետերուն, նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն ամսական աշխատավարձի յաւելավճարները 50 առ հարիւրով նուազեցնելու, «սակայն այդ կէտին վերջնական վաւերացումը յետաձգուած է վաղուան նիստին», ըսաւ ան:

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին բարեկարգումի վերաբերող կէտերուն քննարկումը աւարտած է, իսկ պետական ամավարկին մէջ նշուած հանգստեան կոչուած բանակայիններուն հատուցման աշխատավարձերուն վերաբերող կէտը ջնջուած է: Ան նշեց, որ այս իմաստով ելեւմուտքի նախարարը այլընտրանքներ պիտի առաջադրէ:

Իսկ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ կառավարութիւնը 2019-ի պետական ամավարկը մինչեւ յառաջիկայ ուրբաթ, 10 մայիս վաւերացուցած պիտի ըլլայ:

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ վարչապետարանէն մեկնումի պահուն յայտնեց, որ պետական ամավարկին կապակցութեամբ տակաւին ամէնէն բուռն քննարկումներուն չեն հասած:

Նշենք, որ կառավարութիւնը պետական ամավարկի նիստ մը գումարած էր նաեւ նախանցեալ օր, որմէ ետք հաստատած էր, որ մշակած է պետական գանձարկղի նիւթական բացը կրճատելու յստակ ծրագիր, կասեցուցած է մսխումի վերաբերող հարցեր եւ աշխուժացուցած է երկրին տնտեսութիւնը:

Ան հաստատեց նաեւ, որ կառավարութիւնը նախանձախնդիր է Կեդրոնական դրամատան անկախութեան:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Նահատակաց Տօնը Քայլ Առ Քայլ Կը Վերադառնայ Պետութեան Կողմէ Պաշտօնապէս Նշուելու Աւանդութեան

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութեան Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?