Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցող աշխարհի վարժարաններու ֆութպոլի ախոյեանութեան երրորդ մրցումին Դ. խմբակին մաս կազմող Լիբանան 3-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 1-1) կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց դաշտին տիրոջ դէմ:
Ապահովելու համար Բ. հանգրուանին իր տոմսը, Լիբանան պիտի սպասէ Պրազիլ-Պելճիքա մրցումին արդիւնքին` նկատի ունենալով, որ անոր հիմամբ պիտի ճշդուի առաջին եւ երկրորդ դիրքը գրաւող խումբին անունը: