Նախագահը Հիւրընկալած Է Մխիթարեան Միաբանութեան Միաբան Վահան Ծ. Վրդ. Օհանեանը Եւ Աւստրալահայ Գործիչ Արա Քաթիպեանը
Վերջերս նախագահ Արմէն Սարգսեան հիւրընկալեց Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան միաբան Վահան ծ. վրդ. Օհանեանը եւ աւստրալահայ գործիչ Արա Քաթիպեանը:
Հիւրերը տեղեկացած են, որ միաբանութեան կողմէ ձեռնարկուած է Հայոց ցեղասպանութեան նախորդող եւ յաջորդող ժամանակաշրջաններուն ամերիկեան մամուլին մէջ տեղ գտած հրապարակումներուն առնչուող 10 հատորնոց անգլերէն մատենաշարի հրատարակութիւն մը, որ պիտի ընդգրկէ վեց առաջատար ամերիկեան թերթեր` «Տը Նիւ Եորք Թայմզ», «Տը Պոսթըն Տէյլի Կլոպ», «Տը Շիքակօ Թրիպիուն», «Տը Քրիսչիըն Սայընս Մոնիթըր», «Տը Լոս Անճելըս Թայմզ» եւ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը։
Անոնք նախագահին նուիրած են մատենաշարին առաջին` «Տի Արմինիըն Ճենոսայթ: Փրիլիուտ էնտ էֆթըրմէթ, էզ ռիփորթըտ ին տի Եու.Էս.Էյ. փրես – Տը Նիւ Եորք Թայմզ» երկհատոր գիրքը: Հատորներուն մէջ ներկայացուած 2666 յօդուածներուն մէջ անդրադարձ կատարուած է` 1894-1896 թուականներուն համիտեան կոտորածներուն, Ատանայի կոտորածին, 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան եւ այդ կոտորածներուն անմիջական հետեւանքներուն:
Հեղինակները նշած են, որ գիրքերը նախատեսուած են ոլորտի մասնագէտներու եւ հետազօտողներու համար եւ պիտի չվաճառուին, սակայն պիտի տրամադրուին գրադարաններու եւ համալսարաններու եւս:
«Արեւի Նման Նայենք Աշխարհին». Վերահրատարակուած Է Վարդգէս Ահարոնեանի Գիրքը
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը նախաձեռնած եւ վերահրատարակած է Վարդգէս Ահարոնեանի «Յովհաննէս Թումանեան. մարդը եւ բանաստեղծը» գիրքը, որուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 21 փետրուար 2019-ին` յայտնի դէմքերու, հասարակական գործիչներու, ընթերցասէրներու մասնակցութեամբ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրամի նախագահ Սպարտակ Ղարաբաղցեանը: Ան բարձր գնահատեց գիրքին մշակութային արժէքը եւ շեշտեց վերահրատարակելու անհրաժեշտութիւնը:
Գիրքը առաջին անգամ ըլլալով լոյս կը տեսնէ Հայաստանի մէջ: Իբրեւ յօդուածաշարք` անիկա առաջին անգամ հրատարակուած է «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ, 1936-ին, ապա գիրքի տեսքով` նոյն թուականին, Պոսթըն: Գիրքին հեղինակը հասարակական գործիչ, իրաւաբան, մանկավարժ, գրող Վարդգէս Ահարոնեանն է` Ա. հանրապետութեան նշանաւոր գործիչ Աւետիս Ահարոնեանի որդին:
«Գիրքին մէջ հեղինակին ինքնատիպ նկարագրութիւններն են Թումանեանի ու ժամանակի նշանաւոր անհատներու մասին: Համազգայինը չէր կրնար անտեսել Թումանեանի 150-ամեակը, մեր գրեթէ բոլոր կառոյցներուն մէջ` Աւստրալիայէն մինչեւ Արցախ, տարբեր նախաձեռնութիւններով կը նշուի Թումանեանին 150-ամեակը: Ուրախ եմ, որ Թումանեանը կրցած է գոնէ այդպիսով համախմբել մեզ եւ դարձած է մեր այսօրուան թթխմորը: Ես ակամայ յիշեցի Թումանեանի 100-ամեակի տօնակատարութիւնները, երբ ամբողջ Հայաստանը ոչ թէ մէկ օր, այլ ամբողջ տարին թումանեանական յայտարարած էր: Ամէն օր կարելի է Թումանեանի հետ քալել, զրուցել, խօսել, մինչեւ անգամ` վիճել», նշեց Սպարտակ Ղարաբաղցեանը:
Արմէն Վահրամեան Վրձինած Է «Թումանեանի Աշխարհը»
Փետրուար 26-ին Նկարիչներու միութեան մէջ տեղի ունեցած է «Թումանեանի աշխարհը» խորագիրով ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած էր Համազգային հայ կրթական մշակութային միութեան կողմէ` հայոց մեծ բանաստեղծի 150-ամեակին առթիւ:
Սպարտակ Ղարաբաղցեան այս առիթով ողջունեց ներկաները` անդրադառնալով Թումանեանի ունեցած մեծ արժէքին:
Բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Սեպուհ Երիցեանի համաձայն, Լոռի աշխարհի ազնուականներուն` Քալանթարովներու գիւղին մէջ ծնած Վահրամեանը իր ստեղծագործութիւններուն մէջ միշտ հաւատարիմ եղած է ծննդավայրին: «Ցուցահանդէսին կը տեսնենք ե՛ւ Օձունը, ե՛ւ տարածաշրջանի հետաքրքրական միւս բնակավայրերը, բնութեան այն գողտրիկ անկիւնները, որոնք նկարիչը մեզի կը ներկայացնէ: Հետաքրքրական վրձին ունի Վահրամեանը, հոն կը տեսնենք ո՛չ միայն ուղղակի բնանկար, այլ նաեւ` պատմութեան արձագանգներ եւ անոնց մէջ մերօրեայ դրսեւորումները: Մենք հոս կը տեսնենք Արմէն Վահրամեանի մասնագիտական վարպետութիւնը, որ հասկնալու համար պէտք է մտածել, որոնել եւ գտնել այն պատգամը, որ պատմութիւն ունի», նշած է ան:
Ըստ նկարիչ Հրանդ Թադեւոսեանի, Վահրամեանը կրցած է կտաւին փոխանցել զգացականը: «Իսկապէս Արմէնը մարդ է, որ ծնած է նկարելու համար: Ի՜նչ մեծ երջանկութիւն է, երբ մարդ գիտէ, թէ ինչի՛ համար կ՛ապրի», ընդգծած է ան:
Արմէն Վահրամեան շնորհակալութիւն յայտնած է Համազգային հայ կրթական մշակութային միութեան եւ Նկարիչներու միութեան:
ՀՅԴ Երիտասարդները Մաքրեցին Արձաններու Պատուանդաններ
14 մարտին ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամներուն կողմէ մաքրուած են Վարդան Մամիկոնեանի եւ Արմէն Տիգրանեանի արձաններուն պատուանդանները: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր Մետիա»-ն:
«Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը քաղաքապետարանը յորդորեց յաւուր պատշաճի ուշադրութիւն դարձնել մշակութային յուշարձաններու մաքրութեան պահպանման հարցին:
Սալոմէ Զուրապիշվիլի Այցելած Է Երեւանի Թումօ Կեդրոն
Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին 13 մարտին այցելած է Երեւանի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն եւ ծանօթացած` անոր կրթական ծրագիրին:
Վրաստանի նախագահը Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին ընկերակցութեամբ շրջած է կեդրոնի զանազան բաժիններուն մէջ:
ԹՈՒՄՕ-ի զարգացման բաժանմունքի տնօրէն Բեկոր Փափազեանը Վրաստանի նախագահին ներկայացուցած է ընթացիկ նախագիծները:
«Վրաստանի մեր նոր արհեստագիտութեան ամբողջութեան մէջ «սթարթափ»-ներու միջավայրի համակարգ ունինք, եւ ԹՈՒՄՕ-ի նման նախագիծ մը հիանալի լրացում կրնայ հանդիսանալ», նշած է նախագահ Զուրապիշվիլին:
Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը Աւարտեց Իր Աշխատանքները
12-14 մարտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով ժողով:
Նիստերը վարեցին արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեանը, Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը:
Եռօրեայ ժողովի օրակարգին վրայ ընդգրկուած էին եկեղեցւոյ վարչական, կազմակերպական-իրաւական, կանոնական, կարգապահական, հասարակական եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման վերաբերող հարցեր:
Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարման կազմակերպչական աշխատանքներուն ընթացքին մասին զեկոյցով հանդէս եկաւ ԱԵԺ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Արշակ եպս. Խաչատրեանը:
ԳՀԽ անդամները լսեցին նաեւ մայր տաճարի վերանորոգութեան ընթացքին մասին զեկոյցը:
Նկատի ունենալով Ազգային-եկեղեցական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն ծաւալը եւ ժամանակացոյցը, ինչպէս նաեւ` մայր տաճարի վերանորոգման ընթացքը, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը որոշեց Ազգային-եկեղեցական ժողով գումարել 1-8 նոյեմբեր 2020-ին:
Մայր տաճարի նորոգութեան պատճառով նպատակայարմար նկատուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններ իրականացնել յառաջիկայ տարուան ընթացքին:
Ժողովին ընթացքին խօսուեցաւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն, եւ զեկուցուեցաւ Հայաստանի վարչապետին հրամանով ստեղծուած աշխատանքային խումբին մասին, որուն նպատակն է առաւել հզօրացնել եկեղեցի-պետութիւն գործակցութիւնը` ի նպաստ երկրի հզօրացման:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը զեկոյց լսեց Հայց. եկեղեցւոյ գործառնութիւններու բարելաւման ծրագիրի ընթացքին վերաբերեալ, զոր կը համակարգէ «Դաւիթեան» հիմնադրամի նախագահ եւ բարեգործ Ասօ Դաւիթեանը:
Կոմիտաս վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-րդ տարեդարձներուն նուիրուած ձեռնարկներու ծրագիր-առաջարկ ներկայացուց յոբելեաններուն նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպման յանձնախումբի ատենապետ Անուշաւան եպս. Ժամկոչեանը: Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը որոշեց տարուան ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ թեմերու մէջ կազմակերպել յիշատակի արարողութիւններ եւ հոգեւոր-մշակութային, գիտական, կրթական, գեղարուեստական, ճանաչողական ձեռնարկներ:
2019 թուականը Գարեգին Բ.ի կողմէ հռչակուած է Ընտանիքի տարի: Ժողովականները անդրադարձան հայ ընտանիքին դիմաց ծառացած արդի հարցերու յաղթահարման գործին մէջ Հայց. եկեղեցւոյ հովուական առաքելութեան, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ` որդեգրելով Մայր Աթոռի եւ թեմերուն կողմէ իրականացուելիք շարք մը հոգեւոր, հասարակական, գիտական ճանաչողական, հովուական եւ քարոզչական ծրագիրներ:
Նշենք, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներուն ներկայացուեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի 2018-ի գործունէութեան տեղեկագիրը: Ժողովականները քննեցին նաեւ Մայր Աթոռի գործունէութեան ելեւմտական հաշուետուութիւնը եւ վերստուգիչ յանձնախումբին տարեկան զեկոյցը:
Ճազ Երաժիշտ Ճէյմի Տէյվիս Երգահանդէս Մը Պիտի Տայ Երեւանի Մէջ
Յայտնի ճազ երգիչ Ճէյմի Տէյվիս երեւանեան համերգի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի պետական ճազ նուագախումբի նուագակցութեամբ` գեղարուեստական ղեկավար եւ երգահան Արմէն Հիւսնունցի ղեկավարութեամբ:
Նշենք, որ համերգային երեկոն տեղի պիտի ունենայ ապրիլ 5-ին, Հայաստանի Ճարտարապետներու միութեան դահլիճին մէջ:
Ճէյմի Տէյվիս ծնած է 1949-ին: Ունենալով ինքնատիպ ձայնային տուեալներ` Տէյվիս պարզապէս չէր կրնար չզբաղիլ երաժշտութեամբ: 13 տարեկանին կը ստեղծէ իր սեփական ճազ խումբը: 1975 թուականին կը տեղափոխուի Սան Ֆրանսիսքօ, ուր կ՛աշխատի ամերիկեան այլ աստղերու հետ: 2000-ին ելոյթ կ՛ունենայ The Count Basie Orchestra-ի հետ` արժանանալով մեծաթիւ հանդիսականներու ճանաչման:
Իր ասպարէզին ընթացքին Ճէյմի մշտապէս հետեւած է իր սիրելի ճազմեններուն` Ռէյ Չարլզի, Օտիս Ռետինկի, Էլ Կրինի եւ ուրիշներու օրինակին:
Ճէյմի Տէյվիսի երգացանկին մէջ ներառուած են լաւագոյն ճազային չափորոշիչները եւ էսդրատային հիթերու նուագախմբային մշակումներ: Նորարարութեան եւ դասականի միաձուլում, ջերմ, հզօր եւ զգացմունքային պարիթոն. ահա թէ ինչո՛ւ այս ամերիկացի արուեստագէտը մեծապէս սիրուած է ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ, այլեւ` երկրի սահմաններէ դուրս:
Նկարչուհիներու Կտաւները` «Նուրբ Տեսանկիւն» Խորագրով Ցուցահանդէս
«ՍարԿալըրի» երեւանեան պատկերասրահին մէջ կայացած է «Նուրբ տեսանկիւն» խորագիրով ցուցահանդէս: Կիներու տօներուն նուիրուած բարեգործական ցուցահանդէսին ներկայացուած են տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ գործունէութիւն ծաւալած հայ նկարչուհիներու աշխատանքներ:
Պատկերասրահի տնօրէն Արմինէ Սահակեանը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած են քսանէ աւելի նկարչուհիներու աշխատանքներ` Քնարիկ Յովհաննիսեան, Արմինէ Կալենց, Մարիամ Ասլամազեան, Գայեանէ Խաչատուրեան, Ժենիա Յարութիւնեան, Պարուհի Թեփելիկեան, Հայկանուշ Պարոնեան, Սահականուշ Մատինեան, Գոհար Ֆերմանեան, Լաւինիա Բաժբեուկ-Մելիքեան, Զուլէյկա Բաժբեուկ-Մելիքեան, Ելենա (Հեղինէ) Աբրահամեան, Քնարիկ Վարդանեան, Վարդիթեր Կարապետեան, ժամանակակիցներէն` Զառա Մանուչարեան, Աննա Սողոմոնեան, Մարօ Սարգսեան, Նայիրա Ահարոնեան, Գոհար Յարութիւնեան, Արմինէ Թումանեան, Արաքս Պօղոսեան, Յասմիկ Աւետիսեան, Լիանա Ասատրեան:
Ներկայացուած բոլոր աշխատանքները բնօրինակներն են: Անոնց մէկ մասը պատկերասրահին սեփականութիւնն են, իսկ միւս մասը տրամադրուած են նկարիչներուն ընտանիքներուն կողմէ:
Ցուցահանդէսը ունեցած է բարեգործական բնոյթ: Հասոյթէն որոշակի մաս մը պիտի տրամադրուի «Մենք ենք» բարեգործական հիմնադրամին:
Հաղորդենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ ապրիլ 7:
«ՍարԿալըրի» երեւանեան պատկերասրահին բացումը կատարուած էր մօտաւորապէս 8 ամիս առաջ, Մոսկուայի մէջ գործող «ՍարԿալըրի» պատկերասրահի հովանիին տակ:
«Պատկերասրահը ստանձնած է «Ազգային արժէքներու վերադարձ դէպի երկիր» ծրագրին կատարումը: Մեր մօտ պիտի ներկայացուին դուրսի մեր նկարիչներուն աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Հայաստանէ դուրս պիտի կազմակերպենք հայ նկարիչներու աշխատանքներուն ցուցահանդէսները», նշեց պատկերասրահին տնօրէնը: