Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Նարեկ Արքեպիսկոպոս «Շաղզոյեան» Կեդրոն Այցելեց

Դեկտեմբեր 27, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 26 դեկտեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գործող տարբեր կառոյցներ` Համազգայինի գրատարած եւ ցուցասրահ, «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի գրասենեակներ, իսկ աւարտին հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն ու Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներուն եւ զբօսաշրջութեան նախարարին հետ:

Իւրաքանչիւր կառոյցի մէջ ան հանդիպում ունեցաւ անձնակազմերուն հետ, ծանօթացաւ տարուած աշխատանքներուն, տուաւ իր օրհնութիւնը եւ բարեբեր տարի մը մաղթեց բոլորին:

«Ազդակ»-ի անձնակազմին հետ ունեցած մտերմիկ հանդիպումին ընթացքին Նարեկ արքեպիսկոպոս ըսաւ, թէ «Ազդակ»-ի մէջ ըլլալ կը նշանակէ հարազատ տան մէջ ըլլալ: Ան անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2019 թուականը «Հայ մամուլի տարի» հռչակուելուն` աւելցնելով, որ յառաջիկային պիտի կայանայ հանդիպում մը հայ մամուլի սպասաւորներուն հետ, որպէսզի ծրագրուի, թէ 2019-ին ի՛նչ պէտք է ընել` իբրեւ Լիբանանի հայոց թեմ` նկատել տալով, որ լոկ զգացական մօտեցում ցուցաբերելը բաւարար չէ, այլ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի թելադրութիւններուն լոյսին տակ պէտք է աշխատանքային ծրագիր մը մշակուի:

Սրբազանը ըսաւ. «Երբ նայինք «Ազդակ»-ին, կը տեսնենք, որ ամբողջ դարու մը արխիւ կայ,  պատմութիւն կայ, տագնապ կայ, իրագործում կայ, եւ մանաւանդ ուրախալի է, որ անիկա հասանելի է, եւ ստիպուած չենք հսկայ լաթակազմ թերթերը բանալու եւ փնտռտուք կատարելու, այլ արդիական ելեկտրոնային միջոցներէն օգտուելով կարելի է գտնել ամէն ինչ»: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան` «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային արխիւէն օրինակ մը առաջնորդարանին տրամադրելուն համար:

Իր խօսքի աւարտին Նարեկ արքեպիսկոպոս մաղթեց, որ «Ազդակ»-ի աշխատանքը շարունակէ ըլլալ պղտալից, արդիւնաւէտ` նշելով, թէ Նոր տարին առիթ է ուժերը հաւաքելու, շարունակելու երթը, որովհետեւ «Ազդակ» կը շարունակէ լոյս տեսնել ամէն օր եւ «թարմ հացի նման մեր սեղանին կու գայ, որուն ընդմէջէն մենք մեր ընթերցումով մեր գործօն մասնակցութիւնը կը բերենք ձեր աշխատանքին»:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ուրախութիւն եւ պատիւ նկատեց տրուած այցելութիւնը` յայտնելով, որ թէեւ կուսակցութեան գրասենեակներուն մէկ կարեւոր բաժինը «Շաղզոյեան»-ի մէջ կը գտնուի, բայց եւ այնպէս անիկա նաեւ մշակութային կեդրոն է` Համազգայինի տարբեր բաժիններով, «Ազդակ»-ով, «Վանայ ձայն»-ով, Հայ դատի ու կուսակցական գրասենեակներով եւ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի ծառայութիւններով: «Տասնամեակներ շարունակ փորձած ենք, որ այս կեդրոնը վերածուի ո՛չ միայն ծառայութեան կեդրոնի, այլ համահայկականութեան եւ լիբանանահայութեան համար ընդհանրական կեդրոնի մը, ուր ամէն մարդ ամէն ատեն ու ամէն հարցով կրնայ դիմել: Իսկ ձեր այցելութիւնը յաւելեալ առիթ է նոր մղում տալու, աշխատանքային նոր հորիզոններ բանալու, ձեր աղօթքներով գօտեպնդուելու եւ մեր ժողովուրդին ծառայութեան մէջ մնալու», յայտնեց Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխանը ըսաւ, թէ կուսակցութիւնն ու կառոյցները, ինչպէս նաեւ համակիր զանգուածը թէ՛ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, եւ թէ՛ Լիբանանի հայոց թեմը նկատած են այն միջավայրերը, ուր միասնաբար կարելի է ժողովուրդին կարիքներուն հասնիլ` տարբեր բնագաւառներու մէջ փոխադարձ գործակցութեամբ, որպէսզի յաճախ ալեկոծ ծովերուն մէջ նաւարկող լիբանանահայութեան նաւը մնայուն կերպով հասնի ապահով նաւահանգիստ: Իր խօսքի աւարտին Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ կուսակցութիւնը միշտ պատրաստ է աւելին ընելու:

Նարեկ արքեպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ ըսաւ, թէ «Շաղզոյեան» կեդրոնին եւ առաջնորդարանին միջեւ եղած աշխարհագրական մօտիկութիւնը ցուցանիշ է նաեւ մտքերու, հոգիներու եւ աշխատանքային եղանակի մերձաւորութեան: Ան դիտել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ թեմական ցանցերու մէջ կան բնագաւառներ, ուր աշխատանքը կը տարուի առանձնաբար, ի պաշտօնէ, սակայն կան բազմաթիւ այլ բնագաւառներ, ուր միասնաբար կ՛իրականանայ գործը` միշտ ալ նպատակ ունենալով հասնիլ ժողովուրդի ծով կարիքներուն:

«Ազգային առաջնորդարանի շէնքէն սկսեալ, բոլոր կառոյցներուն մէջ ձեր ներկայութիւնը, մեր տղոց ներկայութիւնը այնքան շօշափելի է, որ երբ ես կ՛այցելեմ մեր եկեղեցիները, դպրոցները, մշակութային միութիւնները, ՀՄԸՄ, հայրենակցական միութիւնները, ամէն տեղ իրական ներկայութիւն է Դաշնակցութիւնը թէ՛ իր շարքայիններով, եւ թէ՛ համակիրներով, եւ չի կրնար տարբեր ըլլալ», հաստատեց Լիբանանի թեմի առաջնորդը` աւելցնելով, որ նախապէս դուրսէն կը ճանչնար Լիբանանի հայոց գաղութը, իսկ հիմա` ներսէն:

Ըստ անոր, հակառակ լիբանանահայութեան դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն, թէ՛ մարդուժի, թէ՛ տնտեսական կարելիութեան առումով լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ մնալ սփիւռքահայութեան բաբախող սիրտը. «Այս հայկական արեան շրջանառութիւնը մենք կը պարտինք մեր անձնազոհ գործունէութեան, մօտեցումին, ծրագրաւորումին, տեսլականին եւ գործունէութեան», հաստատեց սրբազան հայրը: Ան վստահեցուց, որ պիտի շարունակէ  իր կարելին ընել` աւելցնելով, որ փոխադարձ գործակցութեամբ լիբանանահայութիւնը պիտի կարենայ, հակառակ համալիբանանեան դժուարութիւններուն, նոր փուլ թեւակոխել` նոր յոյսերով, նոր ակնկալութիւններով, իսկ մեր հաւաքական գործունէութիւնը պիտի կարենանք աւելի արդիւնաւէտ դարձնել: Սրբազան հայրը նաեւ ըսաւ, թէ ժողովուրդին ծառայողական դաշտին մէջ առաջնորդարանն ու կուսակցութիւնը զիրար կ՛ամբողջացնեն, եւ ունեցած առաքելութիւնը աւելի կը խորացնեն ու կ՛ընդարձակեն:

Աւարտին Նարեկ արքեպիսկոպոսին յանձնուեցաւ Արցախի մէջ բանուած գորգ մը, որ նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին:

«Ազդակ»-ի խմբագրատուն

 

Կեդրոնական Կոմիտէի գրասենեակ

 

Համազգայինի հրատարակչատուն

 

«Վանայ Ձայն»-ի անձնակազմ
Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Նոր Նշանակուած Դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի Անդրանիկ Այցելութիւնը Առաջնորդարան

Յաջորդը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?