Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շնորհակալութի՛ւն Համազգային

Նոյեմբեր 19, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Երկրի մը մէջ, ուր քաղաքական անորոշութիւնն ու տնտեսական տագնապը հաւաքական որեւէ նախաձեռնութիւն ի սկզբանէ կրնան ձախողութեան մատնել:

Համայնքի մը մէջ, ուր ազգային-միութենական կառոյցները ինքնապահպանման դաժան կռիւ կը մղեն ամէն օր ու ամէն ճակատի վրայ:

Մէկ շաբթուան ընթացքին մշակութային բարձրորակ երեք ձեռնարկ փայլուն յաջողութեամբ կազմակերպելը, իսկապէս, արժանի է գնահատանքի եւ դրուատիքի:

Կրնայ առարկուիլ, որ մեր միութիւններէն իւրաքանչիւրը իր պարտականութիւնն է, որ կը կատարէ, եւ պարտականութեան մը համար կարիքը չկայ դրուատական խօսքի:

Առարկութիւնը կրնայ ճիշդ ըլլալ: Բայց երբ կատարուածը պարտականութեան մը սահմաններէն անդին կ՛անցնի, երկրի եւ համայնքի արտակարգ պայմաններուն մէջ կ՛իրագործուի, կ՛արժէ անպայման խորհրդածել եւ կանգ առնել պարզուած երեւոյթին դիմաց:

Ակնարկութիւնը կը վերաբերի 8-16 նոյեմբեր երկարող շաբթուան ընթացքին, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Լիբանանի շրջանին կազմակերպած երեք մեծ ձեռնարկներուն. Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան տրամաթիքական պետական թատրոնի վեց ելոյթներ` հինգ օրուան ընթացքին, ապա` յաջորդական երկու օր, դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի «Խրիմեան Հայրիկ» մենաներկայացումի ելոյթներ Այնճարի եւ Պուրճ Համուտի մէջ եւ, վերջապէս, Ազնաւուրի ձօնուած` «Քեզի՛ համար, Ազնաւո՛ւր» համերգները, Լիբանանի պետական երաժշտանոցին հետ գործակցաբար, Լիբանանի նախագահին հովանաւորութեամբ, երկու օր շարունակ, Էշրեֆիէի Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ:

Իբրեւ մտայղացում, ծրագրում եւ կազմակերպում երեք ձեռնարկներն ալ ողջունելի էին իրենց ձեւին եւ տարողութեան մէջ, մանաւանդ որ անոնք կ՛իրագործուէին մշակութային գործակցութեան բարձրագոյն մակարդակներով: Արդարեւ, Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»-ի անուան տրամաթիքական պետական թատրոնը կը յաջողէր լիբանանահայութիւնը հաղորդակից դարձնել Հայաստանի «արուեստներու եւ արհեստներու քաղաք»-ին մշակութային շունչին եւ թատերական ճաշակին, ինչ որ նշանակալից թարմութիւն մը կը բերէր լիբանանահայ արուեստին ընդհանրապէս եւ թատրոնին յատկապէս:

Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան, իբրեւ Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի երկար տարիներու բեմադրիչը, սփիւռքեան այլ համայնքի մը փորձառութիւնը կը փոխանցէր լիբանանահայ դժուարահաճ հանրութեան: Մարգարեանի հեղինակած, բեմադրած եւ խաղացած մենաներկայացման նիւթը, ժամանակակից իր պատգամներով, ընդհանրական հարցերու եւ տագնապներու շուրջ հասարակ յայտարարներ կը գտնէր թէ՛ ամերիկահայ եւ թէ՛ լիբանանահայ թատերասէրներու համար, որոնք շատ բան ունէին սորվելիք Խրիմեան մարդուն, գրագէտին եւ հոգեւորականին երբեք չհինցող մտածումներէն:

«Քեզի՛ համար, Ազնաւո՛ւր» ձեռնարկին յաջողութիւնը, ի շարս այլոց, պայմանաւորուած էր միաժամանակ երեք մասնակիցներու ներկայութեամբ: Ձեռնարկին կը մասնակցէին թէ՛ Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը, թէ՛ լիբանանցի հանրածանօթ երգիչներ եւ թէ՛ յատկապէս Հայաստանէն հրաւիրուած տաղանդաւոր երգիչ Հայկ Պետրոսեան: Երեքին միատեղ ներկայութիւնը եւ համազգայնական, լիբանանեան ու հայրենի երեք փորձառութիւններու միաձուլումը իրարու, ներդաշնակ եւ հոյակապ կերպով, գեղարուեստասէր հանրութեան կը պարգեւէին մշակութային վայելքի եզակի երեկոներ:

Համազգայինի Լիբանանի շրջանի պատասխանատուները իրենց ընտրութեան մէջ բնաւ չէին սխալած, երբ իրենց կազմակերպած ելոյթներուն նկատի առած էին մշակութային այնպիսի յարգարժան գործիչներ, որոնք անպայման նորութիւն մը կրնային փոխանցել: Մարդիկ, որոնք նոր խօսք ունէին ըսելիք եւ կամ` ծանօթ խօսքերը նոր ձեւով փոխանցելու հմտութիւնն ու կարողութիւնը ունէին: Այդ պատճառով ալ, բոլոր ձեռնարկներու ներկաներն ալ սրահներէն բաժնուեցան անջնջելի տպաւորութիւններով, հոգեմտաւոր իրենց աշխարհը հարստացուցած ըլլալու մեծ գոհունակութեամբ:

Եւ դեռ, Համազգայինի պատասխանատուները, ուղղակի թէ անուղղակի կերպով, իրենց ձեռնարկները հասցէագրած էին տարբեր թիրախներու, անոր համար ալ անոնք յաջողեցան մէկ շաբթուան մէջ ներգրաւել աւելի քան հինգ հազար հանդիսատեսներ: Ինքնին երեւոյթ մը: Արդարեւ, թատրոնի հանդիսականներուն մէջ նկատառելի թիւ կը կազմէին երիտասարդները, որոնք մէկէ աւելի անգամներ կ՛ըմբոշխնէին «Հարսանիք թիկունքում» հայրենասիրական թատերախաղը, իր մատուցման արդիական ոճով եւ բեմադրական նորարարութիւններով: Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի պարագային, հանդիսատես խաւը լիբանանահայ դասական խաւն էր, համեմատաբար  տարեցներն էին, որոնք մէկուկէս ժամուան մենաներկայացում մը դիտելու վարժութիւնն ու… համբերութիւնը ունէին: Ազնաւուրի ձեռնարկին պարագային, երեւոյթը բոլորովին այլ էր, մեծ թիւով լիբանանցիներ, բարձրորակ արուեստի սիրահարներ, սրահ փութացած էին մեծ հայուն միջազգային երգարուեստի գոհարները վայելելու համար: Անոնք երբեք յուսախաբ չեղան, ընդհակառակն` «Քեզի՛ համար, Ազնաւո՛ւր» համերգներով անոնք փոխան մէկի ծափահարեցին հայկական ակունքներէ սնած երե՛ք մեծատաղանդ դէմքերու` անմահ Ազնաւուրի, Ազնաւուրի երգերու անզուգական մեկնաբան, հայրենի երգիչ Հայկ Պետրոսեանի եւ զոյգ համերգները Լիբանանի պետական սինֆոնիկ երգչախումբին հետ փայլեցուցած, խմբավար մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանին:

Անկասկած, մէկ շաբթուան ընթացքին երեք նման ձեռնարկներու իրականացումը կը պահանջէ կազմակերպչական, քարոզչական, յարաբերական եւ պիւտճէական հաւասարակշռումի հսկայական աշխատանք, որուն համար երախտապարտ պէտք է ըլլալ Համազգայինի պատասխանատուներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք Համազգայինի առաքելութեան հաւատալով` իրենց անսակարկ մասնակցութիւնը բերին ձեռնարկներու յաջողութեան:

«Կամենալը կարենալ է» իմաստութիւնը այս պարագային իր լաւագոյն արտայայտութիւնը ունեցաւ լիբանանեան արտակարգ պայմաններու մէջ գործող միութեան մը համար, որ անցնող 90 տարիներուն տեւական փաստը տուած է ինքզինք գերազանցելու եւ կատարելագործելու աննկուն ճիգին ու կարողութեան:

Ու հաւանաբար, 90-ամեակի լաւագոյն նուէրն է այս Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքին կողմէ լիբանանահայութեան: Արժէքաւոր նուէր մը, որ շատ աւելին կ՛արժէ, քան 90-ամեակի առիթով յաւուր պատշաճի կազմակերպուելիք հանդիսութիւններն ու ճաշկերոյթները:

Նուէր մը, որուն համար շնորհակալ պէտք է ըլլալ անպայմա՛ն:

 

 

Նախորդը

Բարսեղ Կանաչեանի, Նիկոլ Աղբալեանի Եւ Լեւոն Շանթի Վերանորոգուած Շիրիմներու Օրհնութիւն Եւ Հոգեհանգիստ` Անոնց Յիշատակին

Յաջորդը

Սուրիական Բանակը Սկսած Է Հարուածել Իտլիպի Գիւղական Շրջաններուն Մէջ Գտնուող Զինեալներու Դիրքերը

RelatedPosts

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէին` Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիի Բացում
Անդրադարձ

Մենք Պէտք Է Յաջողինք Վերստին Հրապարակ Բերել Հայու Նժդեհի Հաւատացած Տեսակը*

Յուլիս 15, 2025
Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?