Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Տողատակի Զգուշացում Մը

November 2, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները երեքշաբթի, 30 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ իրենց եռակողմ հանդիպումին ընթացքին որդեգրեցին հռչակագիր մը, որ ի շարս այլոց կը նշէ, թէ անոնք «շեշտեցին միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն, մասնաւորաբար, գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան, միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անխախտելիութեան, բոլոր վէճերու խաղաղ լուծման, ինչպէս նաեւ ներքին հարցերուն չմիջամտելու սկզբունքներուն նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը: Անոնք այս ուղղութեամբ վերահաստատեցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը վերոնշեալ սկզբունքներուն հիմամբ կարելի եղածին չափ շուտ լուծելու կարեւորութիւնը»:

Հռչակագիրը այն տպաւորութիւնը ստեղծեց, թէ Իրան շեղում կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին վերաբերեալ իր աւանդական հաւասարակշռուած կեցուածքէն: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ, սակայն, միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Մենք միշտ ալ շեշտած ենք, թէ շրջանային հարցերը պէտք է լուծուին` հիմնուելով միջազգային օրէնքի (սկզբունքներուն) վրայ եւ խաղաղ միջոցներով»` այդպիսով վերահաստատելով իր երկրին ծանօթ կեցուածքը:

Նախ եւ առաջ պարզ է, որ հռչակագիրին եւ Զարիֆի յայտարարութեան մէջ նշուած «միջազգային օրէնքներու սկզբունքներ»-ը իրենց մէջ կը ներառեն նաեւ ինքնորոշման իրաւունքը: Այլ խօսքով` իրանեան դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ Թեհրան այդ սկզբունքները կ՛ընկալէ անոնց ամբողջութեան մէջ` առանց սղումներու: Երկրորդ` այստեղ հռչակագիրի պարունակութեան կողքին կարեւոր է նաեւ անոր որդեգրման թայմինկը` Պոլթընի Հայաստան այցելութենէն քանի մը օր ետք ըլլալը:

Հռչակագիրին մէջ «մասնաւորաբար»-ը աւելցուած է թուրք-ազրպէյճանական փափաքին ընդառաջելով: Ատիկա թերեւս իրանեան կողմին ձեւական զիջումն է` նկատի ունենալով նշեալ հռչակագիրին մեռած գիր ըլլալուն իրողութիւնը եւ Իսլամական հանրապետութեան վերեւ կուտակուող ամպերը, սակայն նոյն ատեն Հայաստանի յղուած տողատակի զգուշացում մը` չմասնակցելու «Իրանի շուրջ օղակը սեղմելու» ամերիկեան ծրագիրին:

 

 

 

Նախորդը

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Հիմնադրութեան 80-ամեակի Տօնակատարութիւններու Բացման Ս. Պատարագ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.