ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Յունաստանի մէջ լոյս տեսաւ Յովսէփ Պարազեանի «Պատմական Հայաստանի աւանդներու հետքերով» գիրքը, բաղկացած` 68 էջերէ: Գիրքը հրատարակուած է Յունաստանի հայ մշակութային եւ կրթական միութեան Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ:
Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շրջաններ ու բնակավայրեր այցելած Յովսէփ Պարազեան ականատեսի վկայութիւններ եւ աշխարհագրական ու պատմական տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Անիի, Կարսի, Մուշի, Մշոյ դաշտի, Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետի եւ Առաքելոց վանքերուն, Պիթլիսի, Վանի, Վարագայ, Սուրբ Բարթողիմէոսի, Աղթամարի Սուրբ Խաչ եւ Նարեկայ վանքերուն, Էրզրումի, անոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ, Կարմիր վանքին եւ Խաչկավանքին, Երզնկայի, Կամախի Պայազիտի, Արարատի ու Իգդիրի մասին, միաժամանակ բաղդատութիւններ կատարելով անցեալին ու ներկային միջեւ:
Պարազեան կ՛ըսէ, որ հասարակական զարգացման իմաստով թուրք պետութիւնը յստակ քաղաքականութիւն կը կիրարկէ հոն, եւ մեծաւ մասամբ լքած ու տնտեսապէս անտեսած է տարածաշրջանը: Ատիկա կը զգաս անմիջապէս, երբ թրքաբնակ շրջանէ մը կ՛անցնիս քրտաբնակ յարակից շրջան մը:
Պարազեան կը շարունակէ ըսելով, որ իրենց կարգին քիւրտերը ուղղակի եւ անուղղակի ձեւեր կ՛որդեգրեն, որպէսզի իրենց բնակած տարածաշրջաններուն մէջ թուրքեր չապրին:
Մուշի երբեմնի կեանքով, եկեղեցիով, մշակոյթով ու հայութեամբ յորդող թաղամասը ամբողջութեամբ բնակուած է քիւրտերով:
Պիթլիսի անցեալի հայկական թաղամասերու գերեզմանատունը քանդուած է ու անոր տարածքին վրայ կառուցուած են հիւանդանոց ու մարզադաշտ:
Վարագայ վանքին կառոյցին մէկ փոքր մասը մնացած է այսօր:
Թուրքեր Վանի Այգեստան թաղը բոլորովին քանդած են եւ ձեռնարկած շինարարական աշխատանքներու, նոյն վայրի տարածքին երկայնքով նոր քաղաք մը կառուցելու հեռանկարով:
Կարսի հայկական թաղամասը լքուած է իր բախտին:
Պարազեան կը նշէ, որ իսլամացուած համշէնցիներու թիւը կը գնահատուի 900 հազար: Իսլամացուած թաքուն հայեր կան Մուշ` 200 ընտանիքէ աւելի, Կարնոյ մէջ` 2-էն 4 հազար:
Պարազեան կ՛աւելցնէ ըսելով, որ թրքական կրօնական մոլեռանդութեան օրինակները հետզհետէ կ՛աճին ու անհամեմատ հոսքով կը բազմանան: