Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԶՈՄ. Դաւիթ Պարսամեան Խօսեցաւ «Դրամատիրութեան Վերջալոյս»-ին Մասին

Փետրուար 25, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Barsamian1_022316

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան «ԶՈՄ-Թոքզ»-ի հանդիպումներուն ծիրին մէջ շահեկան դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 23 փետրուար, 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ` ներկայութեամբ մտաւորականներու, հիւր անձնաւորութիւններու եւ հայ թէ օտար ուսանողներու խուռներամ բազմութեան: Միտքերու փոխանակման թափ տալու միտող այս նախաձեռնութեան` ԶՈՄ-Թոքզ-ի անունով Հրակ Աւետանեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը` սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով օրուան բանախօսը` Դաւիթ Պարսամեանը, որուն ծնողքը Լիբանանէն մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, ծնած է Նիւ Եորք եւ ունեցած է քաղաքական գործունէութիւն: Հիմնադիրն է «Ալթըրնեյթիւ Ռետիօ» կայանին: Աւետանեան բանախօսը ներկայացուց զինք որակելով «իւրայատուկ հիւր, ապա զայն հրաւիրեց բեմ:

Դասախօսը մտերմիկ եւ իւրայատուկ ոճով աւելի քան մէկ ժամ խօսեցաւ դրամատիրութեան հոլովոյթին մասին` մէջբերումներ եւ օրինակներ թուելով ամերիկեան կենցաղէն:

Barsamian2_022316

Նախ եւ առաջ ան հայերէնով ողջունեց ներկաները եւ ապա անգլերէն լեզուով հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ իր լիբանանեան արմատներուն` նշելով, որ իր մայրը` Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբ մը, իր հօր ծանօթացած է Պուրճ Համուտի մէջ, ապա երկուքով մեկնած են Միացեալ Նահանգներ:

Ան իր խօսքին  մէջ յիշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով գտնուած է Անգարա եւ Պոլիս` յատուկ դասախօսութիւններ տալու համար: Այս գծով ան մէջբերեց թրքական զինուորական (սպայից) վարժարանին մէկ պատէն կախուած Աթաթուրքի խօսքը, թէ «ազգ մը, որ անտեղեակ է իր պատմութենէն, պիտի ոչնչանայ»` յայտնապէս ակնարկելով 24 ապրիլ 2015-ին Կալիփոլիի ճակատամարտի հարիւրամեակի նշումին:

Ապա Պարսամեան խօսեցաւ հանրային կարծիքին վրայ մամուլի եւ հաղորդակցութեան ունեցած ազդեցութեան մասին` իբրեւ օրինակ յիշելով Քարտաշեաններու պարագան, որոնց մասին ամերիկեան ընկերութիւնը շատ աւելի բան գիտէ, քան Իրաքի, Իրանի կամ Սուրիոյ ալեւիներուն մասին: Պարսամեան ընդգծեց հաղորդակցութեան միջոցներու սեփականատէրերու հանրային կարծիքին իշխելու գծով որդեգրած հաղորդակցութեան ոճերը, ուր հիմնականը կը լուսանցքայնանայ եւ մարդոց` ունկնդիրներուն, հանդիսատեսին ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ տարբեր երեւոյթներու, մակերեսային հարցերու վրայ: Ան թուեց այս գծով մէկէ աւելի օրինակներ: Պարսամեան հետաքրքրական ոճով նշեց դրամատիրութեան հասկացողութիւնը, ըմբռնումը եւ մեկնաբանութիւնը ամերիկեան ընկերութեան, յատկապէս` դրամատէր խաւին մօտ: Ան նաեւ ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց երկրագունդին սպառնացող կենսոլորտային փոփոխութիւններուն եւ այս կապակցութեամբ պատկան կողմերուն ցուցաբերած կեցուածքին վրայ:

Պարսամեան օրինակներ մէջբերեց ամերիկեան ընկերութեան մէջ արձանագրուած դրամատիրական ելեւէջներուն մասին, ինչպէս օրինակ` 2008-2009 տարիներուն պատահած տնտեսական տագնապը: Ան նաեւ իբրեւ օրինակ նշեց համացանցի պարագան, ուր պետական սպասարկութիւններուն  կողմէ վաղուց գործածուող համացանցը եւ անոր ճիւղաւորումները յանձնուեցան անհատական ընկերութիւններու, որոնցմէ Պիլ Կէյցի ընկերութիւնը սահմանափակ ընկերութեան մը սահմանէն տարածուեցաւ եւ աւելի ընդարձակ ու լայնածիր ոստումներով հասաւ աշխարհի բոլոր անկիւնները: Դաւիթ Պարսամեան նաեւ խօսեցաւ դրամատիրութեան պարկեշտ եւ արդար գործելաձեւի պատրանքին մասին: Ան իբրեւ հակադրամատիրական, օրինակ նշեց Սպանիոյ Պասք շրջանէն կաթողիկէ քահանայի մը (Արիզմենտի) նախաձեռնած համագործակցականի օրինակը, որ հետզհետէ զարգանալով ու յառաջդիմելով կը տարածուի մինչեւ Միացեալ Նահանգներ: Ան նաեւ անդրադարձաւ առողջ կենսոլորտի պահպանման կարեւորութեան` յիշեցնելով լիբանանեան աղբերու տագնապին պատճառած ապառողջ երեւոյթը: Այս գծով ան նաեւ թուեց, օրինակ` Սան Ֆրանսիսքոյի պարագան, ուր երկրագործներ յատուկ օրերու ընթացքին քաղաք իջնելով կը վաճառեն իրենց հունձքը: Ան պատմեց, թէ ինչպէս «դրամատէր» անհատներ քով-քովի գալով յատուկ պիւտճէ տրամադրած են նշեալ երկրագործներուն, որպէսզի ապահովեն իրենց ճաշարանին անհրաժեշտ բանջարեղէնի մատակարարումը: Ան յատկապէս շեշտեց Արիզմենտիի պարագան, որուն հիմնած ընկերութեան աւելի քան 120 հազար գործաւորները ոչ միայն տուն չղրկուեցան տնտեսական տագնապի օրերուն, այլ անոնք միասնաբար մտածեցին ընկերութիւնը իր տնտեսական տագնապէն փրկելու դրական քայլերուն մասին:

Աւարտին բանախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն եւ ապա մակագրեց իր գիրքերէն օրինակներ:

Նախորդը

«Այսօր Մարդը Ինքնիր Դէմ Կը Պատերազմի Իր Սեփական Գետնին Վրայ»

Յաջորդը

Դասախօսական Երեկոյ` Նուիրուած Տիեզերական Վարդապետ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին

RelatedPosts

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

Յունիս 14, 2025
Ակնարկ.  Բանակցային Կանոններու Պարտադրանքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Բանակցային Կանոններու Պարտադրանքը

Յունիս 14, 2025
Իսրայէլեան Լայնածաւալ Օդային  Յարձակում` Իրանի Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Լայնածաւալ Օդային Յարձակում` Իրանի Վրայ

Յունիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?