Կազմակերպութեամբ «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին երեքշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ Կաղանդի նուիրուած տօնավաճառի բացումը` «Գէորգ եւ Վարսենիկ Քիւրքճեան» սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:
Հաստատութեան տնօրէն Փոլին Սաղրեան արտասանեց բարի գալուստի խօսքը: Ան տօնավաճառին բացումը կատարեց աղօթքով, որմէ ետք անդրադարձաւ հաստատութեան տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի առաքելութեան` հաստատելով, որ յանձնախումբին հիմնական նպատակն է համայնքի բարգաւաճման աշխատանք տանիլը: Սաղրեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի անդամներուն, որոնց սիրայօժար եւ կամաւոր ժրաջան աշխատանքին միջոցով կարելի եղաւ իրականացնել սոյն ձեռնարկը, թէ՛ ալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերու բնակիչներու տիկնանց յանձնախումբին, որ միշտ ալ նեցուկ կանգնած է հաստատութեան ծրագիրներուն:
Ան Աստուծոյ Որդիին ծառայութիւնն ու զոհողութիւնը յիշելէ ետք բացայայտեց, որ տօնավաճառին հասոյթը պիտի տրամադրուի կարիքաւոր ընտանիքներու բարգաւաճման ծրագիրին:
Նշենք, որ տօնավաճառին Ամանորի վերաբերեալ զարդարանքին կողքին զետեղուած էին նաեւ զուտ հայկական ձեռագործներ եւ համեղ հայկական անուշեղէններ, որոնք պատրաստուած էին «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին կողմէ:
Վաճառքը բաց էր առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ` մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00: