Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Մէջ Քայլարշաւ` «Արմէն» Ճամբարը Հայութեան Վերադարձնելու Պահանջով

Յուլիս 8, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-07-15_armencamp

Ermenihaber.am կայքը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող հայկական «Արմէն» ճամբարը հայ համայնքին վերադարձնելու պահանջով քայլարշաւ կազմակերպուած է` Թուզլայի ափամերձ շրջանէն դէպի ճամբարի տարածք:

Թրքական «Ռատիքալ» լրատու կայքին համաձայն, քայլարշաւին մասնակցած է 500 հոգի, որոնց հետ 3 քիլոմեթր քալած են ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխաններ Պարըշ Եարքատաշը եւ Օնուրսալ Ատըքիւզել:

Քայլարշաւէն ետք ճամբարի տարածքին մէջ հաւաքուած մասնակիցները յայտարարութիւն հրապարակած են: Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներուն անունով ելոյթ ունեցած երիտասարդները պահանջած են ճամբարը վերադարձնել հայ համայնքին: Ելոյթ ունեցած է երեսփոխան Եարքատաշը` դիտել տալով, որ իր կուսակցութիւնը հայ ժողովուրդին բարեկամ է, ան միշտ տուժողներուն կողքին է եւ արտօնութիւն չի տար, որ ոեւէ մէկը տուժէ:

Ան իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը մեղադրած է խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ ճամբարը հայերուն վերադարձնելու պատրանք ստեղծելու յանցանքով:

«Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ընտրութիւններէն առաջ ստեղծեց այն տպաւորութիւնը, թէ այս վայրը հայերուն պիտի տայ, պիտի կանխէ իրաւունքներու ոտնահարումը: Մինչդեռ այսօր յստակ է, որ այս վայրը կ՛ուզեն իրենց կողմնակիցներուն յանձնել», յայտնած է ընդդիմադիր երեսփոխանը: Ան ընդգծած է, որ ճամբարին իրական տէրերը «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր-խմբագրապետ Հրանդ Տինքին ընկերներն են, իսկ ճամբարը Հրանդին ժառանգութիւնն է, զոր թողած է երիտասարդներուն:

«Այս ժառանգութիւնը անհրաժեշտ է իրական տէրերուն յանձնել եւ կանխել իրաւունքի ոտնահարումը», յայտարարած է Եարքատաշ` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ պիտի պայքարին իրաւունքներու ոտնահարման դէմ եւ պիտի հետեւին ճամբարին վերաբերող զարգացումներուն:

 

 

Նախորդը

«ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարելու Համար Ցամաքային Ուժեր Պիտի Չօգտագործենք» Ըսաւ Օպամա

Յաջորդը

Չինաստան Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Թուրքիոյ Մէջ Իրեն Հանդէպ Ատելութեան Ու Բռնարարքներուն Նկատմամբ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?