Այլազան

50 Տարի Առաջ (12 Օգոստոս 1964)

Քարիւղը Արաբներու Ահաւորագոյն Զէնքը «Դժբախտաբար Ցարդ Չէ Գործածուած»  Կ՛ըսէ Արաբ Մասնագէտ Մը «Քարիւղը ամէնէն ահաւոր զէնքն է, որ ունին արաբական երկիրները», կը գրէ քարիւղի արաբ մասնագէտ Ապտալլա Թարիքի «Ահրամ» պաշտօնական թերթին մէջ հրատարակուած յօդուածի մը մէջ: Սէուտական Արաբիոյ քարիւղի նախկին նախարար եւ նաւթային ճարտարարուեստի ազգայնացման կողմնակից Թարիքի կը յայտնէ, թէ այդ զէնքը չէ գործածուած արաբական աշխարհի բացած պայքարին մէջ, յատկապէս` բարձրացնելու...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր գործերը կանոնաւոր կերպով կարգադրեցէք, որպէսզի սխալ մը չունենաք նիւթական իմաստով: Ձեր հաշիւին տէրը եղէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր արթնամտութիւնը ձեր դիմաց պիտի բանայ նոր ճամբայ մը, ուրկէ պիտի առաջնորդուիք դէպի յաջողութիւն: Սիրալիր մնացէք ամէնուն հետ, անկեղծ տրամադրութեամբ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ընտրութիւն մը կատարելու համար շուարած էք: Ձեր միտքը թող պարզ...

50 Տարի Առաջ (11 Օգոստոս 1964)

Կիպրոսի Մէջ Երէկ Զինադուլ Հաստատուեցաւ Թուրքիա Վերջ Տուաւ Օդային Յարձակումներուն, Իսկ Կիպրոս Դադրեցուց Յարձակողականը Թրքական Դիրքերուն Դէմ Երէկ զինադուլ հաստատուեցաւ Կիպրոսի մէջ: Յոյն կիպրական գիւղերու դէմ օդային յարձակումներու շարքէ մը ետք, որ տեւեց երկու օր, ռմբակոծումներու եւ հրացանաձգութեանց աղմուկը դադրեցաւ: Տարօրինակ հանդարտութիւն մը տիրեց երէկ ամբողջ օրը: Սակայն օրը սկսած էր շատ գէշ պայմաններու մէջ: Առտուան առաջին ժամերուն յոյն-կիպրական կառավարութիւնը...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Երկու բարեկամներու միջեւ վէճ մը արգելք պիտի ըլլայ անոնց ազնիւ եւ սիրալիր յարաբերութեան: Հաշտարարի դերը պիտի ստանձնէք զանոնք հաշտեցնելու, բնական բարեկամութեան կապը ստեղծելու: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եթէ նոյնիսկ թեթեւ անհանգստութիւն մը զգաք, անտարբեր մի՛ մնաք, դիմեցէք բժիշկին: Ձեր առողջութիւնը ամէն բանէ վեր նկատեցէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Նոր պարտականութիւններ պիտի ստանձնէք ամառնային...

Manga_timangar-f

Դէպի Աւստրալիա. Ընտանեկան Դիմանկար

Գիտէի՞ր, թէ Աւստրալիոյ բնիկ ապորիճինիները իրենց պատմութիւնը կը գրեն իրենց մարմիններուն վրայ, սքանչելի գծագրութիւններով: Պզտիկ աղջիկը անշարժ նստած է, աչքերը գոց: Ցեղախումբէն տարեց մը ծռած` դեղին, ճերմակ, կարմիր եւ սեւ գունաւոր կէտեր կը տպէ անոր այտերուն եւ քիթին վրայ: Այս բնազարդերը կրնան ներկայացնել վայրի մեղր, խիժածառի կեղեւ, կրակ: Առաջին նայուածքով փոքրիկ աղջկան մեծ ընտանիքին, անոր ցեղախումբին անդամները կրնան հասկնալ գծագրութիւնը...

50 Տարի Առաջ (9 Օգոստոս 1964)

Ծանրակշիռ Կացութիւն Կիպրոսի Մէջ Կիպրական տագնապը իր գագաթնակէտին հասաւ ուրբաթ գիշեր, երբ թրքական չորս օդանաւեր թռիչք կատարելով Կիպրոսի վերեւ, գնդացիրի բռնեցին Փոլիս նաւահանգիստը: Կիպրական գերիշխանութեան այս բռնաբարումը ծայր աստիճան լարուած կացութիւն մը յառաջ բերաւ կղզիին մէջ, ուր վերջին օրերու ընդհանրացած բախումները արդէն իսկ ծանր վիճակ մը ստեղծած էին: Անգարա նախ լուռ մնաց, բայց շատ չանցած` ընդունեց, թէ թրքական չորս ինքնամուղ...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Բարձրաստիճան անձի մը հետ ձեր հանդիպումը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ նիւթապէս եւ բարոյապէս: Ձեր առօրեան պիտի ըլլայ բարգաւաճ եւ շահաւէտ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ունիք տեսակաւոր աշխատանք, ծրագիրներ: Աճապարելու պէտք չունիք, ժամանակը ինք կը լուծէ հարցերը ինքնաբերաբար: Մնացէք հանդարտ եւ անհոգ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Վերջերս անբաւարար քնացած էք: Կը թելադրուի ձեզի կարեւորութիւն ընծայել...

50 Տարի Առաջ (8 Օգոստսո 1964)

Քաղաքական Ակնարկ Ծայրագոյն Արեւելք Հրաբուխի Վրայ Չինաստան Պիտի Կլլէ՞ Թոնքինի Դառնահամ Դեղահատը Ի՞նչ հետեւանքներ պիտի ունենայ Թոնքինի տագնապը: Քաղաքական դէտերը արդարօրէն կը մտածեն, թէ դէպքերու հետագայ ընթացքը կախում ունի համայնավար Չինաստանէն, որովհետեւ Ուաշինկթըն պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ զինուորական գործողութիւնները վերջ գտած են, ու Ամերիկա որեւէ նոր քայլ պիտի չառնէ, եթէ Հիւսիսային Վիեթնամ նոր նախայարձակում մը չգործէ: Համայնավար աշխարհը, ու մասնաւորաբար` Չինաստան, որովհետեւ...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Տան կահաւորման կամ փոխադրութեան հարց մը ունիք, զոր պիտի կարենաք դիւրութեամբ իրագործել, առանց ոեւէ մէկուն օգնութեան: Բախտաբեր է օրը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Բարեկամական ճամբորդութիւն մը ծրագրած էք, որ պիտի իրագործուի յաջողութեամբ: Առանց ժամանակ կորսնցնելու` գործի անցէք: Օրը ունի ուրախ ժամեր: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Լաւ աշխատանք կատարած ըլլալու հոգեկան հանգստութիւն պիտի ունենաք:...

graine-germee-salade

Առողջապահական. Աւելի Աշխուժ Ուղեղ Մը Ունենալու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ահաւասիկ 10 դիւրին միջոցներ` աւելի աշխուժ եւ արթուն ուղեղ ունենալու համար -1-             Օրական ծլած հատեղէն կերէք, անոնք չափազանց հարուստ են կենսանիւթերով եւ հանքայիններով: Զանոնք գործածեցէք կերակուրներու, աղցաններու, կարկանդակներու եւ ապուրներու պատրաստութեան մէջ:  -2- Խորո՛ւնկ շնչեցէք, թթուածինը ուղեղին 2 գլխաւոր «վառելանիւթերէն» մէկն է: Խուսափեցէք ապականած վայրերէ եւ բնութեան գիրկը ապաստանեցէք հոն մաքուր...

50 Տարի Առաջ (7 Օգոստո 1964)

Խմբագրական Շիրազի Յուշարձանը Այլազան զգացումներու յաճախանքով մը հրատարակեցինք Յովհաննէս Շիրազի քերթուածը մեր երէկուան թիւին մէջ: Առաջին հերթին` վերստին ապրեցանք սահմռկումը այն սպանդին, դիւային այն ոճիրին, որուն զոհ գացին ստեղծագործական բարձունքներու հասած ընտիր գրագէտներ ու մտաւորականներ, 1937 թուին, մարդակերպ բորենիներու սադրանքներով, ու նաեւ` մատնութեամբն ու զրպարտութեամբը մարդոց, որոնցմէ մէկը (կենդանի նախատինք) տակաւին իր հասակը կը պտտցնէ հայրենի սուրբ հողին վրայ... Ապա`...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Դրամատան պատասխանատուին հետ հանդիպում մը պիտի ունենաք ձեր հաշիւները կարգադրելու համար: Ջանացէք պահել ձեր դրած գումարները: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ճամբորդութեան մը մասին կը մտածէք, բայց տակաւին վերջնական համոզումի չէք եկած: Քիչ մը եւս սպասեցէք, պէտք եղած գումարը պատրաստեցէք, որպէսզի հանգիստ ճամբորդէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Նախքան ճամբայ ելլելը ձեր ինքնաշարժով` ստուգեցէք անոր...

50 Տարի Առաջ (6 Օգոստսո 1964)

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտներու 5-րդ Դպրոց-Բանակումը 16-24 Օգոստոս ՀՄԸՄ-ի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին կազմակերպութեամբ, 5-րդ դպրոց-բանակումը պիտի բացուի յառաջիկայ 16 օգոստոսին, կիրակի, Պուա տը Պոլոնիայի անտառին մէջ, մասնակցութեամբ Մերձ. Արեւելքի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերու առաջնորդներուն եւ համապատասխան սկաուտական զարգացում ունեցող թեկնածուներուն: Առաջին դպրոց-բանակումը տեղի ունեցաւ 1959-ին Համմանայի մէջ, երկրորդը` 1960-ին Քեսապ, երրորդը 1962-ին` Տհուր Շուէր, չորրորդը 1963-ին` Ատոնիսի եւ Պէյրութ մէջ: Բոլորին ալ մասնակցեցան 35-էն...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պիտի կարենաք ձեր գաղափարները եւ կարծիքները արտայայտել պաշտօնական հանդիպումի մը ընթացքին: Ձեր միտքերը պիտի արժեւորուին: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ապագան կրնայ հիմնուիլ եւ կառուցուիլ զօրաւոր ու հաստատ հիմերու վրայ: Նկատի պէտք է առնէք այս իրողութիւնը եւ ըստ այնմ գործէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Մտիկ ըրէք ձեզի տրուած խրատները, կրնաք օգտուիլ` ձեր գործերը լաւ...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Պօղոս Սնապեանի յիշատակին` Մովսէս Չափարեան (Անգլիա) 200$ Իրենց մօրաքրոջ` Նազիկ Յովհաննէսեանի մահուան առիթով` Գանձապետեան ընտանիք (Լոս Անճելըս եւ Թորոնթօ) 100$

50 Տարի Առաջ (5 Օգոստոս 1964)

Հայ Մեծանուն Գրագէտները Ինչպէ՞ս Գնահատած Են Թատրոնը Պռօշեան, Աղայեան, Թումանեան, Սունդուկեան, Տէրեան Եւ Ուրիշներ Դերասանութիւն Ալ Ըրած Են Հայ դասական գրագէտները մեծապէս գնահատելով թատրոնին դերը ժողովուրդին կեանքին մէջ` ամէն կերպ կ՛օգնէին թատերական մշակոյթին զարգացման: Անոնցմէ շատերը ոչ միայն կը գրէին թատրերգութիւններ, այլեւ թատերական խումբեր կը կազմէին, կը հսկէին բեմադրութեան եւ դերասաններու խաղին, երբեմն ալ իրենք կը խաղային եւ կը բեմադրէին:...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Մի՛ տարուիք ուրիշներու խօսքերէն կամ թելադրանքներէն: Դուք գիտէք ձեր կեանքին ընթացքը, ձեր կարիքները, հետեւաբար ըրէք ձեր ուզածը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եթէ նկատէք, որ ձեր շուրջը շողոքորթներ կան` կեղծ ժպիտներով, անմիջապէս հեռացէք անոնցմէ: Կեդրոնացէք ձեր աշխատանքին վրայ. միայն այդ ձեւով կրնաք յաջողութիւն արձանագրել: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Արուեստը ձեզ կը հետաքրքրէ: Այսօր պիտի...

50 Տարի Առաջ (4 Օգոստոս 1964)

Տոմսեր «Այսօ՞ր Ալ Խանասոր»... Յուլիս 25... Մեր դաշտահանդէսներուն կամ սրահներուն մէջ դարձեալ «Կարկուտ տեղաց» պիտի երգուի ազգին ցիրուցան զաւակներուն կողմէ, որոնք այս երգին կը մասնակցին «երգիչ»-ներու բնական իրաւունքով, ինչպէս կը մասնակցին «Մեր հայրենիք»-ին, «Յառա՜ջ, նահատակ»-ին կամ «Բամ փորոտան»-ին... «Կարկուտ տեղաց Խանասորայ դաշտումը»... Ու «Դաշնակցական ֆետայիներ»-ու յիշատակը կ՛անձրեւէ մթնոլորտին մէջ. դաշտին վրայ, ուր հայեր հաւաքուած են վերյիշելու համար ցեղին դիւցազնական պայքարներէն...

Page 379 of 483 1 … 378 379 380 … 483