50 Տարի Առաջ (10 Հոկտեմբեր 1964)
Խմբագրական Յաղթանակ (Սուրէն Խանամիրեան Քոլեճի Բացման Առիթով) Յաղթանակ մը եւս` մեր կեանքին մէջ: Յաղթանակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, որոնք մեր կեանքը արիւնեցին անցնող տասնամեակներու ընթացքին, որոնք սակայն յաղթահարուեցան անընկճելի կամքովը ժողովուրդի մը, որ հոգեկան բարձր արժանիքներու պահպանման մէջ կը տեսնէր իր ապագան, իր փրկութիւնը: Խրախուսիչ երեւոյթ` Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի պաշտօնական բացումը, մանաւանդ այս օրերուն, երբ կրթական գործը գաղութը տագնապեցնող գլխաւոր հարցը դարձած...




