50 Տարի Առաջ (26 Նոյեմբեր 1964)
Նոթեր Եւ Նետեր Եռապատկեր Ու Գովերգ Խղճի Խայթ Անգլիացի պահեստի գնդապետ մը` պարոն Պլիտ, խղճի խայթէ տառապելուն պատճառով, Նոր Զելանտայէն, ուր հաստատուած է, կը ճամբորդէ մինչեւ Գերմանիա: Այս երկար ու մեծածախս ուղեւորութիւնը կը կատարէ յանուն հոգեկան հանդարտութեան: Եւ ահա թէ ինչո՛ւ գնդապետ Պլիտ կը տառապէր խղճի խայթէ: Երբ երիտասարդ ենթասպայ էր, 1918-ին կը գտնուէր Գերմանիոյ Պենսպերկ քաղաքը, Համաձայնականներու գրաւման շրջանին:...



