Այլազան

50 Տարի Առաջ (11 Դեկտեմբեր 1964)

Խմբագրական Յատկանշական Երեւոյթներ Տարուան վախճանին հազիւ երեք շաբաթ մնացած` քաղաքական աշխարհը արտակարգ եռուզեռի մը մէջ է: Գրեթէ բոլոր ճակատներու վրայ եւ բոլոր հարցերու շուրջ, գլուխ-գլխի խօսակցութիւններ, խորհրդակցութիւններ, բանակցութիւններ եւ տեսակէտի փոխանակումներ տեղի կ՛ունենան, մինչ աշխարհի խաղաղութեան համար բազմաթիւ խոցելի կէտերու վրայ զինուորական գործողութիւնները կը շարունակուին, թէեւ սահմանափակ բնոյթով, բայց` անպայմանօրէն վտանգաւոր անդրադարձներով: Երկու հիմնական հարցեր կը յուզեն միջազգային քաղաքական աշխարհը:...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Եղանակի համեմատ մարզաձեւ մը կատարելու ձեր փափաքը պէտք է շարունակէք, որպէսզի զուարճանաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձմեռնամուտ է: Եթէ ելեկտրականութեան վառարան պիտի օգտագործէք, մտածեցէք նոյն ատեն խնայողութեան մասին: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Միշտ կրնաք դիմել ձեր մերձաւորներուն, եթէ կարիքը զգաք օգնութեան: Մի՛ յուսալքուիք : ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Աշխատանքի մէջ բանակցութեան պարագային...

50 Տարի Առաջ (10 Դեկտեմբեր 1964)

Երգիծանքը Երկաթէ Վարագոյրի Ետին Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ, երկու բարեկամներ  կը զրուցեն. - Կէսօրէն ետքերը դուրս չեմ ելլեր, կ՛ըսէ առաջինը: - Կնոջս հետ կը նստիմ եւ պատկերասփիւռ կը դիտեմ: - Յայտագիրը լա՞ւ է,- կը հարցնէ երկրորդը: - Երէկ կէսօրէ ետք, կը բացատրէր շագանակով ու սալորով լեցուած հնդկահաւ եփելու կերպը: Չտեսա՞ր: - Դժբախտաբար ո՛չ: Ամբողջ կէսօրէ ետքը կարգի սպասեցի երկու քիլօ հողկիթ...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Սիրային պատմութիւնը մը հաճելի հետեւանքներ պիտի ունենայ: Այս յաջողութիւնը պիտի ուրախացնէ ձեզ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր մերձաւորներուն կարիքը պիտի ունենաք: Արտայայտեցէք, ինչ բանի պէտք ունիք, անոնք պիտի օգնեն ձեզի: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Երաժշտութիւնը հանդարտեցուցիչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ գերյոգնած երկուորեակներուն համար: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Նախատեսուածէն աւելի կ՛աշխատիք, եւ ոեւէ մէկը...

50 Տարի Առաջ (9 Դեկտեմբեր 1964)

Թուրք Մամուլ Հալք Կուսակցութիւնը Ծանր Ամբաստանութեան Տակ «Թուրքիոյ Մէջ Գաղափարի Ազատութիւն Չկայ, Նիւթական Մսխումներ, Ներքին Անդորրութիւն Չկայ, Զինեալ Բախումներ. Կողոպուտներ, Անգործութիւն...» Պոլսոյ «Միլլիէթ» թերթին մէջ Չեթին Ալթան կը գրէ.- Քանի կը մօտենան ընտրութիւնները, այնքան կը տկարանան Հալք կուսակցութեան վրայ դրուած յոյսերը, եւ ամէն ոք կը խոստովանի, թէ այդ կուսակցութեան հիմերը կը ճեղքուին, վստահութիւն չեն ներշնչեր նոյնիսկ ամէնէն բարեմիտներուն, եւ այդ...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Անցեալի պատահած ցաւալի դէպքերուն մասին մի՛ տրտնչաք: Ի շահ ձեզի` այդ էջը դարձուցէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Լեռը ձեզի համար իտէալ տեսարան մը պիտի ըլլայ, որ պիտի ծաղկեցնէ ձեր հոգեկան աշխարհը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Աշխատանքի մէջ կրկնակի գործ աւելի պիտի կատարէք, որմէ շատ գոհ պիտի մնաք: Ձեր ջանասիրութիւնը պիտի գնահատուի: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Զարմիկ Տեմիրճեանի մահուան առիթով փոխան ծաղկեպսակի` Տէր եւ տիկին Սուրէն Սարգիսեան 100$ Արմենակ Օննիկեանի (մահացած Աթէնք) եւ Զարմիկ Տեմիրճեանի մահուանց առիթով Սագօ Արմէնեան 100,000 լ.ո.

50 Տարի Առաջ (8 Դեկտեմբեր 1964)

Մարզական Կեանքը Հալէպի Մէջ Նախանցեալ շաբաթ Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, Նետի Արապի, յաղթելէ ետք ՀՄՄ-ի 1-0, ՀՄԸՄ կը բարձրանայ առաջին կարգի, իսկ ՀՄՄ կ՛իջնէ երկրորդականի: Գալով Մումթազի խաղերուն` Հալէպի Ահլին անցեալ շաբաթ տարաւ շատ դժուարին յաղթանակ մը Նետի Խապուրի դէմ (Հասաքէ) 1-0: Երկու խաղերուն կէտերն ալ նշանակուեցան խաղի վերջաւորութեան: Նոյնպէս, Մումթազի խաղերու շարքին, ՀՄԸՄ տարաւ շատ դիւրին յաղթանակ մը Վասպուրականի...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ծնողի մը բացակայութիւնը պարապ մը պիտի ստեղծէ, ինչ որ պատճառ պիտի ըլլայ, որ յարաբերինք մօտիկ անձերու հետ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եթէ նոյնիսկ դուք ձեզ հանգստացնել ուզէք, բարձրաձայն մի՛ արտայայտէք: Զուսպ եղէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ կրնաք ձեր նիւթական հարցերը բարելաւել, դարձեալ եկամուտի այլ աղբիւր մը գտէք: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտ

Զարմիկ Տեմիրճեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Աբրահամ Աբրահամեան 100,000 լ.ո. Ֆուճուրեան ընտանիք 100,000 լ.ո. Տէր եւ տիկին Աւետիս Գերպապեան 50,000 լ.ո.

Ոչ Նիւթական Մշակութային Մարդկութեան Ժառանգութիւնն Ալ Պէտք Է Փրկել

Սովորութիւնը բան մըն է, որ կը փոխանցուի խօսքերով կամ ձեւերով. արուեստ մը կամ ճանաչում մը, որ ընդհանրապէս դպրոցը չես սորվիր, այլ մարդուն կ՛անցնի սերունդէ սերունդ: Սակայն ներկայիս, 21-րդ դարու սկիզբը մշակոյթը ժամանակի ընթացքին աւելի «միջազգային» կը դառնայ, եւ մարդիկ նուազ ժամանակ կ՛անցընեն իրենց ամբողջ կեանքը նոյն վայրին մէջ: Իբրեւ հետեւանք` բազմաթիւ տեղական սովորութիւններ կը կորսուին: Այս պատճառով է, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն...

50 Տարի Առաջ (6 Դեկտեմբեր 1964)

ՀՅ Դաշնակցութեան Օրուան Շքեղ Տօնակատարութիւնը Պուրճ Համուտի Մէջ Երէկ` կիրակի, 6 փետրուար 1964, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, Պուրճ Համուտի մէջ փառահեղ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրուան շքեղ տօնակատարութիւնը: Հազարաւոր հանդիսականներ ծայրէ ծայր լեցուցած էին սինեմա «Գերմանիկ»-ի ընդարձակ սրահը: Ղեկավար ընկերներու ժամանումին, Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի նուագախումբը կը հնչեցնէր պատուոյ նուագը: Սրահը գեղեցկօրէն դրօզարդուած էր լիբանանեան եւ եռագոյն դրօշակներով: Պատշաճօրէն...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Լուսնային դրութիւնը բարեբախտ ազդեցութիւն պիտի ունենայ ձեր կեանքին վրայ: Կրնաք լաւ լուրեր եւ հրաւէրներ ստանալ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եթէ ունիք տնտեսական, առուծախի կամ վարչական աշխատանքներ, հանդարտօրէն կատարեցէք, որպէսզի սխալ հարց մը չունենաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Աշխատանքի մէջ կամ առօրեային` ձեր համբերութիւնը շուտով պիտի կորսնցնէք, մանաւանդ եթէ ձեր ընկերակիցը գէշ տրամադրութիւն ունենայ:...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտ

Քաջալերելով «Ազդակ»-ի աշխատանքները` Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Սեւան Պաղճեան 300$ Զարմիկ Տեմիրճեանի մահուան առիթով` Մեթր Ժաք Չուխատարեան 100,000 լ.ո. Երուանդ Փամպուքեան 50,000 լ.ո.

50 Տարի Առաջ (5 Դեկտեմբեր 1964)

Խմբագրական Նոյն Ջահակիրը Աննահանջ (Դաշնակցութեան Օրուան Առթիւ) Վաղը` կիրակի, Պուրճ Համուտի հայաշատ շրջանին մէջ, շքեղ հանդիսութեամբ պիտի տօնուի ՀՅ Դաշնակցութեան օրը, 74-րդ տարեդարձը մեր փառապանծ կուսակցութեան, որ յեղափոխութեան կրակի ճամբաներէն անցած, այսօր, յաղթահասակ կաղնի մը իբրեւ, իր թեւերը լայն տարածած է հայ կեանքի բոլոր կալուածներէն ներս` իբրեւ անվհատ եւ արթուն պահակը հայութեան անկորնչելի արժէքներուն: Որքան կը հեռանանք հայոց պատմութեան փոթորկալի...

horoscope1-saidaonline7

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ճամբորդութեան պարագային ձեր մեկնումի հարցերը կարգադրեցէք, որպէսզի ձեր ճամբորդութիւնը անցնի հաճելի: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Աշխատանքի մէջ ձեզի մօտիկ անձերը կրնան խնդիրներ ստեղծել, եւ դուք պիտի ստիպուիք ստանձնել ձեր պատասխանատուութիւնը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Միշտ ուրիշները յառաջ տանելու մասին մի՛ մտածէք: Դուք եւս կրնաք դուք ձեզ արժեւորել անպայման: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Զարմիկ Տեմիրճեանի մահուան առիթով` Տէր եւ տիկին Մարտիկ Պօղոսեան  100.000 լ.ո. Տէր եւ տիկին Նազօ Պարսումեան 100.000 լ.ո. Յակոբ եւ Սոնիա Ենիգոմշեան եւ ընտանիք 100$ Ցոլակ Թիւթէլեան 100.000 լ. ո.

Պետիկ Հերկելեանի Յիշատակին

Խաչքարը հայ կոթողային արուեստի ամէնէն բարձրորակ, ամէնէն ինքնատիպ ու ամէնէն տարածուած տեսակը կը նկատուի:  Խորհրդային տարիներուն թէեւ պարբերաբար խաչքարեր կը կերտուէին, սակայն պետութեան կողմէ չէր քաջալերուած ատիկա ու կը մնայ սահմանափակ շրջանառութեան մէջ: Հայաստանի անկախացումէն ետք հայ խաչքարային արուեստը նոր թափ ստացաւ, զարգացաւ, ու շնորհիւ սփիւռքին` տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ: Այսօր բազմաթիւ երկիրներու մէջ զետեղուած են ժամանակակից յղացքներով խաչքարեր, որոնք...

1204_Christmas-Wreath

Հայոց Նոր Տարին. Նոր Տարուան Ջուրը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Անցեալին հայերը Ամանորի կէս գիշերուան հոսող ջուրին յատուկ զօրութիւն կը վերագրէին: Որոշ տեղեր համոզուած էին, որ ճիշդ կէս գիշերին, երբ հին տարին իր տեղը կը զիջի նորին, գետերու ջուրերը պահ մը ոսկի կը հոսին: Ընթրիքէն ետք, կէս գիշերին երիտասարդները կ՛երթան նոր, թարմ ջուր բերելու: Այսպէս, եօթը անգամ կ՛երթային եւ մէկական կուժ ջուր կը բերէին եւ կուժերը քով-քովի...

Page 366 of 483 1 … 365 366 367 … 483