ՀՄԸՄ

«Պէտք Է, Որ Մեր Ներկայ Սերունդը ՀՄԸՄ-ի Բոցավառ Ջահը Լաւապէս Փոխանցէ Սերունդէ Սերունդ» Կ՛ըսէ Ստեփան Տէր Պետրոսեան

Ստեփան Տէր Պետրոսեան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը աւելի քան երկու տարիէ ի վեր «Ազդակ» օրաթերթին մէջ ՀՄԸՄ-ի յատուկ էջով լայնօրէն անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին կեանքին, ինչպէս նաեւ կատարեց բազմաթիւ հարցազրոյցներ` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանին մէջ ծառայած ու միութեան իրենց ներդրումը բերած շարք մը ՀՄԸՄ-ական քոյրերու եւ եղբայրներու հետ, լսելով անոնց անցեալի ու ներկայի անհատական ու հաւաքական յաղթանակները, յուշերն ու...

Պիտի Շարունակենք Մայիսեան Յաղթանակի Երթը

«Եթէ Կրնաս` Բարձրացիր... Եւ Քեզի Հետ Ուրիշներն` Եթէ Կրնաս Բարձրացո՛Ւր...» Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին համար սովորութիւն դարձած է Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը նշել Մայիսեան հանդիսաւոր եւ փառաշուք փառատօնով: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքը` իր սկաուտներով, մարզիկներով, ԼԵՎԱՄ-ի մարզախաղերուն  մասնակցած դպրոցական աշակերտներով ոտքի կը կանգնի բարձրագոռ յայտարարելու, որ պիտի ընթանայ իր նախնիներու գծած նուիրական ուղիով, պիտի շարունակէ ՀՄԸՄ-ի սրբազան առաքելութիւնը` սփիւռքի մէջ թէ Հայաստանի`...

«Հպարտութեամբ Կ՛Ըսեմ, Որ ՀՄԸՄ-ի Եւ ՀՅԴ-ի Ընդմէջէն Ես Կրցած Եմ Բարձրանալ Այսօրուան Դիրքիս» Կ՛Ըսէ Յակոբ Խաչերեան (Ասիոյ Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ընդհանուր Քարտուղար)

ՀՄԸՄ-ի քարոզչական յանձնախումբը իր այս թիւով կը հրապարակէ յատուկ զրոյց մը Յ. Խաչերեանի հետ, Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար ընտրուելուն առիթով: Հարցազրոյցին ընթացքին կ՛անդրադառնանք Յ. Խաչերեանի կենսագրականին, անոր ստանձնած պաշտօններուն, ՀՄԸՄ-ի ընդմէջէն իր հասած հպարտալի դիրքին, ՀՄԸՄ-ի կարգախօսը բարձր պահելու եւ գործադրելու պատրաստակամութեան: Յակոբ Խաչերեան ծնած է 1954-ին, Հալէպ: 6 տարեկանին, ան մաս կազմած է ՀՄԸՄ- Հալէպի գայլիկական վոհմակին, մինչեւ...

«Եթէ ՀՄԸՄ-ը Պէտք Ունի Ինծի, Այսօր Իսկ Պատրաստ Եմ Դաշտ Իջնելու» Կ՛Ըսէ Եղբ. Վարդգէս Էսկիպաշեան

ԼԵՎԱՄ-ի հիմնադրութենէն ի վեր 37-րդ տարին ըլլալով է, որ երթը անխափանօրէն կը շարունակուի: Հայկական դպրոցներուն մէջ ԼԵՎԱՄ-ի խաղերն ու մրցումները կը շարունակուին եւ կը նպաստեն հոն յաճախող հայ աշակերտներուն մարզական եւ ազգային ոգին բարձր պահելու: ԼԵՎԱՄ-ը հայ աշակերտներուն մէջ կ՛արթնցնէ սէրը` մարմնակրթութեան նկատմամբ եւ զանոնք կը համախմբէ հայկական մթնոլորտի մէջ: ՀՄԸՄ-ի մարզական կեանքին մէջ միշտ ալ եղած են օրինակելի անձեր,...

«ՄԻՇՏ ԲԱՐՁՐԱՆԱՆՔ ԵՒ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵՆՔ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՀՄԸՄ-Ը» Կ՛ԸՍԷ ԵՂԲԱՅՐ ԺԱՔ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը իր կատարած հարցազրոյցներու ծիրին մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ եղբայր Ժաք Պոյաճեանին հետ: Ան մեզի պատմեց ՀՄԸՄ-ի մէջ տարած իր աշխատանքներուն եւ մասնաւորաբար միութեան մէջ իր ունեցած փորձառութեան եւ զգացումներուն մասին: Ժ. Պոյաճեան ՀՄԸՄ-ի մէջ ունի աւելի քան 60 տարուան միութենական ծառայութիւն: Փոքր տարիքէն մուտք գործած է ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը` նախ իբր ֆութպոլի, ապա պասքեթպոլի...

«ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆԻՆ ԿԱՄՔԸ ԶՕՐԱՒՈՐ է ԵՒ ԱՆ ՅՈՒՍԱՀԱՏԻԼ ՉԻ՛ ԳԻՏԵՐ» Կ՛ԸՍԷ ՊԱՏՐԻԿ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամներէն Պատրիկ Կիւլպէնկեան, երբ 1949-ին Իրանէն փոխադրուած է Պէյրութ, առաջին անգամ այցելած է ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբը, ուր անոր մօրեղբայրը պատասխանատու եղած է ՀՄԸՄ Պէյրութի հեծելարշաւի խումբին: Ընկերանալով իր մօրեղբօր` Պ. Կիւլպէնկեան մնայուն կերպով կ՛այցելէր ակումբ. այսպէս, ան շուրջ երեք տարի մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի յանձնախումբին: «Այդ շրջանին էր, որ Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղը բարգաւաճ վիճակ մը...

ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ` ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ

Անթիլիասի մէջ առաջին անգամ 1930-ական թուականներուն սկիզբն էր, որ  Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կայք հաստատեց, եւ ապա փոքրաթիւ հայ ընտանիքներ եկան հաստատուելու վանքին շուրջ: 1960-ականներու սկիզբը Անթիլիաս հաստատուեցան մեծաթիւ հայ ընտանիքներ, որոնք կու գային Պէյրութէն եւ Պուրճ Համուտէն: Անոնք կը գնէին եւ կը վարձէին նորակառոյց եւ արդիական յարկաբաժիններ եւ կը բնակէին հոն: Պէյրութէն եւ Պուրճ Համուտէն բացի, մեծ թիւով սուրիահայեր Հալէպէն ժամանած...

«ՀՄԸՄ-Ի ՇԵՓՈՐԱԽՈՒՄԲԻ ԹՄԲՈՒԿԻ ԱՄԷՆ ՄԷԿ ՀԱՐՈՒԱԾՈՎ ԻՄ ՄԷՋՍ ԿԸ ԿԵՆԴԱՆԱՆԱՅ ՄԵՐ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՄԲՈՂՋ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ» Կ՛ԸՍԷ Գ. ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան փոքր տարիքէն մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի գայլիկական խումբին եւ կը հաւատայ, որ ՀՄԸՄ-ի սէրն ու ՀՄԸՄ-ականի թրծումը իր մէջ եկած է այդ գայլիկական օրերէն: Դժբախտաբար չէ կրցած մնալ սկաուտական շարքերուն մէջ` իր հօր անակնկալ կորուստէն ետք, որ ծանր ազդած է անոր կեանքին վրայ:   Բայց եւ այնպէս երիտասարդական տարիներուն վերամիացած...

ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՈՒՂԻՆ ԵՒ ՆԵՐԿԱՆ

1995-ին ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղը պաշտօնապէս եւ զանազան ձեռնարկներով կը նշէ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 60-ամեակը, այս առիթով կը կազմակերպուին ֆութպոլի, պասքեթպոլի, հեծելարշաւի, աթլեթի մրցաշարքեր, հրապարակային դրօշակի արարողութիւններ, սկաուտական տողանցք, սկաուտական ջահագնացութիւն, ինչպէս նաեւ` պաշտօնական հանդիսութիւն մը, որ բաւական մեծ շուքով կը նշուի, եւ որուն կը նախագահէր հանգուցեալ Կարպիս Հարպոյեան: Մինչ այդ ակումբը կը գտնուէր բաւական անմխիթար վիճակի մը մէջ, ժողովները տեղի...

ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՈՒՂԻՆ ԵՒ ՆԵՐԿԱՆ

1932 թուականին Պէյրութի ելեկտրական ընկերութեան մօտ գտնուող հայկական մեծ հիւղաւանը իր Ս. Խաչ տախտակաշէն եկեղեցիով հրոյ ճարակ կը դառնայ մէկ գիշերուան մէջ: Տասնեակ հազարաւոր հայեր անպատսպար կը մնան եւ Պէյրութի գետին արեւելեան ափը անցնելով` հիմը կը դնեն Կիլիկիոյ զանազան քաղաքներու անունը կրող ընդարձակ թաղամասերուն, որոնց ամբողջութիւնը կը կոչուի իր տեղանունով` Պուրճ Համուտ: Հոն հաստատուող հայութիւնը, իր հոգեւոր ու մշակութային հաստատութիւններուն...

«ԻՄ ԿԵԱՆՔԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՍ ԿԸ ՊԱՐՏԻՄ ՀՄԸՄ-ԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՅՈՎՍԷՓ (ՅՈՎՍԷՓԻԿ) ՄՈՒՄՋՕՂԼԵԱՆ

ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի նախկին մարզիկներէն Յովսէփ (Յովսէփիկ) Մումջօղլեան շուրջ երեսուն տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած է Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ Փասատենա շրջանին մէջ: Վերջերս եղբայր Յովսէփ Մումջօղլեանի Լիբանան այցելութենէն օգտուելով` ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը, անոր հետ ունեցաւ շահեկան հարցազրոյց մը, որ հարազատօրէն կը ներկայացնենք այս էջով. «ՀՄԸՄ-ի մէջ ապրած եմ իմ ամբողջ կեանքս` մանկութենէն մինչեւ օրս, եւ ՀՄԸՄ-ը ինծի տուած է...

Արխիւներ