Հաղորդագրութիւն. Ազգային Վարժարաններու Փայլուն Յաջողութիւնը Պետական Պաքալորէայի Քննութիւններուն
Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ 2024-2025 տարեշրջանի պետական Պաքալորէայի եւ թեքնիք Պաքալորէայի քննութիւններուն ազգային վարժարանները արձանագրած են փայլուն արդիւնքներ` 1 «շատ լաւ» եւ 12 «լաւ» յիշատակութեամբ: Այս յաջողութիւնը արդիւնք է ազգային վարժարաններու տնօրէնութիւններու եւ ուսուցչական կազմերու հետեւողական, մասնագիտական եւ բծախնդիր աշխատանքին, ինչպէս նաեւ կրթական պատասխանատուներու խստապահանջ մօտեցումին եւ մնայուն հաշուետուութեան աշխատանքի գործելաոճին: Հետեւաբար, կը շնորհաւորենք կրթական բոլոր...