Ազգային Աբգարեան Վարժարանի Ամավերջի Միացեալ Հանդէս
Ազգային Աբգարեան վարժարանի ամավերջի միացեալ հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 23 յունիս 2013-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի: Ամավերջի հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Ազգային Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ տոքթ. Յակոբ Եագուպեանը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, Ազգային Աբգարեան վարժարանի հոգաբարձութիւնն ու մեծ թիւով հրաւիրեալներ, ծնողներ: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք կարգ...
