Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Աշակերտներ Վայելեցին Մուշեղ Իշխանի Մտերմութիւնը
Հ. Պ. Յաճախ կը շեշտենք, թէ հոգեմտաւոր դաստիարակութեան առընթեր նոյնքան ալ հարկ է արժեւորել ֆիզիքական աշխատանքը` որպէս մարդկային կեանքի զարգացման ներդաշնակ եւ հաւասարակշռուած արտայայտութիւն: Արդ, հայ վարժարանի նուիրական առաքելութեան բաղադրիչ մաս են առհասարակ արտադպրոցական նախաձեռնութիւններ, որոնց կայացումով եթէ երբեք մէկ կողմէ հայ աշակերտին մօտ կ՛ամրապնդուին ինքնավստահութեան եւ չարքաշութեան, վերուելակերպի ու ընկերականութեան արժանիքներ, միւս կողմէ անոնք պատեհ առիթներ կ՛ընձեռեն ծանօթութիւններու եւ...
