Գաղութային

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Պէսպիսուն Ստեղծագործական Ցուցահանդէսը

Շաբաթ, 31 մայիս 2014, երեկոյեան ժամը 7:00-ին դպրոցի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան բացման խօսքով ներկաներուն նշեց, թէ Հայ աւետարանական քոլեճը միշտ աշակերտներու մէջ կը քաջալերէր ինքնուրոյն ստեղծագործ  աշխատանքը, եւ թէ աշակերտներ շնորհիւ իրենց ուսուցիչներու քաջալերանքին ու ցուցմունքներուն` հանդէս եկած են նման գործերով: Ապա դպրոցի գծագրութեան եւ ձեռային աշխատանքի ուսուցիչ Վազգէն Մուղալեանի ձեռամբ տրուեցան ֆապրիանոյի 2013-ի մրցոյթի 10 մրցանակները, որոնց մէջ...

azeri_megaro_1_10-6-14

ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Նախաձեռնութիւնը Խանգարեց Աթէնքի Մէջ Ազերիական Համերգի Կազմակերպումը

Ջուղայի հայկական գերեզմանատան դէմ ազերիներու բարբարոսութիւնը ցոյց տուող պրակ մը բաժնուեցաւ Աթէնքի համերգասրահը մուտք գործող բոլոր հրաւիրեալներուն, որոնց կարգին` օտար դիւանագիտական եւ յոյն գործարարական ու հասարակական միութեանց շրջանակներուն: Ազրպէյճանի քարոզչութիւնը յոյն հասարակութեան մօտ յաջողցնելու համար վերջերս որոշ մշակութային բնոյթի ձեռնարկներու իրագործումը կը կատարուի Յունաստանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանութեան, կամ անոր կից գործող միութիւններու կազմակերպումով: Այս ծիրէն ներս, ուրբաթ, 6 յունիսի երեկոյեան...

0806badani-(2)

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնակատարութիւնն Ու ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները

«Եռագոյն դրօշ ծալքերով վէտ-վէտ, Բարձրէն, մի՛շտ բարձրէն ծածանի յաւէտ, Դուն խորհրդանիշ ազատ հայութեան, Կեցցէ՛ ՀՅԴ եւ ցեղն մեր Հայկայ»: Եռագոյն դրօշը բարձր պահեցին ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին նախաձեռնած բոլոր ձեռնարկներուն, որոնք կազմակերպուած էին շրջաններու կոմիտէներուն կողմէ, 27 մայիսէն 31 մայիս երկարող շաբթուան ընթացքին: Այսպէս, երեքշաբթի, 27 մայիսին   «Փոլիկարպոս» շրջանի «Խորէն Այնթէպլեան» կառատան մէջ շրջանի...

arek-(1)_Tutunjian-Art-Gallery

Համազգայինի «Արեգ» Թատերական Դպրոցի Աշակերտներուն Այցելութիւնները «Վանայ Ձայն» Եւ «Լ. Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ

Ուրբաթ, 6 եւ շաբաթ, 7 յունիս 2014-ին Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի պատասխանատու, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի գլխաւորութեամբ, «Ն. Աղբալեան» եւ «Լ. Շանթ» կեդրոններուն մէջ գործող «Արեգ»-ի աշակերտները այցելեցին «Շաղզոյեան» կեդրոն: Երկու օրերու ընթացքին աշակերտները այցելեցին Համազգայինի «Լ. Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ, ուր կը ցուցադրուին Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» ակադեմիայի ուսուցիչներու եւ աշակերտներու անչափ տպաւորիչ գեղանկարչական աշխատանքները: «Արեգ»-ի աշակերտները այցելեցին նաեւ «Վանայ ձայն», ուր ծանօթացան...

IMG_1621

Զմմառու Ուխտի Օր

Աւանդութեան համաձայն, Զմմառու ուխտի օրը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ կիրակի, 1 յունիս 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին:  Հայ կաթողիկէ Զմմառու վանքը լայն բացաւ իր թեւերը` հիւրընկալելով հազարէ աւելի ուխտաւորներ` Լիբանանի տարբեր շրջաններէ, մասնակցելու համար Հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին կողմէ մատուցուած Ս. պատարագին, ապա Վարդարանի ջերմեռանդութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով: Զմմառու հրապարակէն Տիրամօր արձանը ուսամբարձ, Ս. Վարդարանի աղօթքով եւ...

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարան 2014-ի Աւարտական Հանդէս. «24 Ապրիլ 2015 Թուականին Լիբանանի Կաթողիկէ Դպրոցները Եւս Փակ Կը Մնան` Յարգելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեայ Յիշատակը» Կ՛ըսէ Հայր Պութրոս Ազար

Ուսումնական տարեշրջան մը եւս հասաւ իր աւարտին: Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը հունձք մը եւս յանձնեց կրթական աւելի բարձր հաստատութիւններու: Առ այդ, ուրբաթ, 16 մայիս 2014-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից հանդէսը` նախագահութեամբ Լիբանանի կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ հայր Պութրոս Ազարի: Հանդիսութիւնը սկսաւ աւարտական դասարանի երեք բաժանմունքներու` ընկերա-տնտեսական, կենսաբանական եւ ընդհանուր գիտութեան բաժանմունքներու 23 շրջանաւարտներու մուտքով: Յայտագիրը կ’ընդգրկէր, չորս լեզուներով...

3004GPV-(2)

Յիշատակի Ոգեկոչումն Ու Յաղթանակի Պարը (Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան)

Հպարտութիւնը է տեսնել ու ապրիլ այն իրականութիւնը, երբ հայ վարժարանի երդիքին տակ իրերայաջորդ սերունդներ մտքի ու հոգիի լուսաւորման առընթեր, նաեւ կը ստանան ազգային խորքով ու շունչով դաստիարակութիւն, որուն արտայայտութիւնը մենք` հաւաքաբար կը տեսնենք տարբեր նախաձեռնութիւններու ընդմէջէն: Այլ խօսքով, ինչո՛վ կը զանազանուի հայ վարժարանը այլ կրթական հաստատութիւններէ, եթէ ոչ իր ջամբած քրիստոնէավայել ու ազգային ու հայրենասիրական բորբ հաւատամքի առաւել ուսուցմամբ եւ...

Դասախօսութիւն` «Դաստիարակութեան Ներկայ Մարտահրաւէրները»

Կազմակերպութեամբ Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի Ծնողական խորհուրդին, ուրբաթ, 16 մայիս 2014-ին, վարժարանի «Մուսա Լեռ» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «Դաստիարակութեան ներկայ մարտահրաւէրները» նիւթով դասախօսութիւն մը: Ծնողական խորհուրդի անդամուհիներէն Նայիրա Պաթուզեան, ամփոփ կէտերով ծնողներուն ներկայացուց օրուան դասախօս դոկտ. Մարալ Պոյաճեանը: Մարալ Պոյաճեան դասախօս է Էն.Տի.Եու եւ Էյ.ԵուՊի. համալսարաններուն մէջ: Մարալ Պոյաճեանին հետ հանդիպումը վերածուեցաւ մտերմիկ խօսակցութեան մը, երբ ան ներկաներուն փոխանցեց...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի «Ծիրանի» Երգչախումբի Համերգ

Շաբաթ` 24 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համերգ` կատարողութեամբ Հայ աւետարանական քոլեճի «Ծիրանի» մանկապատանեկան երգչախումբին, խմբավարութեամբ` Նեկտար Փալազեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ` Լոռի Այնթապլեանի: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան: Ան նկատել տուաւ, որ կեանքը, եկեղեցին, շարժանկարը առանց երաժշտութեան անիմաստ պիտի թուէին: Երգն է, որ կ՛ազնուացնէ մեր հոգիները, եւ այդ պատճառով...

3005apkarian-(1)

Ազգ. Աբգարեան Վարժարանի Մայիսեան Փառատօնը

Ուրբաթ, 30 մայիս 2014-ին, Ազգ. Աբգարեան վարժարանի աշակերտներն ու ուսուցչական կազմը ներկայացան դպրոց` միօրեայ հանդիսութեամբ նշելու Շուշիի ազատագրման եւ Հայաստանի անկախութեան տօները: Առաւօտեան աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք նախակրթարանի աշակերտները իրենց եռագոյն շապիկներով կազմեցին բուրգեր, ապա երգեցին «Սարդարապատ» ու Հայաստանի քայլերգները: Խումբ մը աշակերտներ իրենց հեծիկներով ուղղուեցան քաղաքապետարան` իրենց շնորհակալութիւնը յայտնելու քաղաքապետին, որ կը հովանաւորէր վարժարանին փառատօնը,...

ՀԲԸՄ Վարժարաններ. Կեանքի Գունագեղ Արձագանգներ Մայիսեան Ցուցահանդէս

ՀԲԸ Միութեան երեք վարժարաններու` Դարուհի-Յովակիմեանի, Կարմիրեան եւ Նազարեան դպրոցներու սաներուն տարեկան ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ ՀԲԸ Միութեան «Զապէլ Մովսէսեան» սրահին մէջ: Եռօրեայ ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ ներկայութեամբ ՀԲԸ Միութեան  Կրթական մարմինի անդամներու,վարժարաններու տնօրէնութեան, ուսուցչական մեծ կազմի, տիկնանց յանձնախումբերու, ծնողներու  հիւրերու եւ անշուշտ` աշակերտներու: Աւանդական ժապաւէնի հատումէն ետք սրահները ողողուեցան հետաքրքրասէր դիտողներով եւ հոս ու հոն խճողուած խումբեր կարծիքներու փոխանակումով, քննարկումներով ու գնահատական...

2205Shahanrtoukhd-f

«Մայրերու Օր»-ուան Արժանաւոր Յարգանք ԼՕԽ-ի Ընտանիքին Մէջ

Մայիս ամիսը տարբեր խորհուրդ եւ իմաստ ունի հայ ժողովուրդին համար: Գարնանային այս վարդաբոյր  ամսուան ընթացքին կը յիշենք մեր պատմութեան յաղթապանծ տարիները, օրերը: Աշխարհի համն ու բոյրը հանդիսացող մայրն ու մայրութիւնը կը փառաւորուին մայիսին` նոյն ատեն փառաւորելով Աստուածամայրը: Այս գիտակցութեամբ զինուած, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերը մայիս ամսուան ընթացքին տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց նուիրեալ ու թանկարժէք էակներով` մայրերուն տօնը: «Աշխէն» Մասնաճիւղ Լիբանանահայ օգնութեան...

logo-lokh1

ԼՕԽ-ը Եւ Հայուհին Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ նախաձեռնութեամբ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 22 մարտ 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ Մզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի լսարանը, ներկայութեամբ մասնաճիւղի անդամներուն եւ ԼՕԽ-ի բարեկամներու: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները ողջունեց    մասնաճիւղի ատենապետ Մարօ Թազեան: Ձեռնարկին զրուցավարն էր Սիլվա Գարավարդանեան. ան արծարծեց ԼՕԽ-ականն ու հայուհին հետաքրքրող նիւթեր` ԼՕԽ-ին հիմնադրութենէն...

garineh-daretsnerou-tsernarg

Ճաշ` Ի Պատիւ Տարեցներու

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2014 տարին հռչակեց «Տարեցներու տարի» յայտարարելով, որ ասիկա կը մեկնի այն իրողութենէն, որ տարեց սերունդը աւիշն է մեր ընկերութեան, հիմքը ընտանիքին եւ զօրեղ կռուաններէն մէկը որեւէ կազմակերպութեան` անհրաժեշտութիւն նկատելով անոնց նկատմամբ ցուցաբերել հոգածութիւն, սէր, խնամք եւ յարգանք: Առ այդ, Ամանոս շրջանի ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը` որպէս իր ժամանակաշրջանի եզրափակիչ ձեռնարկ, 29 մայիս 2014-ի կէսօրին,...

ԼՕԽ-ի «Նայիրի» Մասնաճիւղ. Ընկերային Հանդիպում Միջինքի Առիթով

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ու կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան, 20 մարտ 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի նորակառոյց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը միջինքի առիթով: Լիբանանեան, հայկական եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ատենապետ Մարօ Թազեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը եւ ներկայացուց օրուան յայտագիրի գլխաւոր կէտերը: Այս առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն` Փառէն ծ. վրդ. Վարդանեան...

logo-lokh1

«Շուշի» Մասնաճիւղի Միջինքի Ձեռնարկին

11 մարտ 2014-ին Զահլէի «Մոնթէ Ալպերթօ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի Միջինքի առիթով կազմակերպուած ճաշկերոյթը, որուն ներկայ էին 160 հոգիներ, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, Այտա Ճորճ Գասարճի, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ Այնճարի Տիկնանց միութիւններու ներկայացուցիչները: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետ Մարկօ Բարսեղեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ հակիրճ ձեւով ներկայացուց ԼՕԽ-ի գործունէութեան...

ԼՕԽ-ի «Անի» Մասնաճիւղի «Թռչնոց Բոյն» Այցելութիւնը

ԼՕԽ-ի Ժտէյտէի «Անի» մասնաճիւղի վարչութիւնը 10 ապրիլին այցելեց «Թռչնոց բոյն» եւ նիւթական պարգեւ յատկացուց կեդրոնին: ԼՕԽ-ականները ընդունուեցան հաստատութեան տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեանի կողմէ, որ ներկայացուց իրենց աշխատանքները, առօրեան, ընթացիկ հարցերու մասին եւս տեղեկութիւններ տալով: Հանդիպումին ընթացքին տնօրէնին յատկացուեցաւ նուիրատուութիւնը: Անկէ ետք ԼՕԽ-ականները այցելեցին եկեղեցի, անոր ետին գտնուող հայ որբերու գերեզմանատուն:

ՔԱՀԼ-ի Լիբանանի Հայ Անկարներու Կեդրոն Այցելութիւն

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Ժտէյտէի «Անի» մասնաճիւղին վարչութիւնը սրտի պարտք համարեց, որ իր այցելութիւններուն առաջինը ըլլայ ՔԱՀԼ-ի կեդրոն` մեր սիրասուն մամիկներուն, անսալով Արամ Ա. վեհափառի կոչին, որ 2014 տարին «Տարեցներու տարի» հռչակեց եւ պատգամեց յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերել ծերին: Ուստի, վարչութիւնը ուրբաթ, 28 մարտ 2014-ի առաւօտուն ՔԱՀԼ այցելեց` օրուան մը ճաշի ծախսը ստանձնելով: Նախապէս որոշուած կարգադրութեամբ, աւելի քան 25 տարեց մամիկներ, որոնք...

2405Jisht-Hentchenk1

Մայրենի Լեզուի Պահպանման Ի Խնդիր Կազմակերպուող «Ճիշդ Հնչենք» Յայտագիրի Աւարտական Հանգրուան

Կազմակերպութեամբ «Վանայ ձայն»-ի եւ հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան շաբաթ, 24 մայիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաճելի սովորութեան վերածուած եւ բոլորին կողմէ սպասուող «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական հանգրուանն ու մրցանակաբաշխութիւնը, որ ուղղակիօրէն ձայնասփռուեցաւ «Վանայ ձայն»-էն: Չորս տարիէ ի վեր իր յաջող ընթացքը շարունակող այս յայտագիրը արդէն իսկ վերածուած է իւրայատուկ, աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն համար հետաքրքրական...

IMG_04131-(1)

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Երկուշաբթի, 26 մայիս 2014-ին,Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան դոկտ. Ղատանֆար Ռուքն Ապատիի: Դեսպանը Անթիլիաս այցելած էր շուրջ հինգ տարուան Լիբանանի մէջ իր դիւանագիտական ծառայութեան աւարտին, հրաժեշտ առնելու վեհափառ հայրապետէն: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր վերարժեւորումի ենթարկելու Լիբանանի եւ շրջանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Դեսպանը իր գնահատանքը յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Արամ Ա. կաթողիկոսի դրական...

Page 75 of 114 1 … 74 75 76 … 114