Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբին Հետ` Փոքրիկն Մարկարիթա Միքայէլեանին Տպաւորիչ Ելոյթը
Ուրբաթ, 25 մայիսին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Յիսուսեան միաբանութեան Մոնոյի Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հերթական համերգը` նուագավարութեամբ դաշնակահար Ուալիտ Մուսալլէմի: Յայտագրին առաջին բաժինով, իբրեւ մենակատար, նուագախումբին հետ իր անդրանիկ ելոյթը ունեցաւ 9-ամեայ փոքրիկն դաշնակահարուհի Մարկարիթա Միքայէլեանը, որուն բեմական գերազանց ինքնավստահ կեցուածքն ու անթերի ու անսայթաք նուագը, իր տարիքին համեմատ ցուցաբերած բարձր երաժշտականութեան հետ խորապէս տպաւորեցին ներկայ...
