Լիբանանեան Կեանք

ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ` ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Լիբանան երկրորդ անգամ ըլլալով ստանձնեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութեան նստաշրջանը, որ պիտի շարունակուի սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին, ներկայացուցչութեամբ` ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն պատուիրակ Նաուաֆ Սալամի: Սալամ, որ արդէն իսկ նախապատրաստական աշխատանքի դիմած է ընդունելու համար հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, որ յառաջիկայ 18 սեպտեմբերին պիտի մեկնի Նիւ Եորք` մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի 66-րդ Ընդհանուր ժողովին, որուն ընթացքին ան Լիբանանի խօսքը պիտի արտասանէ...

ՅՈՒԼԻՍԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՆՈՐ ԶԳԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍՏԵՂԾԵՑ

Արդէն իսկ հինգ տարիներ անցած են Լիբանանի դէմ սանձազերծուած իսրայէլեան պատերազմէն, սակայն անոր արդիւնքներուն, հետեւանքներուն եւ Լիբանանի, Իսրայէլի ու շրջանին ապագային վրայ անոր ունենալիք ազդեցութիւններուն մասին բանավէճը տակաւին առկայ է: Այս բանավէճին ծիրին մէջ Ուսումնասիրութեանց եւ հետազօտութիւններու խորհրդակցութիւններու կեդրոնը, որ քանիցս նախաձեռնած է խորհրդաժողովներու ու լուսաբանական կլոր սեղաններու, պատերազմի աւարտին հնգամեակին առիթով նախաձեռնեց այլ հանդիպումի մը` պարզաբանելու համար այս հարցով...

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կազմած կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը վաւերացուեցաւ անցեալ հինգշաբթի, 30 յունիսին, երբ կառավարութիւնը Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը, նախագահութեամբ` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի: Աշխատանքային այս ծրագիրին հիման վրայ է, որ կառավարութիւնը այսօր պիտի ներկայանայ խորհրդարան` ստանալու համար խորհրդարանի վստահութեան քուէն: Ստորեւ կը ներկայացնենք, 13 յունիս 2011-ին Միքաթիի կազմած կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը` իր ամբողջական ձեւին մէջ. «Մեր կառավարութիւնը կը...

ԱՊՊԱՍ ԻՊՐԱՀԻՄԷՆ ԵՏՔ` ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅԼ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ

Զարմանալի, բայց իրաւ: Լիբանանի մէջ կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի դրական մթնոլորտ, քաղաքացիներուն մօտ կը տիրեն լաւատեսական եւ յուսալից տրամադրութիւններ, որոնց լոյսին տակ կառավարութենէն կ՛ակնկալուի իրագործել մեծ նուաճումներ` դիւրացնելու համար քաղաքացիներուն կեանքը եւ վերահաստատելու համար լիբանանեան գերիշխանութիւնն ու Լիբանանի դիրքը` միջազգային ամպիոններուն վրայ եւ միջազգային յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ: Կառավարութիւնը, որ խորհրդարանի վստահութեան քուէն ստանալէն անմիջապէս ետք լծուեցաւ աշխատանքի, իր առաջին նիստին ընթացքին...

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԿԱԶՄԸ` ԻՐ 30 ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՎ

Եւ 140 օր ետք կարելի եղաւ կազմել Լիբանանի կառավարութիւնը, որ անմիջապէս լծուեցաւ գործի` մշակելու համար իր աշխատանքային ծրագիրը եւ հասնելու համար լիբանանցիին օգնութեան: «Բոլորս յանուն հայրենիքի` դէպի աշխատանք» կարգախօսին ներքեւ գործելիք այս կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն կը նկատուի լուծել լիբանանցիներուն դիմագրաւած ընկերային եւ տնտեսական հարցերը: «Լիբանանեան կեանք»ի այսօրուան էջով կը ներկայացնենք կառավարութեան նոր կազմը իր 30 նախարարներով: Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը...

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՔԱՈՍԻՆ ԱՌԸՆԹԵՐ. Ո՞Վ ԿԸ ՀԱԿԱԿՇՌԷ ԼԻԲԱՆԱՆԸ, ԵԹԷ ԱՆՈՐ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԲՌՆԿԻ

«Մենք իբրեւ լիբանանցիներ, պէտք է համախմբուինք եւ վերջ տանք արտաքին ուժերու կամ պետութիւններու ենթակայ ըլլալու մեր իրականութեան, որպէսզի շրջանցենք ստրուկի հոգեբանութեամբ գործելու հանգրուանը եւ արժանի իշխանաւորները դառնանք Լիբանանի վերաբերող ինքնուրոյն որոշումները տալու եւ օրէնքները տնօրինելու մեր իրաւունքին»: Ոչ նոյն բառերով ըսուած, սակայն անոր նման կեցուածքներ ամէն առիթով կը հնչեն Լիբանանի մէջ` շեշտելով լիբանանեան ազգային ինքնուրոյն որոշում ունենալու անհրաժեշտութիւնն ու կենսականութիւնը:...

ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ 11-ԱՄԵԱԿ (ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի 10-րդ կայանին կողմէ պատրաստուած եւ սփռուած վաւերագրական ժապաւէն մը կ՛անդրադառնայ 2000 թուականին իսրայէլեան ուժերուն հարաւային Լիբանանէն հեռանալու որոշումին: Իսրայէլեան աղբիւրներու եւ հեղինակութիւններու կողմէ պատրաստուած այս ժապաւէնին մէջ կը հաստատուի, թէ հարաւային Լիբանանէն 24 մայիսի գիշերն իսկ հեռանալու Իսրայէլի որոշումը կանխաւ ճշդուած թուական մը չէր, այլ պարտադրուած էր Հըզպալլայի կողմէ` շնորհիւ ապահովական գօտիին վրայ անոր բանեցուցած ճնշումներուն: Իսրայէլեան...

ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ ԳԻՆԵՐՈՒ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄԻՆ ԵՒ ՍՂԱՃԻՆ ԴԷՄ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼ 19 ՄԱՅԻՍԻՆ

Լիբանանի մէջ վառելանիւթն ու ելեկտրականութիւնը մնայուն  կերպով տագնապահար վիճակի մէջ են` նկատի ունենալով այդ մարզերուն հանդէպ լիբանանեան պետութեան վարած ոչ իմաստուն քաղաքականութիւնը եւ տարբեր կառավարութիւններու եւ վարչապետներու կողմէ այդ մարզին բարելաւման համար ներկայացուած ամբողջական ու շինիչ ծրագիրներու գործադրութեան մերժումը: Վերջին տասնամեակներուն ընթացքին Լիբանանը եւ լիբանանցիները յուզող հիմնական հարցի վերածուած է վառելանիւթի գիներու բարձրացումը, որուն իբրեւ հետեւանք` երկրին մէջ կ՛արձանագրուի ընդհանուր...

ՌՈՒՄԻԷԻ ԲԱՆՏԻՆ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ (Բ.)

Ռումիէի բանտը հարուածած հսկայ փոթորիկէն ետք բանտին կացութիւնը վերագտած է իր խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը` վերջ մը դնելով նաեւ բանտին մուտքին կամ այլ շրջաններու մէջ կատարուող բողոքի ցոյցերուն, որոնք հիմնականին մէջ ինքնաբուխ ցոյցեր էին` կատարուած արգելափակեալներուն հարազատներուն կողմէ: Ռումիէի բանտին մէջ արձանագրուած այդ ըմբոստութեան եւ զայն հակակշիռի տակ առնելու առումով, երեքշաբթի, 5 ապրիլին,  բանտին մէջ տեղի ունեցած զինուորական գործողութեան մասին մանրամասն...

ՌՈՒՄԻԷԻ ԲԱՆՏԻՆ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԱՆՈՐ ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ (Ա.)

«Մեր յեղափոխութիւնը իրաւազրկումի քաղաքականութեան դէմ է», հաստատեց արգելափակեալ մը, որ Ռումիէի բանտէն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կ՛ունենար լիբանանեան լսատեսողական լրատուամիջոցներէն մէկուն հետ: Արաբական աշխարհին մէջ վարչակարգերուն դէմ բռնկած բողոքի շարժումներուն առընթեր Լիբանանի մէջ ծայր տուած համայնքային վարչակարգին դէմ կատարուած բողոքի ցոյցերուն կողքին, շաբաթ, 2 ապրիլին, Ռումիէի բանտէն հնչեց «յեղափոխութեան» այլ ձայն մը եւ բարձրացաւ հսկայ հրդեհ մը, որ մեծ աւեր ու...

ԻՍՐԱՅԷԼ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ …

Լիբանանի յաջորդ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դէմ ծառացող արգելքներուն զուգահեռ, անցեալ շաբաթավերջին շրջանառութեան մէջ դրուեցան Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք իսրայէլեան նոր պատերազմի մը հաւանականութիւններուն մասին ակնարկող լուրեր, որոնք հետզհետէ աւելի ստոյգ եւ շօշափելի դարձան այդ մասին ակնարկութիւններ կատարող տեղեկութիւններուն սպրդումով: Մինչ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի անձայն կը գործեն կառավարութիւնը կազմելու նպատակով, ակներեւ է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի...

ՄԱՐ ՊՇԱՐԱ ՊՈՒԹՐՈՍ ՌԱՅԻ` 77-ՐԴ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Անցեալ երեքշաբթի մարոնի համայնքը ունեցաւ իր նոր պատրիարքը, երբ մարոնի եպիսկոպոսները գրեթէ համախոհութեամբ պատրիարք ընտրեցին Ժիպէյլի առաջնորդ Պշարա Ռայի եպիսկոպոսը: Ռայի պատրիարքը իր արտասանած առաջին սրտի խօսքին մէջ որդեգրեց «Գործակցութիւն եւ սէր» կարգախօսը, որուն շուրջ ահաւասիկ շաբաթէ մը ի վեր կը կատարուին հաստատումներ, մեկնաբանութիւններ եւ եզրակացութիւններ: Մարոնի համայնքի 77-րդ պատրիարքին շնորհաւորելու փութացին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ...

ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ Է, ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ՉԷ…

Այսօր 14 մարտ է. բոլորը կը խօսին յեղափոխութեան մասին: Արդէն վերջերս ամբողջ աշխարհը կը խօսի յեղափոխութեան մասին, թէեւ այսպէս կոչուած «յեղափոխութիւնը» միայն արաբական աշխարհին մէջ է: Այսպէս կոչուած կ՛ըսենք, որովհետեւ տակաւին չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ այդ շարժումներուն արդիւնքը: Տակաւին ոչ ոք գիտէ, թէ Եգիպտոսի մէջ պատահածը ի՞նչ է. յեղափոխութիւ՞ն, թէ՞ իշխանափոխութիւն: Նոյն մօտեցումով պէտք է դիտել նաեւ 14...

ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԵՒ ՄԵԾԱՐԳՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԷՆ ԵՏՔ` ՊՔԵՐՔԷ 9 ՄԱՐՏԻՆ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ՆՈՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՆԻՍՏԸ

19 ապրիլ 1986-էն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով, մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը անցեալ չորեքշաբթի, իբրեւ հանգստեան կոչուած եպիսկոպոս, ներկայ գտնուեցաւ Պքերքէի մէջ տեղի ունեցած մարոնի եպիսկոպոսներու նիստին: Ամսական հերթականութեամբ գումարուող մարոնի եպիսկոպոսներու ընթացիկ նիստին նախագահեց Ռոլան Ապու Ժաուտէ եպիսկոպոսը, նկատի ունենալով, որ ան միաբանութեան ամէնէն երէց եպիսկոպոսներէն է: Նիստին ընթացքին մարոնի եպիսկոպոսները գնահատեցին Սֆէյր պատրիարքին վաստակը, անոր ունեցած դերակատարութիւնը եւ...

Page 2 of 2 1 2

Արխիւներ