Գաղութային

2704toronto-()

Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Թորոնթոյի Հաւաքին Մասնակցեցաւ Նախարար Ճէյսըն Քենի

Կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման Թորոնթոյի միացեալ յանձնախումբին, 27 ապրիլին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչումը Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ: Հոգեւոր հայրերու, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու եւ թորոնթոհայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու,  ինչպէս նաեւ թորոնթոհայ հայրենակիցներու կողքին, ներկայ էին Քանատայի դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական կառավարութիւններու պաշտօնատարներ եւ Թորոնթոյի տարածքին գործող մշակութային, բարեսիրական եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Ձեռնարկը...

177.Genocide-commemoration-events-in-Seoul-25.04

Հարաւային Քորէա. Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկ` Սէուլի Մէջ

Նախաձեռնութեամբ Քորէա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբին, աջակցութեամբ Քորէայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, 24 ապրիլին Սէուլի` Հարաւային Քորէայի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընդունելութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին նուիրուած լուսանկարներու ցուցադրութիւն: Ցուցահանդէսին ներկայ էին Հարաւային Քորէայի Հանրապետութեան բազմաթիւ քաղաքացիներ, որոնց շարքին` երեսփոխաններ, գործարարներ եւ լրագրողներ, որոնք դիտեցին Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող տասնեակ մը լուսանկարներ եւ պաստառներ:...

Շուէտ. Ցեղասպանութեան 99-րդ Տարելիցի Ձեռնարկներ` Սթոքհոլմի Մէջ

24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին առիթով Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցան տարբեր ձեռնարկներ: Շուէտի հայկական միութիւններու համադրող կեդրոնին նախաձեռնութեամբ` Սթոքհոլմի կեդրոնական Սերյելս Թորյ հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք, ուր խօսքեր առին բարձրաստիճան տարբեր պաշտօնատարներ: Իր ելոյթին մէջ Շուէտի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արտակ Ապիտոնեան նշեց, որ այսօր հայ ազգը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ այն երկիրներուն, որոնց շարքին` Շուէտին, որոնք ճանչցած...

IMG_5282

Հայկազեան Համալսարանի Երաժշտական Յանձնախումբը Կ՛ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Երեքշաբթի, 29 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչում: 99 տարիներ անցած ըլլալով հանդերձ, հանդիսատեսները եկած էին նոյնքան եւ աւելի ջերմ զգացումներով իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակին: Յայտագիրը, որ կազմակերպուած էր համալսարանի երաժշտական յանձնախումբին կողմէ, զուտ գեղարուեստական բնոյթ ունէր: Հնչեցին երգերը` Կոմիտասի, Սպենդեարեանի, Խաչատուրեանի, Բաբաջանեանի, Ամիրխանեանի եւ այլոց, որոնք կ՛անմահացնեն...

2704Vancouver1

Վանքուվըրի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողին

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Քանատայի մարմինի կազմակերպութեամբ, Վանքուվըրի հայութիւնը ապրիլ 27-ին  ոգեկոչեց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակը: Այս տարուան ոգեկոչման ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ բացումը «Մաունթըն վիու» գերեզմանատան շրջափակին մէջ զետեղուած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին, որ կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողի մը մատնահետքի քանդակը: Յուշակոթողին վրայ գրուած է, որ անիկա հոն զետեղուած է յարգելու համար յիշատակը 1915-ին օսմանեան Թուրքիոյ...

2504yeghishe–(3)

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. «99 Տարի… Կը Յիշենք… Կը Պահանջենք» Ձեռնարկ

Ուրբաթ, 25  ապրիլ 2014-ին, «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ կայացաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին կազմակերպած  «99 տարի... կը յիշենք... կը պահանջենք» ձեռնարկը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ Ուսումնական խորհուրդի անդամներու, քոլեճի խնամակալութեան, Տիկնանց յանձնախումբի ու Շրջանաւարտից միութեան անդամներու, ուսուցիչներու, բարեկամներու, ծնողներու եւ շրջանաւարտներու: Բացման խօսքը կատարեց քոլեճի հայոց լեզուի դասատու եւ համադրող Թալին Օրտողլեան, որ իր ...

1904Bikfaya-march

Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի Աւանդներու ակումբին, տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ` նուիրուած ապրիլեան ցեղասպանութեան: Շաբաթ, 19 ապրիլ 2014-ին առաւօտեան  տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնի զոհերուն նուիրուած քայլարշաւ մը, խումբ մը ուսանողներ քալեցին դէպի Պիքֆայա եւ յուշակոթողին առջեւ զետեղեցին ծաղկեպսակ մը` յարգանքի տուրք մատուցելով զոհերուն: Երեքշաբթի, 22 ապրիլին համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ: Օրուան բանախօսն էր համալսարանի նախկին դասախօս Քաթիա Փելթեքեան, որ...

2204Aved

99-Ամեակ. Հսկում Եւ Ծոմապահութիւն

22 ապրիլ 2014-ը Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտութեան համար արձակուրդային օր էր, սակայն տարօրինակ եռուզեռ մը նշմարելի էր շրջափակին մէջ: 14 աշակերտներ, առաջնորդութեամբ իրենց ուսուցիչին, ցուցատախտակներ կը պատրաստէին եւ բակին մէկ անկիւնը սահմաններով կը մեկուսացնէին: Ի պատասխան մեր հետաքրքրութեան`  աշակերտուհի մը բացատրեց, թէ իրենք` 9-11-րդ դասարանի խումբ մը աշակերտներ, որոշած են կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ կէս գիշեր ծոմապահութեամբ ոգեկոչել Հայոց  ցեղասպանութեան...

Վարձքերնիդ Կատար

Սուրբ Զատկուան տօնին առթիւ «Զուարթնոց»-ի մեծ ընտանիքը այցելեց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի: Օշին քհնյ. Գէորգեան փոխանցեց Սուրբ Յարութեան խորհուրդը, եւ աշակերտները ստացան սուրբ հաղորդութիւնը: Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ խումբը նաեւ այցելած էր Սուրբ Սարգիս եկեղեցի` ստանալով նաեւ սուրբ հաղորդութիւնը տէր Յակոբ քահանայի ձեռամբ: «Զուարթնոց»-ին համար սովորութիւն է ամէն տարի երկու անգամ աշակերտներուն հաղորդութիւն տալ: Թող Տէր Աստուած օրհնէ եւ...

2304hm1-(1)-f

ՀՄԸՄ Լիբանանի Սկաուտները Կ՛ոգեկոչեն Եղեռնի Նահատակներու Յիշատակը

ՀՄԸՄ Լիբանանի սկաուտները, Շրջանային վարչութեան եւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդին հովանաւորութեամբ, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն: Չորեքշաբթի, 23 ապրիլի երեկոյեան, 50-է աւելի խմբապետներ ներկայացնելով ՀՄԸՄ Լիբանանի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, Ժտէյտիի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերը`  հաւաքուեցան Պիքֆայայի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց եւ հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք ՀՄԸՄ Լիբանանի ընտանիքի անունով ծաղկեպսակ եւ  ծաղիկներ զետեղեցին` առ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Մարմինը

Չորեքշաբթի, 30 ապրիլ 2014-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ աւետարանական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործադիր մարմինի անդամները: Յիշեալ մարմինը, որուն կը մասնակցին Հայ աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները` Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն եւ այլ զանազան շրջաններէ, Լիբանան կը գտնուի` Պէյրութի մէջ ունենալու իր տարեկան հանդիպումը: Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ քննարկելու Սուրիոյ ներկայ կացութիւնը, ու...

011-534×300

Ասորի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

28 ապրիլի առաւօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր պատրիարք Իգնատիոս Աֆրամ Բ.ի ներկայացուցիչը` մետրոպոլիտ Ճորճ Սալիպա` շնորհաւորելու վեհափառ հայրապետը Սուրբ Զատկուան տօնին առիթով եւ միանգամայն իր զօրակցութիւնը յայտնելու Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին առթիւ: Ան նաեւ Աֆրամ պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց կաթողիկոսին: Յայտնենք, որ Լիբանանի ասորի համայնքը իր կարգին անցեալ շաբաթ յատուկ հանդիսութեամբ մը նշած...

Լիբանանի Միջդպրոցական Պարի Մրցանք. Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Աշակերտները Ախոյեան

Երկուշաբթի, 28 ապրիլ 2014-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Դ. դասարանի ատենամարզանքի պարի խմբակը, պարուսոյց Մարիժան Ատուրեանի ղեկավարութեամբ, մասնակցեցաւ Լիբանանի միջդպրոցական պարի մրցանքին: Ճեմարանի խմբակը ներկայացուց հայկական պար մը եւ բարձր գնահատանքի արժանանալով` առաջին դիրքը գրաւեց փոքր աղջիկներու դասակարգին մէջ: Մրցանքին  մասնակցեցան հետեւեալ աշակերտները` Աբովեան Սէրլի, Տեմիրճեան Մարիա, Այնթապլեան Նանար, Եահնիեան Լորի, Զարմէնեան Փաթիլ, Խաչատուրեան Լորի, Մարգարեան Ռոզալին,...

HMEM-haigazian-(1)

ՀՄԸՄ Լիբանանի Երէց-Պարմանուհիները Հայկազեան Համալսարանի Մէջ

ՀՄԸՄ Լիբանանի Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպութեամբ, կիրակի, 27 ապրիլ 2014-ին տեղի ունեցաւ երէց-պարմանուհի ճիւղերու միացեալ յայտագիրը` Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան» հայագիտական գրադարանին մէջ: Միացեալ յայտագիրը նուիրուած էր ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչման 100-ամեակի նախօրեակի առիթին եւ հաւատարիմ մնալով  երէցական խոստումին` «Ծառայել ազգիս,  հայրենիքիս ու ամբողջ ուժովս աշխատիլ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման համար: Պայքարիլ այլասերման եւ ապազգայնացման դէմ` պահպանելով հայ լեզուն, հայ մշակոյթը եւ ազգային...

ՀՄԸՄ Լիբանանի Արի-Արենուշ Ճիւղերու Արշաւ-Բանակում

ՀՄԸՄ Լիբանանի Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպած արի-արենուշ ճիւղերու արշաւ-բանակումը տեղի ունեցաւ շաբաթ 26 եւ կիրակի 27 ապրիլ 2014-ին: Աւելի քան 210 արի-արենուշներ` ներկայացնելով ՀՄԸՄ Լիբանանի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, Ժտէյտիի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերը, շաբաթ 26 ապրիլ 2014-ին արշաւեցին Պիքֆայայէն Պոլոնիա երկարող ճամբան` անցնելով տարբեր հանգրուաններէ եւ լուծելով սկաուտական հարցարաններ: Խումբերը երեկոյեան հասան Պոլոնիայի անտառներուն մէջ ճշդուած վայրը ու եռանդուն թափով անցան...

IMG_0924

Հայոց Ցեղասպանութեան 99-Ամեակի Ոգեկոչում

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դատիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած ապրիլեան ոգեկոչման ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 14 ապրիլ 2014-ին: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտընկայս ունկնդրութենէ ետք Լենա Գալուստեան կատարեց բացման խօսքը` ըսելով. «Ապրիլ 24, 1915, մարդկային պատմութեան ամէնէն ահռելի ոճիրը, ազգի մը բնաջնջման թուականը, աշխարհի առաջին ցեղասպանութիւնը: Հնագոյն շրջաններէն Հայաստանը յաճախ ենթարկուած էր յարձակումներու, քանդումի, կոտորածի, բայց տարբեր եղաւ 1915 թուականի ապրիլ 24-ի արհաւիքը: Ամբողջ մտաւորական սերունդ...

logo-lokh1

ԼՕԽ-ի Հանգանակութիւն

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի տարիներու աւանդութիւն դարձած հանգանակութիւնը ընթացք առաւ 4 ապրիլին եւ աւարտեցաւ 9 ապրիլ 2014-ին: Շնորհիւ ԼՕԽ-ի շրջանային վարչութեան, քարոզչական յանձնախումբին եւ Լիբանանի տարածքին վրայ գտնուող 26 մասնաճիւղերուն հետեւողական ճիգերուն, կարելի եղաւ անգամ մը եւս իրագործել հանգանակութիւնը` ի նպաստ հայ աշակերտին, ծերունիին, կարիքաւորին թէ հիւանդին բարօրութեան: Այս բեղուն եւ լայնածաւալ աշխատանքին իրենց ներդրումը ունեցան բարերարներ, անհատներ, նուիրատուներ, միութիւններ վարժարաններ...

Ուխտագնացութիւն

Այս տարուան գարնան առաջին օրը ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղին համար իւրայատուկ էր. վարչութիւնը ուխտագնացութիւն մը կազմակերպած էր դէպի Մար Շարպել: 20 մարտ, 2014-ի առաւօտուն, շուրջ 85 ուխտաւորներ, Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան դէպի Աննայա գիւղը: Սուրճով եւ անուշեղէնով դիմաւորուելէ ետք վարչութեան կողմէ, անոնք այցելեցին վանքը, մասնակցեցան օրուան Ս. պատարագին, մոմեր վառեցին, աղօթեցին, կատարեցին իրենց ուխտը, շրջեցան նաեւ սուրբին թանգարանը: Ապա առաջնորդուեցան...

tmramoloutyoun-sartarabad

Թմրամոլութեան Դէմ Արշաւը Կը Շարունակուի…

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, լայնախոհութեամբ հետեւելով հայ երիտասարդութեան սպառնացող վտանգներուն, որոնցմէ ամէնէն ահաւորը կը նկատուի թմրեցուցիչի գործածութիւնը եւ ոգելից ըմպելիներու չարաշահումը, իր 26 մասնաճիւղերու վարչութիւններուն ուսերուն դրած էր յաւելեալ պատասխանատուութիւն մը` ընդառաջել առողջապահական յանձնախումբին ծրագրած «Թմրամոլութեան դէմ արշաւ»-ին: Այս ծիրին մէջ կայացող շրջուն դասախօսութիւնը` «Ո՛չ թմրեցուցիչին եւ թմրամոլութեան» նիւթով, ներկայացնելու միտումով կը կազմակերպուին թէյասեղան կամ նախաճաշի ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին վերոյիշեալ նիւթով...

LousiineandAlice

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» Մասնաճիւղի Կորուստները

Վերջին տարիներուն ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղը իր հաւատաւոր անդամներէն կորսնցուց աննման ընկերուհիներ, որոնք ծառայութեան եւ նուիրումի տիպար օրինակներ եղած էին, միշտ պատրաստ` իրենց սիրած միութեան եւ մասնաւորաբար Նոր Մարաշ «Աշխէն» մասնաճիւղի վերելքին սատարելու: Կորսնցուցինք վեթերան ընկերուհի Մաքրուհի քոյրիկ Պասմաճեանը, տիկին Մարի Քէօյլեանը (Հաճի Մարին), Ծաղիկ Մկրտիչեանը, Սրբուհի Գազեզեանը, Շնորհիկ Լատոյեանը: Իրաւամբ` նուիրումի ախոյեան ընկերուհիներ, որոնք եղած էին մասնաճիւղի վարչութեան անդամներ, յանձնախումբերու...

Page 77 of 114 1 … 76 77 78 … 114