Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ Ա. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ. ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՍԱԵՐԻԶԻ` «ՌԱՎԻՇՏ ԱՐՄԻՆԻԱ»Ի ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

May 3, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քաթիա Փելթեքեան

Կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ Հայ աւետարանական մշակութային միութեան, շաբաթ, 30 ապրիլ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան առաջին տեսաերիզի` «Ռավիշտ Արմինիա»ի ցուցադրութիւն եւ դասախօսութիւն:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց միութեան ատենապետ Շուշան Արթինեան, որ նշեց, թէ այս հանդիսութիւնը առիթ մըն է ծանօթանալու ցեղասպանութենէն վերապրողի մը վկայութեան: Արթինեան նաեւ ներկայացուց օրուան դասախօսը` Քաթիա Փելթեքեան:

Ապա Սերօ Գելուկեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ» քերթուածը. ասմունքին տուտուկով ընկերակցեցաւ Յակոբ Գելուկեան:

Օրուան դասախօս Քաթիա Փելթեքեան անգլերէնով ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան առաջին տեսաերիզին պատրաստութեան հոլովոյթն ու բովանդակութիւնը:

Փելթեքեան ըսաւ, որ շուրջ մէկ ամիս առած է տեսաերիզին նկարահանումը, որ տեղի ունեցած է 1919-ին` Հոլիվուտի մէջ: Քաթիա Փելթեքեան յայտնեց, որ տեսաերիզը հիմնուած է Արշալոյս Մարտիկեանի (Օրօրա) վկայութիւններուն վրայ, ուր կը ներկայացուին ենթակային ապրած տառապանքներն ու դժուարութիւնները, բռնագաղթը, ոճիրները:

Ան աւելցուց, որ տեսաերիզին նպատակն էր դրամահաւաք կատարել` օգնելու համար որբերուն: Քաթիա Փելթեքեան անդրադարձաւ նաեւ տարբեր շրջաններու մէջ տեսաերիզի ցուցադրութենէն ետք միջազգային մամուլի անդրադարձին:

Փելթեքեանի զեկուցումէն ետք ներկաները դիտեցին «Ռավիշտ Արմինիա» տեսաերիզը: Ձեռնարկի աւարտին գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Առաքելոց» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Գրիգոր սրկ. Ալլոզեանի:

Նախորդը

ԺՈՒՆԻԷԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ. ԼԱՆՋԱԽԱՉ ԿՐԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ` ՍԱՐԳԻՍ ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻՆ

Յաջորդը

ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ «ԱՐՁԱԳԱՆԳ»Ի ԽՄԲԱԳԻՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱԶԴԱԿ»

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան.  Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան. Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ

November 25, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։