Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Ուղիներու Որոնում

November 9, 2012
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

Մեր պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ այսօր թուրք իշխանութիւնները կը վարեն հակահայ քաղաքականութիւն, որ իր վատ ազդեցութիւնը կ՛ունենայ թուրք հանրութեան վրայ: Բնական է, որ երբ Թուրքիոյ դպրոցներուն մէջ խեղաթիւրուած պատմութիւն կը դասաւանդուի եւ հակահայ կեցուածքը կ՛որդեգրուի, թուրքերուն համար հայը պիտի մնայ թշնամի: Բնական է, որ երբ Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ օրէնքներ կ՛արգիլեն մարդոց խօսիլ թուրք պետութեան դէմ եւ կը կաշկանդեն մամուլին ազատութիւնը, իրականութիւնը մատչելի պիտի չըլլայ ժողովուրդին:

Անշուշտ եղած են խօսքի ազատութեան հաւատացող մարդիկ եւ անվախօրէն խօսած են իրականութեան մասին, անոնցմէ է Հրանդ Տինք, որ 2007-ին սպաննուեցաւ Օկիւն Սամաստի կողմէ, որ ճանչցուեցաւ իբրեւ «ազգային հերոս»:

Երիտասարդութեան համար սխալ երեւոյթ մը չէ հերոսանալու ձգտումը ու ամէն մարդ կը փափաքի հետեւիլ հերոսի մը օրինակին: Սակայն վտանգաւոր երեւոյթ է, երբ ժողովուրդ մը կամ գոնէ ժողովուրդին մէկ հատուածը իր մտքին մէջ իբրեւ իտէալ կ՛ունենայ ոճրագործ մը…

Այս մթնոլորտի մէջ է, որ կը մեծնայ թուրք երիտասարդութիւնը. հայուն հանդէպ ատելութիւնը կը դրոշմուի իր մտքին մէջ եւ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ: Ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընենք մենք:

Մենք պէտք է աշխատինք համոզել թուրք զանգուածը, որ ան զոհն է իր իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան:

Ուրեմն պէտք է արթնցնել թուրք քաղաքացիները. այս մէկը կ՛ըլլայ հասկցուելով այն թուրքերուն հետ, որոնք ձեւով մը «արթուն» են եւ դէմ` իրենց իշխանութիւններուն վարած ուրացման քաղաքականութեան:

Թուրքերուն հետ յարաբերութիւն մշակելը ժխտական եւ դաւաճանական արարք կրնայ թուիլ: Երիտթուրքերուն ժամանակ պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ կարելի չէ թուրքերուն վստահիլ, սակայն անոնց հետ երկխօսութեան չգոյութիւնը ի նպաստ մեզի պիտի չըլլայ: Ներկայիս պայմանները տարբեր են եւ բազմաթիւ դէպքեր ցոյց կու տան, որ Թուրքիոյ մէջ կայ հատուած մը, որ դէմ է իր իշխանութիւններուն վարած թէ՛ ներքին, եւ թէ արտաքին քաղաքականութեան: Պէտք չէ մոռնանք այն հազարաւոր թուրքերը, որոնք 2007-ին Հրանդ Տինքին սպանութենէն ետք «Բոլորս հայ ենք, բոլորս Տինք ենք» գոչելով` ցոյցեր կազմակերպեցին. պէտք չէ մոռնալ նաեւ այն թուրք պատմաբաններն ու գիտնականները, որոնք խախտելով իրենց երկրին օրէնքները` խօսած են արգիլուած նիւթերու` ինչպէս ուրացման քաղաքականութեան մասին. անոնցմէ է Թաներ Աքչամ, որ Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին պատմաբաններէն է: Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ թուրքերուն հետ բանակցելու դռները պէտք չէ փակենք: Այսպիսի թուրքերու հետ է, որ պէտք է լեզու գտնենք ի նպաստ մեր դատին: Մամուլի, քարոզչութեան եւ անոնց միջոցով է, որ պիտի «սթափին» միւս թուրք քաղաքացիները, յատկապէս անոնք, որոնք ծագումով հայ չեն: Արդարեւ, թուրք քաղաքացիներուն մէջ կարեւոր երկու խումբեր կան: Նախ կան հայկական արմատներ չունեցող թուրքերը, որոնք ազգայնամոլ ու հայատեաց են ու կուրօրէն կը հետեւին իրենց պետութեան, եւ որոնց հետ շատ դժուար է լեզու գտնել: Ուրեմն «արթուն» թուրքերուն միջոցով է, որ պէտք է յարաբերիլ անոնց հետ, քարոզել, փաստել, որ Թուրքիոյ ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը ծրագրող մարդիկը Թալէաթի նման ոճրագործներ են:

Իսկ թուրք քաղաքացիներուն երկրորդ մասը կազմուած է այն թուրք քաղաքացիներէն, որոնք հայ են, բայց անցեալին սպառնալիքի տակ իսլամացած եւ թրքացած կամ քրտացած են, ասոնք «թաքուն հայեր»-ն են, որոնց թիւը ներկայիս կ՛անցնի վեց հարիւր հազարը. այս հայերը միւս թուրքերուն նման թուրք քաղաքացիներ են. իրենց մէջ պէտք է ամրապնդել հայու արմատները եւ մղել զանոնք` բացայայտելու իրենց ինքնութիւնը: Ճիշդ է, որ արդէն մաս մը բացէ ի բաց կ՛ընդունի իր հայ ըլլալը, սակայն պէտք է բոլորին մէջ արթնցնել իրենց հայկական ծագումը, որովհետեւ այդ ձեւով է, որ կրնան դէմ ելլել իրենց իշխանութիւններուն:

Բայց թուրք քաղաքացիները չեն կազմուած միայն հայերէ եւ թուրքերէ. կան նաեւ այլ ազգեր, ինչպէս` զազաներ, քիւրտեր եւ այլն. այս ազգերուն դատը որոշ չափով կը նմանի մեր դատին: Անոնց հետ ալ կարելի է լեզու գտնել, տրուած ըլլալով, որ անոնց թիւը բաւական մեծ է, եւ անոնք ալ ունին բազմաթիւ պատճառներ` դէմ ելլելու Թուրքիոյ իշխանութիւններուն:

Ուրեմն մեր հիմնական նպատակներէն մէկը պէտք է ըլլայ հասնել թուրք քաղաքացիներուն եւ որոշ չափով երկխօսութիւն ստեղծել մեր ու անոնց միջեւ, որպէսզի կարենանք օգտագործել զանոնք մեր դատին համար:

Այլեւս ցոյցերն ու արշաւները տկար կը թուին, Թուրքիոյ դրօշակը այրելը ոչ մէկ ձեւով պիտի մղէ այդ պետութիւնը` փոխելու իր քաղաքականութիւնը, թուրքերուն հայհոյելը ոչ մէկը ձեւով կրնայ նպաստաւոր ըլլալ մեր դատին… Այս բոլորին փոխարէն` պէտք է արթնցնել թուրքերը, թաքուն հայերն ու միւս բոլոր քաղաքացիները, որպէսզի դէմ ելլեն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ու անոնց վարած հակահայ քաղաքականութեան եւ վերջ դնեն դարերէ ի վեր տիրող անարդարութեան…

 

 

Նախորդը

Մտածումներ

Յաջորդը

Մասունքներ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ժամանակակից Պատմութեան

RelatedPosts

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Զաւարեանական

«Արցախի Ժողովուրդին Իրաւունքներու Վերականգնումը Ոչ Միայն Վերադարձի Հարցն Է, Այլ Նաեւ, Ի Վերջոյ, Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքն Է» Կ՛ըսէ Արա Պուլուզեան

November 9, 2026
Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

November 6, 2026
Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի
Զաւարեանական

Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.