Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արձագանգ. Փորձաքարեր…

November 9, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՍԷՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Ունէինք գողտրիկ, կազմակերպուած, հայկականութեամբ տրոփող, համահայկական խնդիրներով ապրող, ցեղասպանութեան անմիջական ականատեսն ու շարունակութիւնը եղող գաղութ մը Հալէպի մէջ: Գաղութ մը, որ առատաձեռն եղած էր թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի այլ գաղութներու կարիքներուն նկատմամբ: Գաղութ մը, որ նեցուկ էր ամբողջ հայութեան` նիւթապէս եւ բարոյապէս: Իր գոյութիւնը միջինարեւելեան այս տարածքին մէջ կարեւոր էր Հայաստանի եւ հայկական հարցին համար: Այսօր գաղութը հոգեվարքի մէջ է: Հալէպը այսօր տնտեսական եւ ապահովական ճգնաժամ կ՛ապրի: Գաղութը կը քայքայուի: Չորս ամիսէ ի վեր անողոք պատերազմ է Հալէպի մէջ: Տագնապը իր տնտեսական, ընկերային երեսներէն թեւակոխած է զինուորական բիրտ հանգրուան, որուն ամէնէն կոպիտ թատերաբեմը Հալէպը եղաւ դժբախտաբար:

Երբ զինուորական գործողութիւնները սաստկացան, բաւական հայեր հեռացան քաղաքէն, երբեմն նոյնիսկ պատասխանատուներ, բայց պատասխանատուներու ստուար բաժինը տակաւին պատնէշի վրայ է: Սխալ է այն տարաձայնութիւնը, թէ ով որ կրնայ երթալ` գնաց, ընդհակառակն` շատեր իրենց գացած տեղերը գոյատեւելու տուեալները չունենալով հանդերձ գացին, ուրիշներ, որոնք կրնային երթալ, պատնէշի վրայ են:

Գաղութի պատասխանատու տարրեր եւ մանաւանդ երիտասարդներ սքանչելի զոհողութեամբ գործի վրայ են` հասնելու համար հայութեան կարիքներուն, ինչ տեսակ ալ ըլլան անոնք, նոյնիսկ բոլոր տեսակի վտանգները յանձն առած կը պայքարին:

Ի տես այս իրականութեան, չտեսանք հայութեան օգնութեան հասնելու համար աշխարհով մէկ հայութեան զօրաշարժը, խօսքերէն, ժողովներէն, ասուլիսներէն զատ բան չտեսանք: Այսօրուան տուեալներով  աննշան գումարներ միայն հասած են Հալէպ: «Օգնի՛ր Եղբօրդ»-ը հասաւ, հասան նաեւ անձնական նախաձեռնութեամբ օժանդակութիւններ: Կ՛ըսուի, թէ տակաւին օժանդակութիւնները պիտի հասնին: Ե՞րբ, ժամանակը ուշ ըլլալէ՞ ետք: Կը լսենք նաեւ այլ գումարներու մասին, որոնք համեմատաբար փոքր գումարներ են այս մեծ աղէտին դիմաց, որ կը դիմագրաւէ գաղութը:

Արդեօք հասա՞ծ ենք այն եզրակացութեան, թէ` «հիւանդին վիճակը յուսահատական է եւ չ՛արժեր դեղ տալ», կամ` «այս յուսահատ վիճակը ներկայացնող «հաստատութեան» մէջ չ՛արժեր ներդրում ընել», եթէ այդպէս է, պարկեշտ ըլլանք, ըսենք, թէ այդպէս է, եւ մարդոց չօրօրենք սին երազներով:

Շատ բնական է այսօր Հալէպի մայթերուն վրայ հանդիպիլ ծխախոտ կամ կանաչեղէն ծախող հալէպահայ արհեստաւոր տղոց: Գոյատեւելու անխոնջ պայքարի երեւոյթ մը, որ պէտք է գնահատել գիտնալ: Ձմեռը դռներու մօտ է եւ ոչ մէկ կաթիլ վառելանիւթ կայ: Գաղութը գոյատեւելու իր վերջին պայքարը կը մղէ…: Կը կարդանք, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր այս տարուան թելեթոնի 10 առ հարիւր պիտի տրամադրէ Սուրիայէն Հայաստան ապաստանած հայութեան, իսկ Հալէպ մնացած հայութեան ի՞նչ պիտի հասնի: Ինչո՞ւ Հայաստանի պետական այրերը, հոգեւոր եւ քաղաքական ղեկավարները կը յորդորեն հալէպահայութեան դիմանալ, չգաղթել, ի՞նչ է այս խեղկատակութիւնը:

Հայրենի մամուլը տակաւին զբաղած կը մնայ Քիմ Գարտաշեանով, իսկ Արեւմուտքի մեր գաղութները ե՞րբ արդեօք լոպիինկի աշխատանք պիտի ծաւալեն սուրիահայ գաղութի անվտանգութեան ի նպաստ: Ե՞րբ ձայն պիտի բարձրացնեն գաղութին պաշտպանութեան հասնելու` այդ Արեւմուտքի կողմէն իսկ կերտուած վանտալներէն: Սուրիահայութեան գոյութեան խնդիրները Հայ դատ չե՞ն արդեօք:

Ո՞ւր է այս հարցը հետապնդող համահայկական ղեկավարութիւնը:

Սուրիահայութեան խնդիրը այսօր տեղական կամ շրջանային խնդիր մը չէ լոկ, այլ մեր ազգի կենսունակութեան եւ մարտունակութեան ցուցանիշը: Եթէ հարկաւոր է, որ հալէպահայերս զոհուինք, որպէսզի հայ ժողովուրդը զարթնի, մենք պատրաստ ենք այդ զոհողութեան, յանուն հայ ազգի բարօրութեան, սակայն կը կասկածինք, որ այդ զարթօնքը տեղի ունենայ, աւա՜ղ:

Թուրքը դարձեալ կը գործէ, իսկ մենք կրկին կը խօսինք:

Ի տես այս կացութեան, ճիշդ կ՛ըլլա՞յ արդեօք հաւաքաբար դիմենք արեւմտեան որեւէ երկրի դեսպանատուն, որպէսզի հաւաքաբար հոն գաղթելու առիթ տրուի մեզի, գոնէ կը փրկենք մեր մարդկային կեանքերը: Իսկ ազգայինը պիտի ձգենք ազգի ղեկավարներուն, եկեղեցական թէ աշխարհիկ, որպէսզի թագաւորեն դատարկ գաղութներու եւ դատարկ հոգիներով անդիմագիծ հաւաքականութիւններու վրայ: Ճգնաժամերը ազգերու կենսունակութեան փորձաքարեր են: Ահաւասիկ հայ ազգին նոր փորձաքարը, որպէսզի փաստէ իր գոյութեան իրաւունքը:

 

 

 

 

Նախորդը

Էն. Պի. Էյ. Հիթ 30 Կէտի Տարբերութեամբ Յաղթեց Պրուքլինի

Յաջորդը

Հալէպը Կ՛այրի, Մինչ Մենք Ջութակ Կը Նուագենք. Սթափութեան Կոչ` Համայն Հայութեան

RelatedPosts

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն.  Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Առինքնողը Դաշնակցութեան Մէջ

November 27, 2026
ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրը Եւ Ռազմավարական Սկզբունքները
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրը Եւ Ռազմավարական Սկզբունքները

November 27, 2026
Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)
Անդրադարձ

Գաղափարներու Բերդը «Արմատախիլ» Ընելու Ծիծաղաշարժ Մտմտուքներ (ՀՅ Դաշնակցութեան 136-Ամեակ)

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։