Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը Պատմական Փառքէն Անդին

November 27, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱԶԳԷՆ ԳԱՎԼԱԳԵԱՆ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 136-ամեակը սովորական տարեդարձ մը չէ: Անիկա աւելի քան դար մը ընդգրկող ազգային պայքարի, գաղափարական հաւատարմութեան, զոհողութեան եւ քաղաքական պատասխանատուութեան պատմութեան վերարժեւորման առիթ մըն է: 1890-ին Թիֆլիսի մէջ ծնունդ առած կազմակերպութիւնը իր հետքը ձգած է հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան գրեթէ բոլոր վճռորոշ փուլերուն վրայ` ազատագրական պայքարէն մինչեւ Հայաստանի անկախ պետականութեան կերտում, սփիւռքի ազգային կառոյցներու հաստատում եւ Հայ դատի միջազգային հետապնդում:

Դաշնակցութեան պատմութիւնը հարուստ է հերոսական դրուագներով, նուիրեալ գործիչներով եւ ազգային ճակատագիրին կապուած վճռորոշ իրադարձութիւններով: Այդ ժառանգութիւնը ո՛չ միայն հպարտութեան աղբիւր է, այլ նաեւ ծանրակշիռ պատասխանատուութիւն: Սակայն պատմութիւնը յարգելը չի նշանակեր անոր ստուերին տակ ապրիլ: Պատմական ժառանգութիւնը արժէք կը ներկայացնէ այնքան ատեն որ անիկա կը վերածուի ներկան կազմակերպելու եւ ապագան կերտելու կենդանի ուժի:

Այս կէտին է, որ 136-ամեակի տօնակատարութիւնը պէտք է դուրս գայ աւանդական յոբելենական խօսքերու սահմաններէն եւ վերածուի անկեղծ ինքնաքննութեան առիթի:

Պատմական հեղինակութիւնը` ներկայի հաշուետուութենէն վեր չէ:

Այսօր հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ իր նորագոյն պատմութեան ամէնէն բարդ փուլերէն մէկը: Հայաստանի անվտանգային միջավայրը, պետականութեան ամրապնդման հրամայականը, Արցախի կորուստին յաջորդած քաղաքական ու մարդկային հետեւանքները, տարածաշրջանային ուժերու վերադասաւորումները եւ սփիւռքի դիմագրաւած ներքին տագնապները կը պահանջեն յստակ ռազմավարութիւն, քաղաքական նախաձեռնութիւն եւ կազմակերպական ճկունութիւն:

Այս իրականութեան դիմաց Դաշնակցութիւնը չի բաւարարուիր միայն իր պատմական դերակատարութեան յիշեցումով:

Ազգային օրակարգն ու երկարաժամկէտ ռազմավարութիւնը անվտանգութեան, պետականութեան եւ համահայկական օրակարգերու մշակման այսօրուան գերխնդիրներն են:

Այս հարցը քննադատութիւն ըլլալէ առաջ անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ քաղաքական կազմակերպութեան մը կենսունակութիւնը կը պայմանաւորուի ոչ  միայն իր անցեալի վաստակով, այլ նաեւ իր ներկայի արդիւնքներով:

Պատմական փառքը չի կրնար ծածկել ներկայի յապաղումները, կազմակերպական թերացումները եւ քաղաքական բացթողումները: Անիկա չի կրնար նաեւ արդարացնել անհրաժեշտ փոփոխութիւններու ուշացումը կամ նոր իրողութիւններուն համակերպելու դժկամութիւնը:

Ինքնաքննութիւնը պարտութիւն չէ: Ընդհակառակն, անիկա ուժեղ կազմակերպութեան մը հասունութեան եւ վերանորոգուելու կարողութեան ապացոյցն է:

Դաշնակցութեան համար անհրաժեշտ է վերարժեւորել իր քաղաքական գործելակերպը, կազմակերպական կառոյցները եւ հասարակութեան հետ յարաբերելու միջոցները: Ժամանակները փոխուած են, քաղաքական հաղորդակցութեան միջոցները եւս իսկ երիտասարդ սերունդներու մտածողութիւնը եւ ակնկալութիւնները նոյնպէս տարբեր են: Հետեւաբար, հին գործելակերպերու պարզ շարունակութիւնը չի կրնար ինքնաբերաբար ապահովել նոր սերունդներու վստահութիւնը եւ մասնակցութիւնը:

Կազմակերպութիւնը պիտի հարցադրէ իր ներքին որոշումներու կայացման գործընթացները, պատասխանատուութիւններու բաշխումը, ղեկավարութեան գործելաձեւը եւ նոր գաղափարներու ներմուծման հնարաւորութիւնները:

Կարեւոր է բաւարար տարածք տալ երիտասարդ ուժերուն` որոշումներու կայացման մէջ իրական մասնակցութիւն ունենալու: Խրախուսել քննադատական մտածողութիւնը: Այս հարցերը հրամայական են: Կուսակցութեան ապագան պայմանաւորուած է նոր սերունդներու մասնակցութեամբ:

Դաշնակցութեան պատմական ուժերէն մէկը եղած է երիտասարդութեան կազմակերպուած մասնակցութիւնը ազգային պայքարին: Սակայն այսօր երիտասարդութեան հետ կապը չի կրնար սահմանափակուիլ միայն աւանդական կառոյցներու մէջ անոր ներգրաւումով:

Անհրաժեշտ է երիտասարդութեան առաջարկել քաղաքական մտածողութեան, առաջնորդութեան, մասնագիտական զարգացման եւ հանրային պատասխանատուութեան իրական հարթակներ: Երիտասարդը պէտք է զգայ, որ ինք ոչ միայն կազմակերպութեան ժառանգորդն է, այլ նաեւ անոր վաղուան ուղղութիւնը որոշող մասնակիցը:

Սերնդափոխութիւնը պէտք չէ դիտուի իբրեւ պաշտօններու պարզ փոխանցում: Անիկա պէտք է ըլլայ գաղափարներու, գործելակերպերու եւ քաղաքական մշակոյթի վերանորոգում:

Հայաստան եւ սփիւռք` միասնական տեսլականի անհրաժեշտութիւնը

Հայաստանի եւ սփիւռքի յարաբերութիւնները նոյնպէս կը պահանջեն նոր մօտեցում: Սփիւռքը չի կրնար սահմանափակուիլ միայն բարոյական զօրակցութեամբ կամ անցեալի ազգային յիշողութեան պահպանմամբ: Ան պէտք է ունենայ գործնական դերակատարութիւն: Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման, միջազգային յարաբերութիւններու, տնտեսական համագործակցութեան եւ ազգային շահերու պաշտպանութեան մէջ:

Նոյնքան կարեւոր է, որ Հայաստանի քաղաքական զարգացումները չվերածուին սփիւռքի կազմակերպութիւններուն միջեւ ներքին պառակտումներու նոր աղբիւրի: Տարակարծութիւնները բնական են, սակայն անոնք պէտք չէ խոչընդոտեն համազգային նպատակներու շուրջ համագործակցութիւնը:

Դաշնակցութիւնը, իր համահայկական կառոյցներով եւ պատմական փորձով, կրնայ կարեւոր դեր ունենալ այս համագործակցութեան կազմակերպման մէջ: Բայց այդ դերը պէտք է հիմնուի ոչ միայն պատմական հեղինակութեան, այլ նաեւ նոր նախաձեռնութիւններու, գործնական ծրագիրներու եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ:

Մերձաւոր Արեւելքի հայկական գաղութները, մասնաւորաբար Լիբանանի հայութիւնը, կը դիմագրաւեն ժողովրդագրական, տնտեսական եւ հասարակական լուրջ դժուարութիւններ: Դպրոցներու պահպանումը, երիտասարդութեան արտագաղթի կասեցումը, համայնքային կառոյցներու կենսունակութիւնը եւ հայեցի դաստիարակութեան շարունակականութիւնը կը պահանջեն աւելի քան յոբելենական պատգամներ: Անոնք կը պահանջեն երկարաժամկէտ ծրագիրներ, նոր տնտեսական նախաձեռնութիւններ եւ համայնքային պատասխանատուութեան վերականգնում:

Ապագան կը պահանջէ քաղաքական համարձակութիւն

Դաշնակցութեան առջեւ ծառացած հիմնական մարտահրաւէրը, իր գաղափարական ինքնութիւնը պահպանելով հանդերձ, նոր ժամանակներու պահանջներուն համապատասխանելն է:

Անհրաժեշտ է անցնիլ արձագանգող քաղաքականութենէն նախաձեռնող քաղաքականութեան: Պէտք է մշակել ազգային յստակ ռազմավարութիւն, ամրապնդել մասնագիտական կարողութիւնները, ներգրաւել նոր ուժեր եւ հանրութեան ներկայացնել գործնական լուծումներ: Քաղաքական ազդեցութիւնը չի չափուիր միայն ներկայութեամբ կամ հնչեցուած յայտարարութիւններով, այլ` իրական փոփոխութիւններու վրայ ունեցած ներգործութեամբ:

Այս բոլորը չեն նշանակեր հրաժարում գաղափարական սկզբունքներէն: Ընդհակառակն, կը նշանակեն այդ սկզբունքները վերածել ժամանակակից քաղաքական գործելակերպի եւ հասարակական արդիւնքի:

Աւանդութիւնը պէտք է ըլլայ ուժի աղբիւր, ոչ թէ փոփոխութենէն խուսափելու պատրուակ:

136 տարիներու պատմութիւնը Դաշնակցութեան կը պարտադրէ աւելի բարձր չափանիշներ: Այդ պատմութիւնը կը պահանջէ ոչ միայն յիշել անցեալի նուիրեալները, այլ նաեւ արժանի ըլլալ անոնց ժառանգութեան: Ոչ միայն վերահաստատել հին սկզբունքները, այլ նաեւ զանոնք վերածել ներկայի գործնական քաղաքականութեան:

Այս տարեդարձը պէտք է ըլլայ անկեղծ հաշուետուութեան պահ բացթողումներուն անդրադառնալու, վերածրագրելու եւ գործելաձեւերը արդիականացնելու, նաեւ ուժերը համախմբելու եւ երիտասարդութեան յաւելեալ դերակատարութիւն տալու:

Առաջադրանք է ոչ միայն կազմակերպութեան վաղուան ընթացքը, այլ նաեւ անոր իրական դերակատարութիւնը համազգային կեանքին մէջ:

Պատմական փառքը չի կրնար ծածկել ներկայի յապաղումները, կազմակերպական թերացումները եւ քաղաքական բացթողումները, ոչ ալ ազատել մեզ ապագայի հանդէպ մեր պատասխանատուութենէն: Անցեալը մեր հպարտութիւնն է, բայց ապագան մեր քննութիւնն է:

136-ամեակը պէտք է ըլլայ ոչ թէ անցեալի յաջողութիւններով ինքնագոհանալու, այլ ներկայի բացթողումներուն դէմ յանդիման կանգնելու եւ նոր ուղի մը բանալու փուլ, որովհետեւ Դաշնակցութեան մեծութիւնը պիտի չորոշուի միայն 136 տարիներու ընթացքին անոր գոյութեամբ այլեւ անով, թէ ի՛նչ կրնայ ընել այսօր` հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի վաղուան համար:

Ժամանակն է, որ պատմական ժառանգութիւնը վերածուի քաղաքական նախաձեռնութեան, գաղափարական հաւատարմութիւնը` գործնական արդիւնքի, իսկ 136 տարիներու փորձառութիւնը` ապագան կերտելու նոր կամքի:

 

 

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կերտումի Եւ Նուիրումի 136 Տարիներ

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Կերտումի Եւ Նուիրումի 136 Տարիներ
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կերտումի Եւ Նուիրումի 136 Տարիներ

November 27, 2026
Տեսակէտ.  Հիմնադիր Կուսակցութեան Պատասխանատուութիւնը` Պետութեան Կողքին, Ազգային Շահի Պահապան
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դաշնակցութիւնը Սոսկական Կուսակցութիւն Չէ

November 27, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

«Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք»…

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։