ՍԱՆԱՆ ԱՐՈՒՇԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղ
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնական նպատակը հայ ժողովուրդի ազգային իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է, Հայաստանի անկախութեան ու պետականութեան ամրապնդումը եւ հայ ժողովուրդի ազատ ու արժանապատիւ ապագայի կերտումը: 136 տարիներու պատմութիւնը միայն անցեալի պայքարի վկայութիւն մը չէ, ան ուխտ մըն է, որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ` յիշեցնելով, թէ ազգի մը ապագան կը կառուցուի հաւատքով, զոհողութեամբ եւ գործով:
1890 թուականին, Թիֆլիսի մէջ, Քրիստափոր Միքայէլեանի, Ռոստոմի եւ Սիմոն Զաւարեանի նախաձեռնութեամբ հիմնադրուած ՀՅԴ-ն իր ծնունդէն իսկ կոչուած էր հայ ժողովուրդի ուժերը համախմբելու եւ ազգային ազատագրութեան ճանապարհը հարթելու: Անոր պատմութիւնը անբաժան է հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարէն, Հայաստանի անկախ պետականութեան վերականգնումէն եւ ազգային կեանքի կազմակերպման աշխատանքէն: 1918 թուականին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը այդ երթին պատմական կարեւորագոյն փուլերէն մէկն էր:
Սակայն այսօր մենք կը կանգնինք մեծ հարցականի մը դիմաց. ի՞նչ կը նշանակէ ժառանգորդը ըլլալ այս պատմութեան: Արդեօք բաւակա՞ն է յիշել անցեալի անունները, բարձրացնել դրօշը եւ հպարտանալ մեր պատմութեամբ: Ո՛չ: Իրական ժառանգորդը ան է, որ կը գիտակցի իր պարտականութեան, կը ծառայէ իր ժողովուրդին եւ իր համոզումներուն կեանք կու տայ գործով: Ազգային ոգին կը պահպանուի, երբ մեր լեզուն կը հնչէ մեր տուներէն ու դպրոցներէն ներս, երբ մեր երիտասարդները կը ճանչնան իրենց պատմութիւնը, երբ մեր կառոյցները կը մնան ոտքի եւ քայլ կը պահեն նորարար ստեղծագործութիւններուն հետ, եւ երբ մեր աշխատանքը օգտակար կը դառնայ համայնքին ու հայրենիքին:
Այսօր կոչ մըն է` ուղղուած իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի: Մի՛ ըլլաք միայն պատմութեան ժառանգորդները, եղէ՛ք անոր շարունակողները: Մի՛ բաւարարուիք անցեալով հպարտանալով, այլ արժանի եղէ՛ք այդ անցեալին: Սորվեցէ՛ք, ծառայեցէ՛ք, կազմակերպուեցէ՛ք եւ ձեր ձայնն ու կարողութիւնները ի սպաս դրէ՛ք հայ ժողովուրդի ապագային: Արդարեւ, հայրենասիրութիւնը միայն զգացում չէ. ան պատասխանատուութիւն է, որ կը պահանջէ ներկայութիւն, աշխատանք եւ յանձնառութիւն:
136 տարիներ ետք մեր պարտականութիւնը նոր սերունդներուն փոխանցելն է ոչ միայն պատմութիւն մը, այլ նաեւ` առաքելութիւն մը: Սերունդներ կը փոխուին, ժամանակները կը փոխուին, մարտահրաւէրները կը փոխուին, բայց մեր ժողովուրդին հանդէպ պատասխանատուութիւնը կը մնայ անփոփոխ: Մեր ապագան պիտի որոշուի ոչ միայն անով, թէ ի՛նչ ժառանգեցինք, այլ նաեւ` անով, թէ ի՛նչ պիտի ձգենք մեզմէ ետք:
Ուստի, թող այս 136-ամեակը ըլլայ նոր յանձնառութեան սկիզբ մը: Թող իւրաքանչիւր երիտասարդ իր մէջ զգայ, որ պատմութիւնը իրեն կը վստահի շարունակելու գործ մը, իսկ ապագան իրեն կը սպասէ` գործելու ակնկալիքով: Մեր անցեալը մեր արմատներն են, մեր միասնութիւնը` մեր ուժը, իսկ մեր երիտասարդութիւնը` վաղուան յոյսը:
Դէպի ապագայ` գիտակցութեամբ, նուիրումով եւ անսասան հաւատքով:


