4 անգամ աշխարհի ախոյեան, 6 անգամ Եւրոպայի ախոյեան արցախցի Արթուր Արուշանեան անգամ մը եւս յաղթանակ տօնեց` դառնալով Ամերիկայի բաժակի ախոյեան` Արժանթինի մէջ:
Քիոքուշին քարաթէի ախոյեանը տարի մը առաջ Արժանթինի մէջ բացած էր քարաթէի իր անձնական ակումբը, որ կը կոչուի Տոխօ Ֆինիքս: 32 տարեկան Արուշանեանի մարզած աշակերտներէն ալ քանի մը մարտիկներ տիտղոսներ շահեցան:
Ան նախապէս Արցախի մէջ ալ հիմնած էր Քարաթէի Ֆետերասիոն, բայց սեպտեմբեր 2023-ին անցած էր Արժանթին եւ հոն հաստատուած էր:
Ան 2009-ին շահած էր Հայաստանի պատանիներու Սանտա Ռուշուի ախոյեանի տիտղոսը, ապա 2011-էն սկսեալ դարձած էր Եւրոպայի տարբեր ոճերու քարաթէի ախոյեան, ինչպէս նաեւ 2015-էն ետք աշխարհի ախոյեան 4 անգամ (2015, 2017, 2018, 2019):
Ան անցեալ տարի նոյնիսկ մասնակցած էր քիքպոքսինկի մրցաշարքի մը` Պուլկարիոյ մէջ:


