«Արթլիպան Քալիմա» հրատարակչատան եւ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի «Շարլ Քորմ» հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ, ուրբաթ, 13 նոյեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Պէյրութի «Շարլ Քորմ» հիմնադրամի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանցի ֆրանսաբնակ հեղինակ` Միշէլ Էտմոնտ Ղանէմի «Les Voix d’Antoura» («Այնթուրայի ձայներ») նոր հրատարակուած վէպին շնորհահանդէսը:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու այս գրական գործին պատմական եւ գրական երեսներուն, նաեւ վկայակոչելու Այնթուրայի յիշողութիւնն ու անոր անցեալին կապուած մարդկային պատմութեան իսկութիւնը: Գիրքը, որ ընդգրկուած է 2026-ի Ֆրանսա-Լիբանան մրցանակի առաջին ընտրութեան մէջ, կարեւոր տեղ կը գրաւէ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Այնթուրա հասած որբերուն վերաբերող դէպքերն ու յիշողութիւնները գրական պատումի միջոցով վերակենդանացնելու առումով:
Երեկոյին ներկայ էին տարբեր տարիքի շուրջ 200 ֆրանսախօս ընթերցողներ, ներկայ էր նաեւ սոյն գիրքի աշխատանքներուն իր ներդրումը ունեցած նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան:
Երեկոյի իրենց մասնակցութիւնը բերին Նիտալ Հատտատ, որ ներկայացուց բովանդակ գիրքն ու անոր մէջ եղած պատմական տրտմալի պահերը: Անհրաժեշտ նկատեց այս վէպը հասանելի դարձնել ֆրանսախօս տարածքներուն մէջ եւս` դիտել տալով, թէ այսօրուան աշխարհի նոր պատմութեան մէջ կարեւոր եւ դաստիարակիչ է գիրքը: Ապա ան հրաւիրեց օրուան գրաքննադատները, որպէսզի քննական կերպով վերլուծեն նորահրատարակ վէպը:
Ղատա Քարաքի քննեց նոր վէպի բառամթերքը, թշուառ որբերու եղերական իսկութիւնն ու վիպասանական մօտեցումը եւ ձայներ բառին վրայ հիմնուելով, գնաց խորապէս իւրաքանչիւր որբի յոգնակի ձայներու ամբողջութեան:
Քրիստին Պապիկեան-Ասսաֆ քննեց հայկական ու պատմական եղերական վիճակը` լուսարձակի տակ առնելով պատմութեան իսկութիւնն ու Գ. Բանեանի, Յ. Ալապոյաճեանի ու Մ. Պետրոսեանի վկայութիւններուն կամրջումը: Ան շեշտեց, որ այս գիրքը Հայ դատի անհրաժեշտ հանրային ձայնն է, ֆրանսերէնով նորահաս գիրք, որ արդէն մրցանակ ստանալու ընթացքի մէջ է:
Զենա Սալեհ Քայալի շարունակեց որբերու երաժշտական կեանքը` նկարագրելով զայն որպէս պարտադրուած երաժշտութիւն եւ երգ, որովհետեւ անոնք թրքերէնով մեկնաբանած են զանոնք, եւ ոչ իրենց ուրոյն մայրենիով եւ հայ ազգի երաժշտութիւնը, այլ Ուատիհ Սապրայի ստեղծած թրքերէն օփերան:
Անկէ ետք Պահճաթ Ռըզք գիրքը իր ձեռին նկարագրեց Այնթուրայի որբանոցի պատկերը, ուր որբերը նկարուած են Ճեմալ Փաշայի այցելութեան առթիւ, խորապէս վերլուծեց ամբողջական տխրութիւնը այս նկարին եւ որբերուն յուսահատ վիճակը իրենց տրտմութեան մէջ: Ան խօսեցաւ այն սաստիկ պատիժներուն մասին, որոնք կ՛ենթարկուէին որբերը:
Աւարտին, իր սրտի խօսքով հեղինակը Միշել Ղանեմ ցնցեց ներկաները: Ան ուզած է տարածել այս եղերական անմարդկային մօտեցումը վիպասանական ժանրով: Անոր նախնիքը թաղուած եղած են Այնթուրայի Ս. Ժոզէֆ դպրոցին եւ որբանոցին շուրջ 1850-ական թուականներուն, եւ այդ փնտռտուքի ընթացքին ինք յանկարծ իմացած է հայ որբերու դժբախտ մանկութեան մասին: Այս մէկը մղած է զինք խորանալու այս իրականութեան մէջ, որ մարդկութեան անարդարութիւնը կը յայտնաբերէ: Հեղինակը խօսեցաւ վէպին մէջ ստեղծուած անձնաւորութեանց մասին, յատկապէս` Հալիտէ Էտիպին անմարդկային մօտեցման:
Քննարկումներուն առանցքը կազմեցին պատմական յիշողութեան պահպանումը, անցեալի վկայութիւններուն կարեւորութիւնն ու գրականութեան դերը` սերունդներուն միջեւ կապ ստեղծելու ու պատմական ժառանգութիւնը փոխանցելու: Հանդիպումը նաեւ հնարաւորութիւն ընծայեց ներկաներուն անմիջական երկխօսութեան մէջ մտնելու հեղինակին եւ բանախօսներուն հետ:
Այս նախաձեռնութիւնը կրկին կը վերահաստատէ «Արթլիպան Քալիմա» հրատարակչատան եւ «Շարլ Քորմ» հիմնադրամի յանձնառութիւնը` գրականութեան տարածման, լիբանանցի զանազան ազգերու մշակութային ժառանգութեան արժեւորման եւ գրական երկխօսութեան խթանման ուղղութեամբ: Երեկոն աւարտեցաւ գիրքի մակագրութեամբ:


