Հայաստանի ներկայացուցիչ, մեծ վարպետ Հայկ Մարտիրոսեան Պուտափէշտի մէջ աւարտած «Թոթըլ Չես Ուորլտ Թուր Փայլըթ 2026» միջազգային մրցաշարքին գրաւեց 9-րդ դիրքը` երկու օրերու վրայ յաղթելէ ետք հնդիկ մեծ վարպետ Արժուն Էրիկայսիին:
Մրցաշարքին վերջին օրը, Մարտիրոսեան տպաւորիչ վերադարձ մը եւս կատարեց` յաղթելով վճռորոշ մրցումին: Ան 3-9 արդիւնքով կը պարտուէր, բայց 11-9 արդիւնքով կրցաւ գերազանցել իր մրցակիցին` վաստկելով 30 հազար ամ. տոլար մրցանակային գումար:
Օր մը առաջ Հայկ Մարտիրոսեան 14,5-5,5 արդիւնքով յաղթած էր հնդիկ Էրիկայսիին: Այս ձեւով Մարտիրոսեան 24 մասնակիցներու շարքին գրաւեց 9-րդ պատուաւոր դիրքը:
Այս մրցաշարքին Մարտիրոսեանի ճատրակի երեք ձեւերու կէտերէն 2-ին մէջ հսկայ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան: Դասական ճատրակին մէջ Մարտիրոսեան 2669 կէտ ունէր, այժմ 2695 ունի` 26 կէտով բարելաւելու իր ցուցանիշը:
Արագ ճատրակի (Ռափիտ) 2625 կէտերու հաշիւն ալ աւելցաւ 15 կէտերով, եւ այժմ Մարտիրոսեան 2640 կէտեր ունի, բայց կայծակնային ճատրակի (պլից) 2686 կէտերը նուազեցան 34 կէտով, եւ ան այժմ ունի 2652 կէտ:
Այս կէտերը անշուշտ տակաւին չեն վաւերացուած ՖԻՏԷ-ի կողմէ, որ այս ամսուան աւարտին կը հրապարակէ ընդհանուր դասաւորումը եւ վարպետներու կէտերը:
Մարտիրոսեան նախապէս 2023-ին հասած էր առաւելագոյն կէտերուն` 2708, հասնելով աշխարհի թիւ 34 դիրքին: Ան այժմ 54-րդ դիրքը կը գրաւէ:
Հայաստանի նախկին թիւ 1 դասուած վարպետ Լեւոն Արոնեան, որ այժմ Միացեալ Նահանգները կը ներկայացնէ, մրցաշարքը աւարտեց 14-րդ դիրքին վրայ:
13-րդ դիրքի իր մրցումին, ան կը մրցէր իր համերկրացի Ուեզլի Սոյի դէմ: Առաջին օրուան մրցումներուն Սօ յաղթեց 7,5-12,5 արդիւնքով, սակայն երկրորդ օրը Արոնեան 11-9 արդիւնքով յաղթեց:
Յաղթանակներու քանակին հաւասարելէ ետք, դիմուեցաւ թայ-պրէյքի` Արմակետըն մրցումին: Արոնեան սպիտակ քարերով խաղցաւ, բայց հակառակ հաւասարութեամբ աւարտելուն, յաղթանակին տիրացաւ Սօ` չնչին առաւելութիւն ունենալուն պատճառով:
Նշենք, որ մրցաշարքի առաջին դիրքը գրաւեց ֆրանսացի Ալերեզա Ֆիրուժա, որ աւարտականին պարտութեան մատնած էր Անիշ Կիրին (Նետերլանտներ):
Աշխարհի թիւ 1 դասուած նորվեկիացի Մակնուս Քարլսեն 11-րդ դիրքը գրաւեց: Ան առաջին հանգրուանին (խմբակներու գծով) իր միակ պարտութիւնը կրած էր հայ մեծ վարպետ Հայկ Մարտիրոսեանէն:


