Անցեալ շաբաթավերջին Զուիցերիոյ Նիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Ազգերու լիկայի 2021-2027 տարեշրջանի փլէյ-օֆի զտումի մրցումները:
Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա, որ իր խմբակի 2-րդ դիրքը գրաւած էր Անգլիոյ ետին, բաւական դժուար մրցակից մը պիտի ունենայ` Ֆրանսան:
Երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ մէջ 25 մարտին (2027), իսկ դարձը` 3 օր ետք, 28 մարտին:
Նոյն օրը, Պելճիքա պիտի հիւրընկալէ Գերմանիան, ապա 3 օր ետք Գերմանիա պիտի հիւրընկալէ Պելճիքան:
Տիտղոսակիր Փորթուգալ 27 մարտին պիտի մեկնի Նետերլանտներ` մրցելու համար տեղւոյն ազգային խումբին դէմ, իսկ երեք օր ետք 30 մարտին պիտի հիւրընկալէ զայն: Նոյն օրը, Անգլիա հիւրը պիտի ըլլայ Նորվեկիոյ, ապա 3 օր ետք` 30 մարտին, պիտի հիւրընկալէ զայն Լոնտոնի մէջ:
Կիսաւարտականին Սպանիա – Ֆրանսա զոյգի յաղթականը պիտի մրցի Նետերլանտներ-Փորթուգալ զոյգի յաղթականին դէմ: Մինչ Նորվեկիա – Անգլիա զոյգի յաղթականը պիտի մրցի Պելճիքա – Գերմանիա յաղթականին դէմ:
Կիսաւարտականի եւ աւարտական մրցումները տեղի պիտի ունենան 9-էն 13 յունիսին:


