Ուրբաթ, 20 Նոյեմբեր 2026-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանքին մէջ ընդունեց Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի ազգային վարչութիւնը։
Վարչութեան անդամները զեկոյց տուին Վեհափառ Հայրապետին թեմին գործունէութեան եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու մտահոգութիւններուն մասին։
Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Քուէյթի թեմի ազգային վարչութեան եւ յարակից մարմիններուն ազգային ու եկեղեցական ծառայութիւնը, եւ Կաթողիկոսարանին զօրկացութիւնը յայտնեց անոնց կատարած աշխատանքներուն գծով։


