19 Նոյեմբեր 2026-ին «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց-բանախօսութիւն մը, որու ընթացքին Մարսէյէն ժամանած Հուրի Վարժապետեան խօսեցաւ «Միսաք Մանուշեան. դիմադրողի մը ուղին՝ որբանոցէն մինչեւ պանթէոն» թեմայով։ Ձեռնարկը կազմակերպած էին Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնը եւ «Ազդակ» օրաթերթը։
Երեկոյին բացումը կատարեց Նարէ Քալէմքէրեան որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօսը, ինչպէս նաեւ Միսաք Մանուշեանի կենսագրական ուղին՝ որբանոցներէն մինչեւ Փարիզ, ապա Համայնավար կուսակցութեան անդամակցութենէն մինչեւ Բ. համաշխարհային պատերազմին ընթացքին հականացիական դիմադրութեան իր աշխուժ մասնակցութիւնը, ձերբակալումը եւ գնդակահարումը։
Երեկոն դասական դասախօսութիւն մը չէր։ Անիկա զրոյցի ձեւով ընթացող հանդիպում մըն էր Արա Հրեշտակեան հայագիտական ամբիոնի տնօրէն Վահէ Թաշճեանի եւ օրուան հիւրին՝ Հուրի Վարժապետեանի միջեւ։ Հարցումները մեծ մասամբ կեդրոնացած էին Վարժապետեանի նախաձեռնութեամբ վերջերս լոյս տեսած Միսաք Մանուշեանի անձնական տետրակներու հրատարակութեան վրայ՝ “Missak Manouchian: Carnets” (Parenthèses, 2026)։ Մեծ մասամբ հայերէնով գրուած անձնական այս թուղթերը Վարժապետեան խմբագրած , ֆրանսերէնի թարգմանած եւ հրատարակութեան պատրաստած է։
Բանախօսը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ ինչպէս Միսաքի կինը՝ Մելինէն, այս տետրակները յաջողած է դիմադրութեան տարիներուն պահել, ապա իր հետ տարած է Խորհրդային Հայաստան։ Իսկ Մելինէի Ֆրանսա վերադարձէն ետք՝ տետրակները Երեւանի մէջ ձեռքէ ձեռք անցած են, մինչեւ որ տեղ գտած են Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ։
Վարժապետեան դիտել տուաւ, որ թէեւ Մանուշեանի ամբողջ կրթութիւնը սահմանափակուած է որբանոցային դպրոց յաճախելու ընդամէնը չորս տարիներով, բայց եւ այնպէս ան հսկայական ճիգ թափած է ինքնադաստիրակութեան վրայ, իր կեանքին մէջ եղած է անյագ ընթերցող մը եւ իր անձնական թուղթերուն մէջ գոյութիւն ունին իր կարդացած գիրքերուն երկար ցանկերը։ Փարիզի մէջ անոր նախասիրած գրադարանը եղած է Bibliothèque Sainte-Geneviève-ը, որ տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը կը գտնուի Պանթէոնի կողքին, այն վայրը, ուր 2024-ին պիտի փոխադրուէին Մանուշեանի աճիւնները։
Այնուհետեւ Վարժապետեան երկար կանգ առաւ Ֆրանսա հասած եւ գործարաններու մէջ աշխատած Մանուշեանի կեանքի ծանր պայմաններուն եւ օտարներու նկատմամբ ֆրանսական ընկերութեան մէջ տիրող խտրականութեան մթնոլորտին վրայ։ Բանախօսը դիտել տուաւ, որ աշխատաւորական կեանքի, յատկապէս գործարաններու մէջ աշխատանքի այս տարիներն են, որ շատ հաւանաբար Մանուշեանը մօտեցուցած են մարքսիստական գաղափարներուն։ Ի վերջոյ, 1934-ին ան անդամակցած է Համայնավար կուսակցութեան։
Հականացիական դիմադրութիւնը, այս դիմադրութեան մէջ ականաւոր դէմք մը դառնալը, անոր գնդակահարումն ու հերոսացումը բնականաբար հիմնական տեղ ունին Մանուշեանի կենսագրութեան մէջ։ Վարժապետեան երկարօրէն անդրադարձաւ այս դրուագներուն, որոնք ի վերջոյ զինք առաջնորդեցին Փարիզի Պանթէոն մուտքին։
Վարժապետեան անդրադարձաւ նաեւ Մանուշեանի՝ Լիբանանի հետ ունեցած կապերուն։ Գիտենք որ մանուկ Միսաքը գտնուած է Ժպէյլի եւ Ժունիէի հայկական որբանոցներուն մէջ։ Իսկ Փարիզ մեկնելէ ետք ալ ան կապ պահած է Լիբանան գտնուող որբանոցային կարգ մը ընկերներու հետ, ինչպէս նաեւ իր սիրելի ուսուցիչներէն Գրիգոր Պողարեանի հետ։ Մանուշեան այս անձերուն հետ կը թղթակցէր, իսկ Պողարեանի մասին ալ նոյնիսկ բանաստեղծութիւն մը գրած է։
Զրոյց-բանախօսութեան աւարտին բազուեցաւ հարցում-պատսխանի բաժինը։ Ներկաներու բազմաթիւ հարցումները առիթ տուին, որ Հուրի Վարժապետեան նոր եւ հետաքրքրական լուսաբանութիւններ կատարէ Միսաք Մանուշեանի ուղիին եւ անոր պանթոնէացումի գործընթացին եւ արարողութեան վրայ։
CHEA USJ
Academic Department


