Խրուաթիոյ Փորեչ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող բռնցքամարտի մինչեւ 23 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն, Վաղարշակ Քէյեան եւ Դաւիթ Սիմոնեան յաղթանակներ արձանագրելով հասան քառորդ աւարտական:
Մինչեւ 55 քկ կշիռի մրցումներուն, Վաղարշակ Քէյեան իրաւարարներու միաձայն որոշումով 4-0 արդիւնքով յաղթեց շուէտացի Ճոշուա Մուինտային: 4 իրաւարարներ յաղթանակը շնորհեցին Քէյեանի, մինչ 5-րդ իրաւարարը հաւասարութիւն տուաւ:
Մինչեւ 90 քկ կշիռի մրցումներուն Դաւիթ Սիմոնեան մրցումի աւարտէն առաջ պարտութեան մատնեց թուրք Մոհամետ Ֆուրքան Քարատաղին: Երրորդ ռաունտի 1,09 վայրկեանին իրաւարարը դադրեցուցած էր մենամարտը` յաղթանակը շնորհելով Սիմոնեանի:
60 քկ կշիռի մրցումներուն, Էրիք Արստամեան 1-4 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Սելահաթին Չինիբուլաքէն եւ դուրս մնաց:
Մինչեւ 75 քկ կշիռի կարգին մէջ, Արշակ Բաբլումեան 4-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց լեհ Մխալ Պեժխալայէն եւ դուրս մնաց:
80 քկ կշիռի մրցումներուն Ալիք Յովհաննիսեան 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սլովաքիոյ ներկայացուցիչ Ռոման Հորվաթը եւ հասաւ 1/8-րդ հանգրուան:


