«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը թերթի նախկին տնօրէն Երուանդ Փամպուքեանէն ստացաւ նշանաւոր քարտէսագիր Կարէն Յովհաննէս Պասմաճեանի դար մը առաջ հեղինակած եւ տպագրած (1927) Հայաստանի քարտէսը` «Նոր Հայաստան եւ դրացի երկիրներ»: Աստիճանաչափը` 1:1:000:000: Վիմագիր` Ա. Ճէնտէրէճի: Տպուած է Փարիզ, «Ֆուրնիէ եղբայրք» տպարան: Քարտէսին վրայ գրուած է նաեւ կեդրոնատեղին` «Պալենց գրատուն», Փարիզ:
Յայտնեք, որ քարտէսին հեղինակը յայտնի էր քարտէսներու գեղարուեստական բարձր ձեւաւորումներով եւ տեղագրական ճշգրտութեամբ` համադրելով գիտական քարտէսագրութիւնը գծապատկերային ձեւաւորումներու հետ: Անոր հեղինակած եւ խմբագրած քարտէսները լայնօրէն կիրարկուած են պետական կառոյցներու եւ կրթական համակարգերու մէջ:
Պասմաճեանի հարիւրամեայ այս քարտէսի բնագրային տարբերակը կը հարստացնէ «Ազդակ»-ի թանկարժէք իրերու հաւաքածոն: Մեր շնորհակալութիւնը` Երուանդ Փամպուքեանին:


