Շաբաթավերջին Արժանթինի բաժակի կիսաւարտականի մրցումներուն, Պանֆիլտ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Պոքա Ժունիորզէն:
Պանֆիլտ, որուն մաս կը կազմէ հայ միջնապահ Թոմաս Ադորեան, շատ բարձր մակարդակի ելոյթ մը ունեցաւ: Ան 93 տոկոս փոխանցումներու ճշգրտութիւն ունէր եւ 2 անգամ լրջօրէն վտանգեց Պոքայի բերդը իր հարուածներով:
25 տարեկան Ադորեան վերջերս Հայաստանի հաւաքական չէր հրաւիրուեր այն պատճառով, որ ան կը մերժէր խաղալ առանց Լուքաս Սելարայեանի, որ որոշած էր այլեւս չմասնակցիլ ազգային խումբին հետ յառաջացած տարիքին եւ երկար ճամբորդութիւններու պատճառով:
Նոյնիսկ Եղիշէ Մելիքեան նոյն բանը պատմած էր, թէ Հարաւային Ամերիկայի մէջ մեծ թիւով լաւ հայ մարզիկներ կան, բայց անոնք դժուարութիւն կ՛ունենային երկար ճամբորդութիւններ կատարելու եւ մարզական հաւաքին ուշ միանալու կապուած խնդիրներով:
Նշենք, որ Ադորեանի շնորհիւ է, որ Պանֆիլտ հասած էր կիսաւարտական, ուր քառորդ աւարտականին նշանակած էր Տեփորթիվօ Ռիեսթրայի դէմ հաւասարութեան կոլը, ապա փենալթիներով յաղթած էր մրցակիցին: Ադորեան բաժակի մրցաշարքին երկու կոլ նշանակած էր Պանֆիլտի հետ:
Պոքա Ժունիորս աւարտականին պիտի մրցի Փլաթենսէի դէմ, որ փենալթիներով դուրս ձգած էր Աթլեթիքօ Թուքումանը (5-4):
Ախոյեանութեան Ա. խմբակին գծով Պոքա Ժունիորզ կը գրաւէ դասաւորման Բ. դիրքը, մինչ Փլաթենսէ` 10-րդ դիրքը:
Միւս կողմէ, Հայաստանի միջնապահ Վահան Բիչախչեան Լեկիա Վարշաւայի հետ բարեկամական մրցում մը ունեցած է Փոկոնի դէմ եւ 4-2 արդիւնքով յաղթած: Բիչախչեան կրցած է կոլ մը նշանակել իր նախկին ակումբին դէմ: Տակաւին վերջերս վիրաւոր Բիչախչեան նոր վերադարձած էր դաշտ, եւ այդ պատճառով ալ չէր կրցած միանալ ազգային խումբին:
27 տարեկան Վահան Բիչախչեան 60 վայրկեան տեւող մրցումին մասնակցած էր եւ կոլ նշանակած 54-րդ վայրկեանին:


