Լիբանանի ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար երէկ այցելեց Դամասկոս` ընդառաջելով իր սուրիացի պաշտօնակիցին հրաւէրին:
Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Անաս Խաթթապ Դամասկոսի մէջ ընդունած է Հաժժարն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
«Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն, քննարկուեցան երկու նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութեան ու ապահովական համակարգման ամրապնդման կարելիութիւնները, ինչ որ կը ծառայէ երկու եղբայրական երկիրներու եւ ժողովուրդներու շահերուն, ինչպէս նաեւ կ՛ամրապնդէ շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան սիւները»:
Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Անաս Խաթթապ նշեց. «Դամասկոսի մէջ ընդունեցի եղբայրս` Լիբանանի ներքին գործոց նախարար Ահմետ Հաժժարն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումը եղբայրական ու իւրայատուկ էր, եւ անոր ընթացքին քննարկեցինք փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու մէջ գործակցութիւնն ու համակարգումը ամրապնդելու կարելիութիւնները»:
«Խոր կերպով քննարկեցինք Սուրիա-Լիբանան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ զայն բոլոր ոլորտներուն մէջ զարգացնելու մեր հասարակաց նախանձախնդրութիւնը, ինչ որ կը ծառայէ եղբայրական երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու անվտանգութեան ու կայունութեան», նշեց Խաթթապ:
Նշենք, որ Հաժժար Դամասկոս այցելելէ մէկ օր առաջ պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ոլորտները բազմազան եւ շատ ընդարձակ են»` աւելցնելով. «Թէ՛ լիբանանեան, թէ՛ սուրիական պետութիւններուն մօտ այդ գործակցութիւնը կեանքի կոչելու կամք գոյութիւն ունի»:
«Մեր շահերէն կը բխի Սուրիոյ հետ մեր յարաբերութիւններուն լաւագոյն վիճակի մէջ ըլլալը, նկատի ունենալով բազմաթիւ հասարակաց մարտահրաւէրները, սկսելով օրինական անցակէտերէն ու ապօրինի մուտքերէն, հասնելով տնտեսական մեծ շահերուն, որոնք բոլորն ալ յաւելեալ համակարգում կը պահանջեն», ըսաւ ան:
«Իրաքի նախկին երեսփոխան Ահմետ Ալուանիի սպանութեան հարցին մէջ արդիւնքներու հասնելու համար սուրիացի պաշտօնատարներուն հետ համակարգումը կարելի է», նշեց Լիբանանի ներքին գործոց նախարարը` աւելցնելով. «Մեր յոյսը կը կապենք Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին` լուծելու համար ոճիրին հանելուկը, նաեւ արդարադատութեան մէջ հետաքննութեան արդիւնքներուն կը սպասենք»:
Պատասխանելով Պաթրուն-Պշարրէ բջիջին եւ Տահր Պայտարի մէջ պայթուցիկ նիւթերու բացայայտման մասին հարցումի մը` Հաժժար ըսաւ. «Այս դէպքերու բացայայտման մէջ պատահականութիւն կոչուած բան չկայ, այլ արդիւնք է ներքին գործոց նախարարութեան ու ներքին ապահովութեան ուժերու ղեկավարութեան լրջութեան հիմամբ որդեգրուած քայլերուն: Տահր Պայտարի մէջ յաւելեալ բեռ կրող ճիփ ինքնաշարժէ մը կասկածուեցաւ, ինչպէս նաեւ Պշարրէի մէջ ինքնաշարժէ մը կասկածուեցաւ, ձերբակալման քայլեր որդեգրուեցան, եւ հետաքննութիւնը փոխանցուեցաւ արդարադատութեան»:


