Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շաբաթ օր ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ամինէ Մոհամետը:
«Լիբանանեան առաջնահերթութիւնը կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան շարունակութիւնն ու անոր լիազօրութեան երկարաձգումը, միաժամանակ դրականօրէն ընկալելով որեւէ ապահովական բաց կանխարգիլելու համար ՄԱԿ-ի հովանիին տակ այլընտրանքային մեքանիզմի որոնումը», ըսաւ ան:
«Թիւ 1701 որոշումը պէտք է հարաւային Լիբանանի մէջ ապագայ որեւէ դասաւորման իրաւական շրջագիծը մնայ», շեշտեց նախագահը:
«Զէնքի մենաշնորհման հարցի կարգաւորումը կը կատարուի ճամբովը մօտեցումի մը, որ կը ներառէ ապահովական, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, մարդասիրական եւ բարգաւաճման նկատառումները», նշեց Աուն:
Մոհամետ իր կարգին շեշտեց. «Բնակչութեան տառապանքներուն վերջ տալու համար պէտք է ապահովական եւ զինուորական մօտեցումներուն ուղեկցին զարգացման, մարդասիրական եւ հաստատութենական ջանքեր»:


