Տապլինի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին ընթացքին 12 նոյեմբերին հանդիպում ունեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
Հայաստանի կառավարութեան լրատուականի հաղորդագրութեան համաձայն, պետութիւններու ղեկավարները միտքեր փոխանակեցին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան օրակարգի յառաջմղման շուրջ` հիմնուելով 8 օգոստոս 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած խաղաղութեան վեհաժողովի արդիւնքներուն եւ անոր ծիրին մէջ ստորագրուած ուաշինկթընեան միացեալ հռչակագիրին վրայ:
«Քննարկումները կենտրոնացած էին երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան հետագայ ամրապնդման ուղղուած գործնական քայլերուն վրայ, որոնց շարքին` փոխադրական եւ տարանցիկ կապերի զարգացման, տնտեսական ու առեւտրական յարաբերութիւններու, սահմաններու սահմանազատման, ինչպէս նաեւ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու իրականացման շուրջ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Անոնք քննարկեցին «Թրամփի ուղի»-ի զարգացման ընթացքը, անոր երկաթուղային եւ մայրուղիի բաղադրիչներու ծրագրաւորումն ու նախագծումը, ինչպէս նաեւ այս երթուղիով տարանցիկ կապերու հեռանկարները:
Իբրեւ դրական զարգացում նշուեցաւ Ազրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան եւ Հայաստանէն ապրանքներու տարանցումը: Անցեալ տարուան նոյեմբերէն ի վեր Ազրպէյճանի տարածքով Հայաստան տեղափոխուած է ընդհանուր առմամբ 105 հազար թոն բեռ:
Կողմերը նաեւ միտքեր փոխանակեցին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական ու առեւտրական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման կարելիութիւններուն վերաբերեալ, որոնց կարգին քննարկուեցան նաեւ ելեկտրականութեան ցանցերու յառաջիկայ փոխկապակցութեան վերաբերող հարցեր:
Անոնք ընդգծեցին շրջակայ միջավայրի եւ անդրսահմանային ջրային պաշարներու ոլորտին մէջ համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ ողջունեցին անդրսահմանային գետերու կառավարման հարցերով աշխատանքային խումբերու ստեղծումը:
Փաշինեան եւ Ալիեւ վերահաստատեցին խաղաղութեան գործընթացի դրական կշռոյթի պահպանման, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման ամրապնդման վերաբերող երկխօսութեան շարունակութեան կարեւորութիւնը:
Նոյն բովանդակութեամբ հաղորդագրութիւն տարածեց նաեւ ազրպէյճանական կողմը:
Տապլինի մէջ զրոյցներ ունեցան նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալեն Սիմոնեան եւ Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:


