Պայերն Միւնիխի գլխաւոր մարզիչ Վենսան Քոմփանի առողջական վիճակի լուրջ հարցերէ տառապելէ եւ հիւանդանոց մնալէ ետք վերադարձաւ ակումբին կեդրոնը` «Զապեներ Շթրասէ»-ի մէջ:
Անցեալ հոկտեմբերին Պայերն Միւնիխ իր դաշտին վրայ հիւրընկալած էր Ռետ Պուլ Լայփցիկը, ուր մրցումին ընթացքին պելճիքացի Քոմփանին առաջին անգամ ըլլալով նստած կը դիտէր մրցումը:
Այդ օր (17 հոկտեմբերին) ան նոյնիսկ չմասնակցեցաւ մրցումէն ետք մամլոյ ասուլիսին, եւ ակումբին մէկ բանբերը յայտնած էր, որ ան առողջական հարց մը ունի: Քանի մը օր ետք, Արսենալի դէմ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումին, ան վերջին անգամ դաշտ ներկայացած էր` 5 յաջորդական մրցումներ բացակայելով: Վենսան Քոմփանի նոյնիսկ հիւանդանոց անցուցած էր քանի մը օր` իր հիւանդութեան պատճառով, երբ փորձի պահուն ուշքը կորսնցնելով ինկած եւ ուսին ոսկորն ալ կոտրած էր:
Պայերնի ֆիզիքական բժիշկները վերականգնելու փուլ կ՛անցընեն անոր ուսին գծով, մինչ անոր մարզիչի պարտականութիւնները ժամանակաւոր ձեւով կը կատարէ անգլիացի Արոն Տենքս:
Պէտք է ըսել, որ Տենքսի հետ Պայերն 6 մրցումներուն 5-ը յաղթած է միայն Տորթմունտին դէմ (2-2) ձախողելով:


