Անցեալ յունուարին Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ նշանակուած էր ակումբին նախկին միջնապահ Մայքըլ Քարիք` փոխարինելով Ռուպին Ամորիմը: Քարիք մինչեւ անցեալ տարեշրջանի աւարտը առաւելագոյն կէտերը ձեռք ձգեց եւ ընտրուեցաւ «Փրեմիեր լիկ»-ի լաւագոյն մարզիչ:
Եունայթըտ, քաջալերուած իր ձեռք ձգած արդիւնքներով, անոր նոր պայմանագրութիւն ապահովեց 2 տարուան համար` 3-րդ դիրքին հասնելէ ետք:
Սակայն այս տարեշրջանին ըստ երեւոյթին «կարմիր սատանաներ»-ու ղեկավարները կը կարծէին, որ միջակ մակարդակի մարզիկներ ձեռք ձգելով մարզիչը հրաշքներ պիտի կատարէր, բան մը, որ… չպատահեցաւ:
Եունայթըտ «Փրեմիեր լիկ»-ի իր վերջին 8 մրցումներուն չէ կրցած յաղթել եւ 18-րդ դիրքը կը գրաւէ, 1 կէտով միայն աւելի` վերջին դիրքը գրաւող Քրիսթըլ Փելեսէն:
Եունայթըտի յաջորդ մրցակիցը «ոխերիմ թշնամի» Լիվըրփուլն է 22 նոյեմբերին, եւ ըստ երեւոյթին անոնք նոր մարզիչով պիտի խաղան:
Այդ մարզիչն ալ շատ հաւանաբար ըլլայ արժանթինցի Մաուրիսիօ Փոչեթթինոն, որ կը մարզէ Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբը:
Անգլիական ակումբին ղեկավարութիւնը խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ` վերջնական համաձայնութիւնները գոյացնելու համար: Այդ համաձայնութիւններուն լոյսին տակ արժանթինցի մասնագէտը պիտի վերադառնայ Անգլիա:
Փոչեթթինօ 2013-ին մարզած էր Սաութհեմփթընը, 2014-ին` Թոթենհամը, ապա Ֆրանսա մեկնած էր մարզելու Փարիզ Սեն Ժերմենը մէկ եղանակի համար (2021-2022): 2023-ին ան միացած էր Չելսիին, որմէ տարի մը ետք ստանձնած էր Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբը:


