Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան` իբրեւ Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի ներկայացուցիչ, մասնակցեցաւ բացումին «Ֆիթնես Փաուըր Էքսփօ 2026» ցուցահանդէսին, որ կարեւոր փուլ է Լիբանանի մէջ մարմնակրթութեան եւ ֆիզիքական պատրաստուածութեան ոլորտի խթանման գործին մէջ` ընդգծելով այս ոլորտի զարգացումը եւ այն կարելիութիւնները, որոնք կ՛առաջարկէ ներդրումներու, նորարարութեան եւ մարմնակրթական արդիւնաբերութեան ու ծառայութիւններու զարգացման համար:
Նախարարը հանրապետութեան նախագահի ողջոյնն ու մարմնակրթական մշակոյթի եւ ֆիզիքական պատրաստուածութեան մշակոյթի ամրապնդման նպաստող բոլոր նախաձեռնութիւններուն նկատմամբ բարձր գնահատանքը:
Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահը կ՛աջակցի մարմնակրթութեան եւ զօրավիգ կը կանգնի այն բոլոր ջանքերուն, որոնք կը թափուին մարմնակրթութեան զարգացման եւ անոր միջոցով Լիբանանի անունը շրջանային ու միջազգային հարթակներու վրայ բարձրացնելու համար:
Նախարարը ընդգծեց բոլոր ոլորտներուն միջեւ ջանքերու համարկման եւ մարմնակրթութեան ոլորտին մէջ գործող հաստատութիւններու եւ ընկերութիւններու հետ գործընկերութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը` Լիբանանի մարմնակրթական միջավայրի զարգացման նպաստելու եւ երիտասարդներու ու մարզիկներու համար յոյսի նոր հորիզոններ բանալու համար:
Պայրագտարեան եզրափակեց շնորհաւորելով ցուցահանդէսի կազմակերպիչները` մաղթելով, որ անիկա հարթակ մը ըլլայ հանդիպումներու, փորձառութեան փոխանակման եւ նախաձեռնութիւններու, որոնք պիտի ընդլայնեն Լիբանանի դիրքը մարմնակրթութեան եւ ֆիզիքական պատրաստուածութեան քարտէսին վրայ:


