Իրաքցի նախկին երեսփոխան Ահմետ Ալուանի Պէյրութի Թարիք Ժտիտէ շրջանին մէջ գտնուող յարկաբաժինի մը մէջ սպաննուած գտնուեցաւ:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ իրաքեան դեսպանատունն ու Իրաքի դեսպանը անձամբ կը հետեւին իրաքցի նախկին երեսփոխանի Պէյրութի մէջ անհետացման հարցին եւ անմիջական կապի մէջ են լիբանանեան ապահովական մարմիններու եւ Ալուանիի ընտանիքին հետ` դէպքին մանրամասնութիւնները իմանալու համար: Գոյութիւն ունէր այն վարկածը, որ ան կրնայ առեւանգուած ըլլալ:
Ընդհանուր դատախազ Ահմետ Ռամի Հաժ մօտէն կը հետեւի իրաքցի նախկին երեսփոխանի սպանութեան նախնական հետաքննութեան: Ան ստանձնած է թղթածրարը եւ ուղղակի կերպով կը վերահսկէ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ կատարուող հետաքննութեան:
Ալուանիի գրասենեակը հաղորդեց, որ ան հինգշաբթի, 5 նոյեմբերին Էրպիլէն Պէյրութ հասած էր:


