Պուտափեշտի մէջ (Հունգարիա) տեղի կ՛ունենայ «Թոթըլ Չես Ուորտ Չեմփիոնշիփ» մրցաշարքը, ուր կը մասնակցին 24 վարպետներ:
Մրցաշարքը սկսաւ կայծակնային մրցաշարքով, ուր Հայաստանի ներկայացուցիչ Հայկ Մարտիրոսեան 13-րդ դիրքը գրաւեց 4,5 կէտ հաւաքելով կարելի 9-էն, 4 յաղթանակ, մէկ հաւասարութիւն եւ 4 պարտութիւն արձանագրելէ ետք:
Մարտիրոսեան յաղթեց Ապհիմանիու Միշրային, Շահրիար Մամետեարովին, Եորտըն Վան Ֆորեսթին ու Վայշալի Ռամեշպապուին եւ հաւասարութիւն արձանագրեց Նոտերբէկ Ապտուսաթորովի հետ: Մարտիրոսեան պարտուեցաւ Եան Նեփոմնիաշչիէն, Ֆապիանօ Քարուանայէն, Ալերեզա Ֆիրուճայէն եւ աշխարհի թիւ 1 Մակնուս Քարլսենէն:
Կայծակնային մրցաշարքը տեղի ունեցաւ շուէտական ձեւով, որ 9 հանգրուաններէ կը բաղկանար` 3 վայրկեան, ամէն շարժումին համար երկու յաւելեալ երկվայրկեանով:
Յաջորդ խմբային փուլը տեղի կ՛ունենայ այսօր, Մարտիրոսեան Գ. խմբակին մէջ պիտի մրցի Քարլսենի, Անիշ Կիրիի, Եան Նեպոմնիաշչուի, Ապհիմանիու Միշրայի եւ Շահրիար Մամետեարովի դէմ: Բ. հանգրուանի մրցումները արագ ճատրակի օրէնքներով տեղի պիտի ունենան 45 վայրկեաններու ընթացքին, իւրաքանչիւր շարժումի համար 30 երկվայրկեանի յաւելումով: Յաղթանակին կը շնորհուի 3 կէտ, իսկ հաւասարութեան` 1 կէտ:


