Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փանքին. «Հայաստան Կը Փորձէ Իր Որոշումներուն Համար Պատասխանատուութիւնը Բարդել ՀԱՊԿ-ի Վրայ»

November 10, 2026
| Առողջապահական - Բժշկագիտական, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան կը փորձէ իր որոշումներուն համար պատասխանատուութիւնը բարդել ՀԱՊԿ-ի վրայ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ալեքսանտր Փանքին

Ան ուշադրութեան հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Հայաստանը սառեցուցած է ՀԱՊԿ-ին իր մասնակցութիւնը եւ չի վճարեր անդամավճարները, երկիրը տակաւին կը շարունակէ մնալ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ:

«Մենք Երեւանը դուրս չենք ձգեր մեր համագործակցութեան շրջանակէն` հայ գործընկերներուն համար պահպանելով միաւորման շրջանակին մէջ մշակուող բոլոր որոշումներուն միանալու կարելիութիւնը, ինչ որ, ի վերջոյ, լիովին պիտի համապատասխանէր անոնց շահերուն:

«Ցաւօք, հայկական կողմէն ընդառաջ քայլեր չենք նկատեր: Ընդհակառակն` ակնյայտ են որդեգրուող որոշումներու համար պատասխանատուութիւնը ուրիշներու վրայ բարդելու փորձերը», ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ Փանքին նախապէս յայտնած էր, որ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդը կրնայ Հայաստանը կազմակերպութեան մէջ ձայնի իրաւունքէն զրկելու որոշում որդեգրել:

Անդրադառնալով Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութեան` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան միանալու վերաբերեալ հանրաքուէն պէտք է նախորդէ դիմումի ներկայացման:

«Փաշինեանի խումբի նախաձեռնած` Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի համար տեղի որոնումը յանգեցուցած է տարակերպ իրավիճակի, երբ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութենէն ստացուած իրական օգուտները կ՛օգտագործուին մէկ այլ համարկման պլոքի անցնելու անիրական գաղափարը յառաջ մղելու համար», ըսած է Փանքին:

Անոր համաձայն, ստեղծուած հանգամանքներուն մէջ օրինաչափ տրամաբանական ելքը պիտի ըլլար հանրաքուէն, ուր Հայաստանի ժողովուրդը, ինչպէս նախատեսուած է երկրին սահմանադրութեամբ, պիտի արտայայտէր իր կամքը իր հետագայ համարկման ուղղուածութեան վերաբերեալ:

«Տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ սկիզբը պէտք է հանրաքուէ կատարել եւ ժողովուրդին հարցնել, իսկ ետքը պաշտօնական դիմում ներկայացնել Պրիւքսել, այլ ոչ թէ հակառակը, ինչի վրայ վերջին շրջանին հրապարակաւ կը պնդէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը», նշած է Փանքին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը բացատրած է, որ եթէ դիմումը ներկայացուի, ժողովուրդին կարծիքը այլեւս ոչ ոքի պիտի հետաքրքրէ:

«Անիկա ակնյայտ առաւելութիւններու առարկայական ընկալման համար, որոնք Հայաստանը ստացած է իբրեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ, եւ համարկման կապերու խզումէն հաւանական կորուստներու համար վերջերս հանրութեան ներկայացուած է Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու միացեալ յայտարարութեան կատարման ծիրին մէջ պատրաստուած զեկուցումը` Հայաստանի նկատմամբ ԵԱՏՄ-ի պայմանագիրի գործողութեան կասեցման հաւանական հետեւանքներու մասին», յիշեցուցած է փոխնախարարը:

Ան յստակացուցած է, որ զեկուցումին մէջ շարադրուած բեմագրութիւնը կը դիտարկուի իբրեւ ծայրայեղ միջոց` տնտեսական անվտանգութեան վտանգները եւ միութեան անդամ պետութիւններու համար վնասը կանխարգիլելու նպատակով:

«Արդեօք ատիկա պիտի իրականացուի՞, կախեալ է Եւրասիական տնտեսական միութեան միւս անդամ պետութիւններուն մօտ յառաջացած մտահոգութիւնները փարատելու հայկական ղեկավարութեան պատրաստակամութենէն», նշած է Փանքին:

Ան յայտնած է, որ առայժմ այդ հաշուով Մոսկուայի մէջ Երեւանէն կառուցողական ազդակներ չեն ստացած:

 

 

Նախորդը

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

RelatedPosts

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին
Հայկական

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին

November 9, 2026
Ալիեւ Հայերը Դարձեալ Կը Մեղադրէ  Արցախի Մէջ «Քանդումներ Կատարելու» Յանցանքով
Հայկական

Ալիեւ Հայերը Դարձեալ Կը Մեղադրէ Արցախի Մէջ «Քանդումներ Կատարելու» Յանցանքով

November 9, 2026
Զախարովա. «Ալեն Սիմոնեանի Ռուսիոյ Հասցէին  Մեղադրանքները Կը Խեղաթիւրեն Ճշմարտութիւնը»
Հայկական

Զախարովա. «Ալեն Սիմոնեանի Ռուսիոյ Հասցէին Մեղադրանքները Կը Խեղաթիւրեն Ճշմարտութիւնը»

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.